Jump to content

Սառնաղբիւր (Շիրակի մարզ)

Բնակավայր
Սառնաղբիւր
Երկիր  Հայաստան
Պաշտօնական լեզու հայերէն
Բնակչութիւն 2971 մարդ (2011)[1]
Ժամային գօտի UTC+4։00

Սառնաղբիւր (Շիրակի մարզ), գիւղ Հայաստանի Շիրակի մարզի հարաւ-արեւելեան կողմը, մարզի կեդրոնէն 34 քմ. հարաւ:

Հին ժամանակ կոչուած է՝ Ուռենուտ, Սոգեուտլի։ Սառնաղբիւր վերակոչուած է 1940 թուականին:

Գիւղը ունի արհեստական ջրամբար, որ կ'ոռոգէ Անիի տարածքի 1000 հեկտար հողատարածութիւնը:

Գիւղին մէջ գոյութիւն ունի հնավայր: Կալաչի կամ Ղալաչի կոչուող բլուրին վրայ կան բազմաթիւ վկայութիւններ, որոնք կը փաստեն հնավայրի գոյութիւնը, սակայն առ այժմ այն ոչ մէկ հնագիտական ուսումնասիրութիւններու չէ ենթարկուած։ Գիւղի անուանացանկին մէջ կը նշմարուի նաեւ Գիոդիկենտի եւ Սիոգութլի կամ Սոգթլու անունները, որոնք տրուած են թուրքերուն կողմէ 1918 թուականի մայիսեան հերոսամարտերու ժամանակ: Գիւղը բաւականին լուրջ դիմադրութիւն ցոյց տուած է թուրքական ջարդարարներուն մայիսի 18–23 կամ 24 1918 ժամանակաշրջանին: Այս դէպքերուն վերաբերեալ կան բազմաթիւ վկայութիւններ։ Գիւղը բաւականին մեծ տարածք ունի։

Նախնիները 1828-1829 թուականին գաղթած են Ալաշկերտէն, Կարսէն, Բասենէն եւ Մուշէն։

Սառնաղբիւրի ազգաբնակչութեան փոփոխութիւնը.[2]

Տարի 1831 1897 1939 1959 1970 1979 1989 2001 2004
Բնակիչ 262 2385 2851 2012 2394 2460 2928 3034 2159

Բնակչութիւնը կը զբաղի անասնապահութեամբ, հացահատիկի մշակմամբ:

Օգտակար հանածոներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սառնաղբիւրի մէջ կը գտնուի նաեւ քարահանք, ուր գոյութիւն ունին վարդագոյն տուֆ եւ աւազի հանք «Բողթլու» անունով։ Գիւղի տարածքին մէջ կան տուֆի եւպեմզայի հարուստ պաշարներ։

Գիւղը ունի մէկ դպրոց, ուր կը գործեն նաեւ արտադասարանային խմբակներ, բանավէճի ակումբ եւ տեղի կ'ունենան առողջ ապրելակերպի սեմինարներ։

2016 թուականին, գիւղին մէջ Հայաստանի մանուկներ բարեգործական հիմնադրամի նիւթական օժանդակութեամբ տեղադրուած է մարզահրապարակ։

Սառնաղբիւրի մէջ կը գտնուին շարք մը սառնորակ աղբիւրներ։ Անոնցմէ յիշարժան էն «Կաթնով աղբիւր», «Թմոյի աղբիւր», «Ձորի Աղբիւր», «Կանալ», «Պռտի աղբիւր» եւ այլ աղբիւրներ։

Պատմամշակութային կառոյցներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գիւղը ունի շարք մը պատմական կոթողներ, որոնք կը վկայեն, որ գիւղի տարածքին մէջ հին ժամանակ մարդիկ բնակութիւն հաստատած են:

Գիւղի կեդրոնը կը գտնուի Սուրբ Թադէոս (1883), Սուրբ Յակոբ (V-VI դարեր) եւ Սուրբ Կարապետ (1205) եկեղեցիները։ Գիւղին մօտ կը գտնուին V-XIII դարերու Հոգեվանքը, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ ուխտատեղին, իսկ 6 քմ. արեւելք՝ Սուրբ Ղազար եկեղեցին (V-VI դարեր), «Գնդաքար» (Ն.Ք. առաջին հազարամեակ) եւ «Բերդիկ» (Ն.Ք. 2-րդ հազարամեակ) ամրոցները։ 1883 թուականին կառուցուած է Թադէոս Առաքեալ եկեղեցին, որ մինչեւ օրս կը գործէ

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]