Jump to content

Ծիծեռնակ ճամբարը

Ծիծեռնակ ճամբարին խորհրդանշանը

«Ծիծեռնակ ճամբար»ը Հայաստանի Լոռիի մարզի Վանաձոր քաղաքի գրեթէ ամենէն ծանօթ հաստատութիւններէն է, որուն մէջ ամէն տարի Հայաստանի զանազան մարզերէն եւ սփիւռքէն բազում մանուկներ ամրան շրջանին կը կազդուրուին։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ճամբարը, 1998-ին կը գտնուէր Գուգարաց թեմի իրաւասութեան ներքեւ, սակայն շէնքը խարխուլ վիճակի մէջ էր։ Թեմական առաջնորդ Սեպուհ Արքեպիսկոպոսի ջանքերով կառոյցը ընհանուր նորոգութեան ենթարկուած է եւ շուրջ երկու տարուայ աշխատութիւններէ յետոյ 2000-ին վերանորոգեալ ճամբարի բացումը տեղի ունեցած է։ Այս բացումը նաեւ առիթ դարձած է, որ հաստատութիւնը վերանուանուի «Ծիծեռնակ» հոգեւոր ճամբար անունով[1]։

Ճամբարրին առաքելութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ուիքի ճամաբար, 2014

Ճամբարի հիմնական առաքելութիւնը եղած է ամրան շրջանին մանուկներուն եւ պատանիներուն հարազատ մթնոլորտ մը ստեղծել եւ անոնց հայեցի դաստիարակութիւն մատուցանել։ Այս շրջագիծով հաստատութիւնը ունի նաեւ կրթադաստիարակչական առաքելութիւն մը եւս։ Յատկապէս ընկերային ու նիւթական պայմաններով տկար ընտանիքներու զաւակները այստեղ փութալով հաճելի պահեր կ՚անցնեն, իրենց ընկերներով միատեղ։

Տարուան ընթացքին ընդհանուր թիւով աւելի քան 1500 մանուկներ կ՚օգտագործուին ճամբարի հնարաւորութիւններէն։ Մանուկներ այստեղ առիթը կ՚ունենան նաեւ մշակութային մարզէն ներս յառաջանալու, ինչպէս նաեւ ամբարելու կրօնական գիտելիքներ։ Երաժշտութիւնը, պարը, թատրոնը, աղօթքը, խաղերը իրար կը խառնուին այս հարազատ մթնոլորտին մէջ։

Ճամբարին կից կը գտնուի նաեւ «Հրանդ Տինքի անուան Կռունկ ճամբար»ի մասնաշէնքը, որուն գործածութեամբ հսկայ կառոյցը առաւել եւս բազում պատանիներու հիւրընկալ դարձած [2]է։

«Սրբոց Մանկանց» մատուռը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Խաղողօրհնեք «Սրբոց Մանկանց» մատուռի մէջ

Ճամբարի տարածքին կը գտնուի բաց խորան Սրբոց Մանկանց մատուռը։ Քարակեր մատուռ մըն է, որուն վրայ կը գտնուի նաեւ կաթողիկէով զանգակատուն մը։

Մատուռին դիմացը այնպէս մը պատրաստուած է, որ մանուկներ միատեղ նստին եւ արարողութեան հետեւին[1]։ Իսկ այս բաժնին կեդրոնը կը գտնուի քարեղէն եպիսկոպոսական նախաթոռ մը։

Մատուռը հետաքրքրական է, քանի Ս. Խորանի վերեւ գծագրուած է որմնանկար մը, որուն մէջ բացի Քրիստոս Թագաւորէ, Ս. Աստուածածինէ եւ բազմաթիւ հայազգի սուրբերէ, նկարագրուած են մանուկներ։ Իսկ որմնանկարին վրայ արձանագրուած է սուրբ գրային համարներ.

Թոյլ տուէք այդ մանուկներին եւ մի արգելէք որ նրանք ինձ մօտ գան…
- (Մտթ 19.14)


Ահաւասիկ ես եւ իմ մանուկները, որ աստուած ինձ պարգեւեց…
- (Ես 8. 18)


Ամրան շրջանին այստեղ մանուկներու մասնակցութեամբ բացօթեայ Ս. Պատարագներ կը մատուցուին։ Իսկ մատուռի ճարտարապետը եղած է թեմի հոգեւորականաց դասու անդամներէն Տ. Վահան Քհնյ. Ազարեան։

2006-ին կերտուած այս մատուռը ունի նաեւ յիշատակարան մը, ըստ հետեւեալի[2].

Աստուծոյ անսահման ողորմութեամբ եւ հրամանով հոգելոյս ծնողիս Տ.Տ. Գարեգին Ա կաթողիկոսի սիրով ծառայեցի Լոռուա հաւատացեալ հօտին եւ ի սէր կարօտեալ մանկանց չարչարանքով վերակառուցեցի դրախտանման ճամբարային համալիրն ու կառուցեցի ադամանդանման Սրբոց Մանկանց մատուռն այս։ Շնորհակալ եմ, Տէ՛ր, որ մեղաւորիս դարձրիր հօտիդ սպասաւոր։ Թող օրհնեալ լինեն առատաձեռն ու ազնիւ բարերարներն ԱՄՆ-ից Կարօ եւ Աղաւնի Գուրեանները, Եդուարդ եւ Թամար Նիզամեանները, Սարգիս եւ Ալիս Սեթեանները, Ժիրայր եւ Էլիզ Շահնազները եւ իմ գործակիցները։ Ամէնեցուն յիշեա՛ Տէր եւ ողորմեա՛ Սեպուհ եպիսկոպոս Չուլճեան Մալաթիացի. Փրկչական 2006թ․։


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 ««ԾԻԾԵՌՆԱԿ» ՃԱՄԲԱՐ. ԵՕԹ ՏԱՐԻ ԱՆԸՆԴՄԷՋ»։ www.panorama.am։ արտագրուած է՝ 2023-03-01 
  2. 2,0 2,1 «ԵԿԵՂԵՑԻԷՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՏԵՂԱՅ ՎԱՆԱՁՈՐԻ ՎՐԱՅ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-01