Սակաւարիւնութիւն

Սակաւարիւնութիւն, բժշկականօրէն կը նշանակէ արեան տկարութիւն եւ մասնաւորապէս կարմիր գնդիկներու եւ արեան ներկանիւթի (hemolgobin) նուազում:

Արեան կարմիր Գնդիկներ

Պատճառներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սակաւարիւնութեան հիմնական պատճառներն են հետեւեալները.

  1. կարմիր գնդիկներու կորուստ-արիւնահոսութիւն, որ կը պատահի զանազան պատճառներու, օրինակ՝ դաշտան, դաշտանային խանգարումներ, հարուած եւ վիրաւորում, վիրաբուժական գործողութիւններ, քաղցկեղ եւ խոց (ulcer), սատորակ ուռեր, հանգրիճաւոր երակներու յառաջացում (varicose veins) եւ թութք (hemorrhoids): Արիւնահոսութիւնը նաեւ տեղի կ'ունենայ մարմինի զանազան անդամներուն մէջ, օրինակ՝ ականջ, բերան, քիթ, կոկորդ, ոսկոր, ստամոքս, բարակ եւ հաստ աղիքներ, երիկամ, միզապարկ, շագանակագեղձ, խոչափող, շնջախող, թոքեր, թոքերու ցնցուղներ (bronchi) եւ ցնցղիկներ (bronchioles), ուղեղ, արգանդ, ձուարան (ovary), արգանրավիզ (cervix), հեշտոց-իքախոփ (vagina):
  2. Արեան կարմիր գնդիկներո բնականէն աւելի կործանում եւ կանխահաս կործնում[1]
  3. Կարմիր գնդիկներու անբաւարար արտադրութիւն ոսկրածուծի ձախողութեամբ եւ անբաւարար ու յոռի գործունէութեամբ.
  4. Աղիքներու մակերեսէն երկաթի ներծծման նուազում, որ կը յառաջանայ ստամոքսի հատումով (gastrectomy) ե բարակ աղիքներու յոռի աշխատանքով:
  5. Յոռի սննդառութիւն՝ երկաթի, B12 կենսանիւթի եւ տերեւաթթուի (folic acid) նուազում սննդանիւթերու մէջ, որոնք խիստ կարեւոր են արեան ներկանիւթի կազմութեան եւ արտադրութեան համար:
  6. B12 կենսանիւթի անբաւարար ներծծում՝ ստամոքսային որոշ հիւանդութիւններու պաճառով.
  7. Արեան ներկանիւթի անբաւարար քանակ եւ կառուցուածքի անբնականութիւն, օրինակ Մահիկաձեւ-մանգաղաձեւ սակաւարիւնութիւն (sickle cell), որ կը յատկանշուի անբնական ներկանիւթով եւ մահիկաձեւ կարմիր գնդիկներով, եւ կամ Ծովարիւնութիւն (Thalassemia), որ ընդոծին եւ ժառանգական սակաւարիւնութիւն մըն է.
  8. Կարմիր գնդիկներու ընդոծինի թերութիւններ եւ բջիջապատեանի (cell membrane) տկարութիւն եւ յոռի կազմուածք, որ կը պատճառէ արիւնալուծային սակաւարիւնութիւն: Այս պարագային կարմիր գնդիկները կը վնասուին եւ կը բացուին, եւ անգործօն կը դառնան: Այս մէկը կրնայ ժառանգական ըլլալ եւ կամ կարգ մը դեղերու արդիւնքը:
  9. Արեան քաղցկեղ, օրինակ՝ սպիտակարիւնութիւն (leukemia).
  10. Աւշագեղձերու քաղցկեղ (lymphoma).
  11. Ոսկրածուծի քաղցկեղ.
  12. Մարմնի ընդհանուր երկարատեւ հիւանդութիւններ՝ բորբոքումներ եւ քաղցկեղ.
  13. Երիկամային հիւանդութիւններ, ուր erythropoietin-ի արտադրութիւնը կը նուազի.
  14. Ալքոլի երկարատեւ գործածութիւն, որ յոռի սննդառութեան.
  15. Որոշ դեղեր որոնք կը գործածուին հետեւեալ հիւանդութիւններու պարագային՝ քաղցկեղ, մարդկային վարակամերժութեան անբաւարարութեան ժահր (HIV-Human Inmunodeficiency Virus), ձեռքբերովի վարակամերժութեան անբաւարարութեան համախտանիշ (AIDS-Acquired immunodeficiency Syndrome) եւ ճահճատենդ (malaria).
  16. Միջատասպան եւ կարգ մը հակասնակային դեղեր.

Դասակարգեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սակաւարիւնութիւնը ունի երեք դասակարգումներ՝

  • Մանրաբջիջային (microcytic)
  • Բնաչախաբջիջային (normocytic)
  • Ծաւալաբջիջային (macrocytiv)

Մանրաբջիջային սակաւարիւնութեան պարագային կարմիր գնդիկները բնականէն աւելի փոքր կ'ըլլան, որուն հիմնական պատճառը արեան ներկանիւթի երկաթի անբաւարարութիւնն է, որ տեղի կ'ունենայ կենսանիւթերու անբաւարարութեան պատճառով: Այս մէկը պատճառ կը դառնայ որ վտանգաւոր սակաւարիւնութիւն յառաջանայ (pernicious anemia):

Սակաւարիւնութիւնը կրնայ ըլլալ սուր կամ երկարատեւ-մնայուն: Սուր սակաւարիւնութիւնը յանկարծակի եւ արագ կը պատահի, իսկ երկարատեւ-մնայունը դանդաղօրէն կը յառաջանայ ժամանակի ընթացքին:

Ախտանշաններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սակաւարիւնութիւնը կը յատկանշուի հետեւեալ ախտանշաններով.

Ախտաճանաչում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սակաւարիւնութեան ախտաճանաչումը կը կատարուի հետեւեալ միջոցներով.

  • Արեան տարբեր քննութիւններ, յատկապէս կարմիր գնդիկներու, երկաթի եւ ներկանիւթի.
  • Կղկղանքի եւ մէզի քննոթիւն.
  • Օրկանական զանազան տեսակի քննութիւններ՝ դիտումներ եւ նկարահնումներ.

Դարմանում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սակաւարիւնութեան դարմանումը կը կատարուի ախտապատճառներուն եւ սակաւարիւնութեան տարողութեան համաձայն: Ընդհանրէապէս հետեւեալ դարմամիջողցները կը կատարուին.

  • Երկաթի տերեւաթթուի եւ B12 կենսանիւթի գործածութիւն
  • Արեան փոխներարկում
  • Բարդութիւններու դարմանում
  • Ախտապտճառներու դարմանում
  • Առողջապահական սննդականոնի գործածութիւն

Յառաացած եւ սուր սակաւարիւնութեան պարագաներուն հեիւանդը շտապ դարմանումի կ'ենթարկուի. կը կատարուի արեան փոխներրկում եւհիւանդին սրտանօթային եւ շնչառակն համակարգերը կը կանոնաւորուին:

Ծանօթագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Սակաւարիւնութիւն (Anemia)»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2017-05-04 [permanent dead link]

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Բժիշկին Դ. Խօսքը», Բժիշկ Կարպիս Հապոյեան, Հրտրկ. Կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Անթիլիաս-Լիբանան, 10 Փետրուար 2014, էջ 85-87: