Jump to content

Սաթենիկ Օհանճանեան

Սաթենիկ Օհանճանեան
Ծնած է 1880
Ծննդավայր Վրաստան
Մահացած է 1915
Մահուան վայր Վրաստան
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն բժիշկ, Հիւանդապահ

Սաթենիկ Օհանճանեան, (1880, Վրաստան - 1915, Վրաստան) բուժքոյր, քաղաքական գործիչ։

Բժիշկ ու յեղափոխական Համազասպ Օհանճանեանին քոյրն է։ Ուսումը ստացած է Թիֆլիսի մէջ։ Քաղաքականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն ունեցած է։ Թիֆլիսի «Մեղու» Միութեան վարչութեան քարտուղարը եղած է։ Աշխատած է որպէս գթութեան քոյր՝ եղբօրը հիմնած Կարմիր Խաչի խումբերուն հետ։

1908էն վերջ տեղափոխուած է Պոլիս եւ շարունակած է իր գործունէութիւնը։ Պոլսոյ Կարմիր Խաչի եւ Աշխատանքի Տան հիմնադիրներէն եղած է։

1909ին Ատանայի կոտորածէն յետոյ, որբերը հաւաքելու համար աղէտի վայր մեկնած է։ Ա․ Աշխարհամարտին գաղթականներուն, կամաւոր գունդերուն, կիներու կազմակերպութիւններուն օժանդակած է։

1915ին բժիշկներու խումբով Վան մեկնած է։ Անցած է Էջմիածին ու հոն զբաղած է գաղթականներու խնամքով, ուր ժանտատենդով վարակուած է։ Ծանր վիճակով Թիֆլիս տեղափոխուած եւ հոն մահացած է։

  • Հայ Կինը Մշակութային եւ Հասարակական Կեանքի Մէջ, Հրակատարակութիւն Ազգային Կեդրոնական Վարժարանի, Պոլիս, 2023

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]