Jump to content

Սերպիոյ Հայերը

Սերպիոյ դրօշակը

Սերպիոյ Հայերը բնակած են Ժէ.-Ժը. դարերուն, երբ հոն վերաբնակուած են մեծ թիւով պաւլիկեաններ, ապա հայ առաքելականներ ու քաղկեդոնականներ։ Կան տեղեկութիւններ Պիթոլի (Պիթոլյէ/Bitola) եւ Օվրիղի փոքրաթիւ հայ համայնքներուն վերաբերեալ, ուր կը յիշուի նաեւ Արմենոֆոր գիւղը։ Սերպիոյ Վիտովնիցա Վանքային համալիրի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ (կառուցուած է 1218-ին) պատին վրայ գոյութիւն ունին Ժբ. դարու վերջաւորութեան Ժգ. դարու սկիզբը սերպերէն եւ հայերէն շինարարական արձանագրութիւններ։ Յայտնի է, որ սերպ առաջին Արք. Ս. Սաւան Արեւելք ճամբորդած էր Հայաստան եւ շինարար-վարպետներ հրաւիրած էր սերպական եկեղեցիներ կառուցելու համար։ Ըստ սերպական աւանդութեան՝ հայերը, որոնք թրքական զօրքի մաս կը կազմէին 1389-ի Քոսովոյի ճակատամարտին (kosovo), չկարենալով կռուիլ քրիստոնեաներուն դէմ, թաքնուած են Սոկոբանիա քաղաքին մօտ գտնուող Օզրեն լերան վրայ, ուր կառուցած են Ցերմենչիչ վանքը (1392-ին, կանգուն է մինչեւ այսօր), եւ այնտեղի բնակիչներու շրջանը յայտնի է իբրեւ Հայկական վանք։ 1430-ին Խրուաթիոյ Տուպրովնիք քաղաք ժամանած է Հռոմ ուղեւորուող հայազգի եպիսկոպոս մը։ Ժգ.- Ժդ. դարերուն Տուպրովնիքի մէջ կար Կիլիկիացի հայ վաճառականներու փոքրաթիւ գաղութ մը։ Սերպիա Օսմանեան տիրապետութեան տակ անցնելէ ետք տեղի հայերուն թիւը աճած է առեւտրական ճամբաներու վրայ գտնուող Նիշ, Պիրոտ, Պելկրատ քաղաքներուն մէջ։ Հայ առեւտրականներ բնակութիւն հաստատած են Պոսնիա եւ Հերցեկովինա։ Ժէ. դարուն սկիզբը հայեր կային նաեւ Սքոպլէ (Սքոպէյ/Scobey ) եւ Սարանօ (Սարայհօ) քաղաքներուն մէջ։ 1611-ին ճամբորդ-ուղեգրող Սիմեռն Լեհացին Սքոպլէի մէջ հանդիպած է հայ այգեգործ երեք ընտանիքներու, իսկ Սարանոյի՝ չորս հայ վաճառականներու։ Հայերը ապրած են Նիշի մէջ, Օսյեկ քաղաքները եւ Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զակրէպ։ Աւստրիական հովանաւորութեան տարիներուն Պելկրատի հայ համայնքը արտօնութիւններ ստացած է եւ նոյնիսկ կառուցած՝ սեփական եկեղեցի։ Պելկրատահայերու հոգեւոր հովուութիւն ստանձնած է Վենետիկի Մխիթարեաններու Միաբանութիւնը: Սերպիա հաստատուած հայերը կառուցած են եկեղեցիներ գրեթէ բոլոր այն բնակավայրերուն մէջ, ուր եղած են քիչ թէ շատ կազմակերպուած համայնքներ։ Սակայն իշխանութիւններու հրամանով (վերջին եկեղեցին քանդուած է Նովի Սադի մէջ՝ 1963-ին) եկեղեցիները ժամանակի ընթացքին աւերուած կամ քանդուած են։ Եկեղեցիներուն կից գործած են հայկական դպրոցներ։

Հայկական միութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1932-ին պելկրատահայերը հիմնած են միութիւն մը հայկական ակումբով, որ գործած է մինչեւ 1941 եւ ժամանակաւորապէս դադրեցուցած են գործունէութիւնը Բ. համաշխարհային պատերազմի տարիներուն, իսկ 1952-ին Սերպիոյ համայնավարական իշխանութիւնները փակած են զայն։ 1950-ական թուականներուն Հարաւսլավիոյ տարածքը բնակուած է շուրջ 2500-3000 հայերով։ Փետրուար 1990-ի Պելկրատի հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի երաժշտական հաղորդումներու գլխաւոր խմբագիր, Սերպիոյ երաժշտութեան ակադեմիոյ փրոֆեսոր, երգահան Վարդգէս Պարոնեանի նախաձեռնութեամբ ստեղծուած է սերպ-հայկական մշակութային կեդրոնը։ Մեծամասնութեամբ կը բնակին Պելկրատի մէջ, սակաւաթիւ հայ ընտանիքներ կան նաեւ Սերպիոյ Նովի Սատ (Novi sad) եւ Սրեպրենիցա ٍ(Srebrenitsa) քաղաքներուն մէջ։ Հայ համայնքին եւ Հայաստանէն գաղթած հայերու մասնակցութեամբ վերականգնած է Սերպիոյ Հայոց միութիւնը։

1955-ին Պելկրատի մէջ հիմնադրուած եւ պաշտօնապէս արձանագրուած է նոյնպէս նոր միութիւն մը իր ընտրովի մարմինով, որ կը ղեկավարէ միութեան աշխատանքները։ Միութեան նախագահն է նկարիչ Միոտրագ Վարդապետեան։ 1995-ին Սերպիոյ Հայոց միութեան նախաձեռնութեամբ Պելկրատի մէջ բացուած է կիրակնօրեայ դպրոց մը, ուր կը դասաւանդեն հայոց լեզու եւ պատմութիւն, հայ գրականութիւն եւ երաժշտութիւն։

27 Յունիս 1993-ին Հայկական Ժողովրդային շարժումին եւ Սերպ-հայկական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ Սերպիոյ խորհրդարանը ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւը։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։