Jump to content

Պերճ Մինասեան

Պերճ Մինասեան
Ծնած է 1887
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 1917
Մահուան վայր Երզնկա, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Ծնողներ հայր՝ Մինաս Ավետիսյան Բեյ?

Պերճ Մինասեան (Աւետիսեան), (1887,Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան կայսրութիւն - 1917), հայ բժիշկ։

Հայրը՝ Մինաս Պէյ Աւետիսեան, եղած է Կ. Պոլսոյ Անասնաբուժական վարժարանի երկարամեայ դասախօս եւ անուանի մտաւորական։ Նախնական կրթութիւնն ստացած է Կ. Պոլսոյ ազգային վարժարաններէն ներս։ 1912 թուականին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական վարժարանը եւ ստացած է բժշկական վկայական։ 1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմն սկսելուն պէս, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ, ուղարկուած է Բաղէշ (Պիթլիս) եւ նշանակուած է 5-րդ զօրաբաժինի բուժարանի զինուորական բժիշկ։ 1915 թուականի Յուլիսին՝ Երզնկայի հայ բնակչութեան տեղահանութեան օրերուն, ձերբակալուած եւ աքսորուած է Երզնկա` բնակ­չու­թեա­ն բժշկա­կան օգ­նու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու հա­մար։ Զինք ըն­կե­րակ­ցած է իր նախ­կին հրա­մա­նա­տա­րի թիկ­նա­պահ բու­ժա­կը, զոր նոյն բու­ժա­րա­նի իր գոր­ծըն­կեր թուրք բժիշկ­նե­րու թե­լադ­րան­քով, Երզն­կա­յի ճա­մբուն վրայ, սպա­նած է 28 տա­րե­կան բժշկը։ Ոճիրն իրա­կա­նաց­նե­լէ ե­տք ու­ղեկ­ցոր­դը սպան­ուած բժշկին քով եղած 30 ոս­կին գրպա­նած է, իսկ ժա­մա­ցոյցն ու ատր­ճա­նա­կը վե­րա­դար­ձին տուած զօ­րա­բաժի­նի բու­ժա­րա­նի բժշկապե­տին։ Ըստ բժիշկ-պատմա­բան Վահրամ Թորգոմեանի` սպանուած է 1917 թուականին։

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Կ. Պոլիս, 1919։
  • Թորգոմեան Վահրամ, Թուրք անասնաբուժական վարժարանին հայ դասախօսները, Տոքթ. Մինաս Պէյ անուանացանկ (1688-1940 թթ.), Սթանպուլ, 1940։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթըն, 1957։
  • Սահակեան Լիլիկ, Ոճրագործները չխնայեցին նոյնիսկ մարդու կեանքը փրկողներին, «Առող­ջա­պա­հու­թիւն», Երեւան, 1965, թ. 4։
  • Հայրապետեան Վանիկ, Էջեր Հայաստանի դեղագործութեան պատմութիւնից, Երեւան, 1990։
  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։