Սեպուհ Արք. Չուլճեան

Սեպուհ Արք. Չուլճեան
Ծնած է 24 Մարտ 1959(1959-03-24)
Ծննդավայր Մալաթիա, Թուրքիա
Մահացած է 19 Նոյեմբեր 2020(2020-11-19)[1] (61 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստան
Քաղաքացիութիւն  Հայաստան
Ուսումնավայր Գէորգեան Հոգեւոր Ճեմարան
Ներսէսեան վարժարան
Տէր Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեան, առաջնորդ Գուգարաց թեմի

Տէր Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեան (24 Մարտ 1959(1959-03-24), Մալաթիա, Թուրքիա - 19 Նոյեմբեր 2020(2020-11-19)[1], Երեւան, Հայաստան), Հայաստանեաց Առաքելական եկեղեցւոյ Գուգարաց թեմի առաջնորդ։ Եղած է Հրանդ Տինքի ամենամօտ ընկերը։[աղբիւրի կարիք ունի]

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է 24 Մարտ 1959-ին, Թուրքիայի Մալաթիա քաղաք։ Նախնական կրթութիւնը ստացեր է Կ. Պոլսոյ Ներսէսեան վարժարան (Թուրքիա)|Ներսէսեան վարժարան]]։ 1969 թուականին ընտանիքով հայրենադարձեր է Հայաստան եւ բնակութիւն հաստատեր Գիւմրի քաղաք, ուր շարունակեր եւ աւարտեր է միջնակարգ կրթութիւնը։

1978 թուականին ընդունուեր է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր ճեմարան։ 1979 թուականին զօրակոչուեր է խորհրդային բանակ եւ զօրացրուելէն յետոյ շարունակեր ուսումը Հոգեւոր ճեմարանին մէջ։ 1985 թուականի դեկտեմբերին սարկաւագ ձեռնադրուեր է՝ ձեռամբ Մայր Աթոռի Լուսարարապետ Տէր Յուսիկ արքեպիսկոպոս Սանթուրեանի։ 1986 թուականի մարտին պաշտպաներ է աւարտաճառ՝ Ղուկաս Խարբերդցու թարգմանչական գործունէութիւնը թեմայով։ Հոգեւոր ճեմարանը աւարտելէն յետոյ ծառայութեան անցեր է Վեհարան Վազգէն Ա Հայրապետի մօտ՝ որպէս քարտուղար։ 1987 թուականի Յունիս 7-ին, Հոգեգալստեան տօնին, ձեռամբ Տէր Ներսէս արքեպիսկոպոս Պոզապալեանի, ձեռնադրուեր է կուսակրօն քահանայ (աբեղայ)։ Յետ ձեռնադրութեան շարունակեր է ծառայութիւնը Վեհարանին մէջ։ 1987 թուականի սեպտեմբերին Վազգէն Ա Վեհափառ Հայրապետի կարգադրութեամբ նշանակուեր է Գէորգեան Հոգեւոր ճեմարանի փոխտեսուչ։

1989 թուականի նոյեմբերին պաշտպաներ է վարդապետական աւարտաճառ՝ «Պահքը Հայաստանեաց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ» թեմայով։ 1990 թուականին Վազգեն Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ նշանակուեր է Զուիցերիայի Ժընեւ քաղաքի հայ համայնքի հոգեւոր հովիւ։ 1991 թուականին հրաւիրուեր է Մայր Աթոռ եւ նշանակուեր Շիրակի թեմի փոխառաջնորդ։ 1995 թուականի Յունիս ամիսէն Գարեգին Ա Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմէ զբաղեցուցեր է Մայր Աթոռի պահեստային տնտեսութեան գոյքագրման յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնը։ Նոյն թուականի հոկտեմբեր ամիսէն նշանակուեր է կառավարութեան կողմէ Մայր Աթոռին վերադարձուող շէնքերու, շինութիւններու ու հողատարածութիւններու ընդունման յանձնաժողովի նախագահ։ 1996 թուականին ընդգրկուեր է որպէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի ներկայացուցիչ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մարդասիրական օգնութեան կեդրոնական յանձնաժողովին մէջ։

15 Յունիս 1997-ին ձեռնադրուեր եւ Օծուեր եպիսկոպոս՝ ձեռամբ Ն.Ս.Տ. Տ. Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի։ 2000 թուականի նոյեմբերին նշանակուեր է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամ։ 2002 թուականին հիմնադրեր է Ծիծեռնակ ճամբարը։ 2002 թուականի հոկտեմբերին ընտրուեր է Բնութեան եւ հասարակութեան մասին գիտութիւններու միջազգային ակադեմիայի հայկական մասնաճիւղի իսկական անդամ։ 2004 թուականի դեկտեմբերին պարգեւատրուեր Է Վանաձորի պետական մանկավարժական հիմնարկի յուշամետալով։ 2005 թուականի Յունուարին պարգեւատրուեր է հայ ժողովուրդի բարեկամ եւ մեծ մարդասէր Ֆրիտիֆ Նանսէնի անուան ոսկի յուշամետալով։ 2006 թուականին վարչապետ Անդրանիկ Մարգարեանի կողմէ պարգեւատրուեր է ՀՀ վարչապետի յուշամետալով՝ «Պետութիւն-Եկեղեցի» փոխյարաբերութեան ամրապնդման գործին մէջ ունեցած աւանդի համար։ 2007 թուականին դադրեր է անդամակցութիւնը Գերագոյն Հոգեւոր խորհուրդին մէջ։ 2010 թուականի Դեկտեմբերի 26-ին «Լոռուայ ձոր» հայրենակցական միութեան կողմէ «Յովհան Օձնեցի իմաստասէր կաթողիկոսի հետեւորդ» կոչում շնորհուեր է։ 2012 թուականի Մայիսի 17-ին Գարեգին Բ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով շնորհուեր է «Արքութեան» պատիւ Սեպուհ Սրբազանի քահանայագործութեան 25-ամեակի եւ առաջնորդութեան 15-ամեակի առթիւ: 2015 թուականի Փետրուար 24-ին՝ Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի ծննդեան 150-ամեակին ընդառաջ՝ ՀՀ ՊՆ նախարար Սեյրան Օհանեանը Սեպուհ արք. Չուլճեանին պարգեւատրեց «Անդրանիկ Օզանեան» մետալով զինծառայողներու հոգեւոր եւ հայրենասիրական դաստիարակութեան գործին մէջ ունեցած անուրանալի աւանդին համար, ինչպէս նաեւ ՀՀ Զինուած Ուժերու կազմաւորման 23-րդ տարեդարձի առթիւ: 2016 թուականին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նշանակուեր է Կարգապահական յանձնախումբի անդամ: 2017 թուականին լրացաւ Տեր Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանի քահանայական ձեռնադրութեան 30, եպիսկոպոսութեան 20 եւ առաջնորդութեան 21 տարին: 2017 թուականի Յունիսին ընտրուեր է Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի անդամ: 2018թ. Սեպուհ արք. Չուլճեանը որպէս առաջնորդ կը շարունակէ ծառայութիւնը Գուգարաց թեմին մէջ:

Աւանդը Գուգարաց Թեմի մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

1996 թուականի Յունիս 3-ին Հայրապետական Սրբատառ Կոնդակով նշանակուեր է Գուգարաց թեմի (Լոռու եւ Տավուշի մարզեր) առաջնորդ։

1996 թուականէն Սեպուհ Սրբազանի առաջնորդութեամբ՝ հասարակութիւն-եկեղեցի կապը Լոռու մարզի մէջ աննախընթաց ձեռքբերումներ ունեցաւ. այդ պայմանաւորուած էր առաջնորդի որդեգրած հոգեւոր իմաստուն քաղաքականութեամբ: Հայ հասարակութեան մեջ Սովետական անաստուածութեան եւ Սովետական արժէքային համակարգի ու գաղափարաբանութեան դուրս մղումով՝ հայ ժողովուրդն ու եկեղեցին որդեգրեցին նոր մօտեցումներ, նոր հայեցակարգ ազգային, մշակութային, բարոյական ու կենցաղավարման հարցերու մէջ:

Ստեղծուած հիմնարար եւ մնայուն արժէքներէն յատկապես յիշատակութեան արժանի են ազգային, հոգեւոր-եկեղեցական մշակոյթի ու աւանդոյթներու մատչելի մեկնաբանութեամբ մատուցուող եւ հասարակութեան հոգեւոր կեանքը բարելաւող քարոզչական ու հոգեմտաւոր աշխատանքները:

Անցնող տարիներուն թեմի առաջնորդի եւ մարզային իշխանութիւններու միջեւ ձեւաւորուեցաւ եկեղեցական եւ պետական հանդիսութիւններն ու միջոցառումները կանոնակարգող մշակոյթ` յարգանքի, վստահութեան, փոխադարձ համագործակցութեան եւ սիրոյ մթնոլորտի մէջ:

Լոռու մարզի մէջ Սրբազանը, իբրեւ տիպար հոգեւորական, իր հայրենաշունչ խօսքով ու արդար գործերով երիտասարդութեան, դպրոցականներու եւ ժողովուդի սիրտին ու միտքին մէջ ձգած է եկեղեցասիրութեան ու ազգասիրութեան խորհրդանիշ առաջնորդի համբաւ:

Առաջնորդի նախաձեռնութեամբ, ինչպէս նաեւ հայաստանաբնակ եւ սփիւռքահայ բարերարներու նիւթական ու բարոյական աջակցութեամբ` Գուգարաց թեմի մէջ առաջնորդարանի, հովուատներու, եկեղեցիների, մատուռներու ու ճամբարային համալիրներու կառուցումն ու բարեկարգչական լայնածաւալ աշխատանքները տեղական իշխանութիւններու ու լոռեցի բարեպաշտ ազգաբնակչութեան կողմէ առանձնայատուկ վերաբերմունքի, օրհնութեան, արդար գնահատականի եւ պատուի արժանացեր են:

Վանաձորի մէջ Թաիրովներու պատմական շէնքի` իբրեւ առաջնորդարան վերակառուցումն ու տարածքի բարեկարգումը առանձնակի շքեղութիւն պարգեւեց հնամենի քաղաքին: Դեռ խորհրդային շրջանէն թեմի մէջ կը գործէին միայն Վանաձորի Սբ. Աստուածածին եւ Ստեփանաւանի Սբ. Սարգիս եկեղեցիները:

1996-2018թթ. Սեպուհ Սրբազանի անմիջական նախաձեռնութեամբ անցնող 21 տարիներուն նորովի կառուցուեցաւ եւ վերանորոգուեցաւ 45 վանք ու եկեղեցի, եւ 25 մատուռ: Այժմ թեմի մէջ իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը կը մատուցեն 17 հոգեւոր հայրեր:

Կրթադաստիարակչական ծառայութիւններու շարքին արժանի է մատնանշել Վանաձորի մէջ «Ծիծեռնակ» եւ Հրանտ Տինքի անուան «Կռունկ» թեմապատկան ճամբարներու հիմնական վերակառուցումը, կահաւորման դժուարին աշխատանքներու իրականացումը:

Ճամբարներուն տասներեք տարի շարունակ անվճար կը կազմակերպուէին 1000-1500 դպրոցականներու հանգիստն ու ռազմահայրենասիրական դաստիարակութեան աշխատանքները: Հրանտ Տինքը առանձնակի ուրախութիւն եւ մեծ գոհունակութիւն ապրեր է, իբրեւ Սեպուհ Սրբազանի համերկրացի ու բարեկամ, երբ այցելեր է Վանաձոր, այցելելով  «Ծիծեռնակ» ճամբար եւ  գրկախառնուեր ու արտայայտուեր է.- «Դուն ալ ինձի նման խենթ ես...»:

Տարիներ ի վեր թեմի մէջ իրականացուած է մարդասիրական, հասարակական, աղքատախնամ, սնունդի ու հագուստի բաշխման «Ձեռք մեկնիր»  ծրագիրը, որմով օգներ են 1000-աւոր ընտանիքներու, եւ բնակարաններու յատկացման «Ձեռք մեկնիր եղբօրդ» ծրագիրը, որմով բնակարաններ բաշխուեր են երկու տասնեակէն աւելի ընտանիքներու:

Որպէս թեմակալ առաջնորդ՝ Սեպուհ սրբազանը հաստատակամ ու իր ժողովուրդի պայծառ տեսլականով առլեցուն, աննահանջ գաղափարի տէր անհատականութիւն էր: Ան յանուն Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ եւ հայոց պետականութեան հզօրացման` անմնացորդ սիրով կը շարունակէ իր ծառայութիւնը Գուգարաց թեմին մէջ` հաւատարիմ իր ուխտին եւ ի սէր ժողովուրդի ու հայրենիքի:

2018 թուականին Հրանտ Դինքի անուան «Կռունկ» եւ «Ծիծեռնակ» ճամբարները սկսան գործել նաեւ ներառական սկզբունքով, իրենց յարկի տակ ընդունելով ֆիզիքական սահամանափակ միջոցներով եւ այլ խնդիրներ ունեցող կամ առանձնայատուկ պայմաններու կարիք ունեցող պատանիներու եւ երեխաներու:

Արքութեան պատիւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

17 Մայիս 2012-ին Գարեգին Բ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով շնորհուեր է Արքութեան պատիւ Սեպուհ Սրբազանի քահանայագործութեան 25-ամեակի եւ առաջնորդութեան 15-ամեակի առթիւ։

Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններու թեկնածու  (2010)[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2010 թուականին Տէր Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանը  Պոլսոյ Հայոց  աթոռակից- պատրիարքական ընտրութիւններուն Հայաստանի Հանրապետութիւնէն միակ թեկանածուն է։ Ան, ծնած ըլլալով Թուրքիայի Մալաթիա քաղաքը, կը հանդիսանայ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան չորս թեկնածուներէն մէկը:

Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեան պոլսահայութեանը կը խոստանար. Կոստանդնուպոլսոյ Հայկական պատրիարքարանը դարձնել հոգեւոր եւ մշակութային կամուրջ Երեւանի, Անկարայի եւ հայկական սփիւռքի միջեւ՝ յատկապես կարեւորելով հայերու եւ թուրքերու միջեւ երկխօսութիւնը։ Փրկել արեւմտահայերէնը եւ այն զօրացնել Ստամբուլի հայկական դպրոցներում, պատրաստել հայերէնի ուսուցիչներ եւ հոգեւորականներ:

Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիայի Հանրապետության միջեւ դիվանագիտական հարաբերությունների բացակայության պայմաններում Սրբազանը նախատեսում էր հասարակութyան  առաջադeմ հատուածներու օգնութեամբ վերականգնել երբեմնի ժողովրդական դիւանագիտությունը եւ նպաստել  մշակութային արժէքներու փոխադարձ ճանաչմանն ու պահպանմանը:  Մարդասիրական տարբեր ծրագիրներու լայնածաւալ ու համակողմանի իրականացման կողմնակից էր: Ունէր նուիրական զգացումներ իր ծննդավայր Մալաթիայի ու պոլսահայ համայնքի նկատմամբ:

2010 թուականի Փետրուար 10-17 Սեպուհ Սրբազանը, Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի փոխանորդ Շահան արքեպիսկոպոս Սվաճեանի հրաւէրով ՝ իբրեւ պատրիարքութեան թեկնածու, Ստամբուլի տարբեր եկեղեցիներուն  եւ բազմամարդ դահլիճներուն համայնքի հետ հետաքրքիր հանդիպումներ ունեցեր է։ Սրբազանը, շարունակելով Հրանդ Տինքի ուղին, կը պնդէր, որ Հայոց Պատրիարքարանը պէտք է մեծ քաղաքականութիւնէն զերծ մնայ եւ սահմանափակուի հոգեւոր-եկեղեցական, մշակութային ու բարեսիրական գործունէութեան շրջագիծին մէջ։ Ստամբուլի հայկական համայնքին մէջ լուրջ ոգեւորութիւն առաջացացուր էր, հայաստանցի թեկնածուի ի յայտ գալը, որ այդ օրերուն դարձաւ ընտրութիւններու հաւանական նախասիրուածը ։ Համայնքային եւ թրքական օրաթերթերը եւս իրենց էջերուն արձագանգեցին եւ անդրադարձան Սրբազանի հանդիպումներուն, կենսագրութեանն ու վաստակին: Սակայն 2010 թուականի Յունիսի 29-ին թրքական կառավարութիւնը արգիլեց պատրիարքական ընտրութիւնները:

Պոլսոյ աթոռի ամենատարեց հոգեւորական Շահան արքեպիսկոպոս Սվաճեանը, որ Մեսրոպ Պատրիարքի կողմէ նշանակուած էր փոխանորդ, անհասկանալի պատճառով շուտափոյթ հրաժարական տուաւ, եւ քանի մը ժամ անց պատրիարքութեան Կրօնական ժողովը  նոյն թուականի Յուլիս 1-ին՝ ուշ գիշերին հապշտապ պատրիարքական փոխանորդ ընտրեց Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշեանին։

15 Յուլիս 2010-ին Թուրքիայի հայ համայնքին ուղղուած նամակին արքեպիսկոպոս Սեպուհ Չուլճեանը նշեր է, որ թրքական կառավարութեան միջամտութիւնը կը հակասէր ազգային փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ իր իսկ ընդունուած նոր սահմանադրական քաղաքականութեանը։ Մինչդեռ, Հայոց պատրիարքի ընտրութիւնը հայ-թրքական յարաբերութիւններու շրջագիծին մէջ, թէ´ թրքական եւ թէ´ հայկական կողմին համար առանց երրորդ պետութիւններու միջնորդութեան եւ երկու պետութիւններու միջեւ բարի կամքի արտահայտութեան լաւագոյն միջոցն էր կողմերու համար:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]