Պերճ Ֆ․ Սապպաղեան
Պերճ Սապպաղեան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 18 Օգոստոս, 1918 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Օսմանեան կայսրութիւն |
Մահուան վայր | Հալէպ |
Ազգութիւն | Հայ |
Մասնագիտութիւն | Հնագէտ, Դրամագէտ |
Պերճ Ֆարեսի Սապպաղեան ծնած է 18 Օգոստոս, 1918 թուական Հալէպ: Հնագէտ, Դրամագէտ
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պերճ Սապպաղեան իր նախակրթութիւնը կը ստանայ Հալէպի Ազգային Հայկազեան Վարժարանին մէջ, իսկ միջնակարգ ուսումը՝ տեղւոյն Ֆրեր Մարիսթներու դպրոցին մէջ:
Տարի մը Հայկազեանի մէջ ֆրանսերէն լեզու դասաւանդելէ ետք, կը նետուի առեւտրական ասպարէզ եւ պաշտօնի կը կոչուի «Էֆրիքըն Իսթըրն» ընկերութեան մէջ։ Իր ասպարէզի գծով ան կը հետամտի բարձրագոյն ուսման, Լոնտոնի մէջ հետեւելով առեւտրական եւ օրէնսդրական դասընթացքներու:
Ապա՝ Հալէպի մէջ կը հիմնէ իր սեփական առեւտրական գրասենեակը, որուն տնօրէնի պաշտօնը կը վարէ միաժամանակ:
Տարի մը կը խմբագրէ Հալէպի «Եփրատ» օրաթերթը: Դեռ երիտասարդ կ'աշխատակցի Արտաւազդ Արք. Սիւրմէեանի աշխատասիրած «Պատմութիւն Հալէպի Հայոց» եռահատոր երկին՝ անգլերէն լեզուէ թարգմանութիւններ կատարելով հեղինակին համար: Ան իր հմտութիւնը կը խորացնէ դրամագիտութեան մէջ, դառնալով Մերձաւոր Արեւելքի ու յատկապէս այդ մարզի ծանօթ ու փնտռուած մասնագէտներէն մէկը: Աշխոյժ մասնակցութիւն բերելով մէկտեղ Հալէպահայ մշակութային կեանքին, որուն մղիչ ու ղեկավար ուժերէն մէկն է ան՝ քառասունական ու յիսունական թուականներուն: Միաժամանակ կը հանդիսանայ հայ - արաբ մշակութային գործակցութեան գլխաւոր օղակներէն մէկը:
Հակառակ կուտակած իր գիտական մեծ պաշարի, բծախնդիր ու զուսպ՝ Պերճ Սապպաղեան կը մնայ ժլատ գրիչի տէր մարդ:Սակայն եթէ գիրի ճամբով գիտական- ստեղծագործական իր խօսքը կը մնայ սահմանափակ էջերու մէջ, բանաւոր կերպով սակայն՝ ան տարբեր ծաւալ ու տարողութիւն կ'ունենայ:
Անդամ՝ Սուրիոյ Հնագիտական Ընկերակցութեան, մաս կը կազմէ անոր վարչութեան, մինչեւ վերջ մնալով այդ մարմնին նախաձեռնող ու գործօն անդամներէն մէկը:
Ան կը մահանայ 12 Յուլիս, 1982 թուական Հալէպ:
Հետաքրքրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պերճ Սապպաղեան կանուխէն հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ դրամագիտութեան եւ պատմագիտութեան հանդէպ:
Լեզուներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ինքնաշխատութեամբ կամ մասնաւոր ուսուցիչներու հսկողութեամբ՝ Հայերէնի կողքին ան կը տիրապետէ.
Պերճ Սապպաղեան նաեւ կը ծանօթանայ հին ասորերէնին:
Յօդուածներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պերճ Սապպաղեանի թիւով սակաւ դրամագիտական յօդուածները գլխաւորաբար կը մնան.
- «Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս»ի
- Հալէպի «Գեղարդ- Սուրիահայ Տարեգիրք»ի էջերուն մէջ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Հատոր Ժ․, Երուանդ Հ. Քասունի, Պէյրութ 1984։