Պետրոս Ա. Կաթողիկոս
Պետրոս Ա. Կաթողիկոս, Կիլիկիոյ կաթողիկոս՝ շատ կարճ ժամանակուան մը համար:
Սահակ Բ. Խապայեան Կաթողիկոսին վախճանումէն ետք, կաթողիկոսական գահ կը բարձրանայ Պետրոս Արք. Սարաճեան: Կիլիկիոյ Աթոռը, որ գրեթէ նոր հաստատուած Անթիլիասի հողին վրայ, դարձեալ թափուր պիտի մնար: 02 Յունիս 1940-ին՝ Կաթողիկոսական Օծում, իսկ 02 Հոկտեմբեր 1940-ին՝ թաղում: Թէեւ Պետրոս կաթողիկոսութեան պաշտօնը կը վարէ միայն չորս ամիս, սակայն այդ կարճ ժամանակաշրջանը իր մէջ կը խտացնէ նուիրումի, աշխատանքի, առաքելութեան եւ շինարարութեան պատմութիւն մը:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է 1870-ին Սիվրի Հիսար Կոստանդնուպոլիս: Ան իր նախակրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Ազգային Ս. Փրկիչ որբանոց-հիւանդանոցին մէջ: Իսկ երկրորդական ուսումը ստացած է Երուսաղէմի Ս. Յակոբեանց ժառանգաւորաց վարժարանէն ներս: Առաջնորդական օրերուն, ան մեծաւ մասամբ կը զբաղի իր թեմի ժողովուրդով եւ գործերով, որուն պատճառով մօտէն ծանօթ չէ եղած ընդհանուր հայութեան: Ան իր կեանքին ընթացքին եղած է խոնարհ եւ սիրուած իր ժողովուրդէն եւ ճանչցուած է իբրեւ կազմակերպող եւ շինող:
Եկեղեցական Կարգեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- 21 տարեկանին՝ 1891-ին կը ձեռնադրուի սարկաւագ, ձեռամբ՝ Սահակ Եպս. Խապայեանի:
- 1898-ին կը ձեռնադրուի վարդապետ, ձեռամբ՝ Յարութիւն Պատրիարքի:
- 1899-ի Սեպտեմբերէն մինչեւ 1905-ի Սեպտեմբերը կը վարէ Կիպրոսի Թեմի Առաջնորդական պաշտօնը:
- 1910-1915 Հաճընի առաջնորդ է:
- 1 Մայիս 1914-ին կը ստանայ Եպիսկոպոսական օծում, ձեռամբ՝ Սահակ Կաթողիկոսի:
- 1918-1919 տարուան ընթացքին կը վարէ Դամասկոսի Առաջնորդական պաշտօնը:
- 1920-ին դարձեալ Առաջնորդ է Կիպրոսի թեմին եւ 1925-ին կը ստանայ Արքութեան տիտղոսը՝ Սահակ Կաթողիկոսէն:
- 1936-ին, երբ կը վերադառնայ Անթիլիաս կը կոչուի Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդի պաշտօնին:
- 1940-ին կ'ընտրուի Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:
Շինարարական Վաստակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այլ Թեմեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հաճընի առաջնորդ եղած ժամանակ շինել տուած է Սահակ-Մեսրոպ Ազգային վարժարանը: Մելիքեանի նուիրատուութեամբ հիմնած է Ազգային Մելիքեան աղջկանց վարժարանը՝ Նիկոսիոյ մէջ: Ան նաեւ, նորոգել տուած է Ս. Մակարայ Վանքը:
Անթիլիասի Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1937-1940 տարիներու ընթացքին կը հետապնդէ եւ կը յաջողեցնէ Անթիլիասի Կաթողիկոսարանին մէջ շինարարութեան ընդարձակ ծրագիրներ:
- Դպրեվանքի Շինութիւն, Առաջին ձեռնարկը կ'ըլլայ Դպրեվանքի շինութիւնը, որուն յատակագիծը պատրաստած էր Եգիպտահայ ճարտարապետ՝ Կարօ Պալեան, որ նաեւ ճարտարապետն է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութեան: Այսպիսով, 9 Մարտ 1939-ին Դպրեվանքը կը փոխադրուի նոր շէնքը:
- Վեհարանի Վերաշինութիւն 1938-ի ամառուան արձակուրդի միջոցին, կեդրոնական այն քարաշէն, զանգուածեղ երկյարկանի շէնքը, որ կը ծառայէր իբրեւ Դպրեվանք. առաջին յարկը կը ծառայէր խոհանոցի, մառանի եւ մատենադարանի. իսկ վերի յարկը՝ ննջարան, արագօրէն կը փոխուի Վեհարանի: Եւ 3 Դեկտեմբեր 1938-ին Սահակ Կաթողիկոս իր բնակարանէն կը փոխադրուի նոր Վեհարանը:
- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի Շինութիւն, 27 Հոկտեմբեր 1937-ին Սահակ Կաթողիկոս Անթիլիասի կալուածներու փոխանցման պաշտօնաթուղթերը ստորագրած՝ դահլիճին մէջ շնորհաւորութիւնները ընդունած ժամանակ, իր փափաքը կը յայտնէ՝ տեսնել Կաթողիկասարանին ու Դպրեվանքին հետ կառուցուած Մայր Տաճարը: Պետրոս Արքեպիսկոպոս անմիջապէս նամակներ կը գրէ Թեմակալ Եպիսկոպոսներուն՝ իրենց համամտութիւնը ապահովելու Վեհափառին այդ փափաքը իրականցնելու մասին: Առ այդ, 2 Մայիս 1938-ին շինութեան յանձնախումբ մը կը կազմուի եւ ամսուան 17-ին երեկոյեան ժամերգութենէն ետք, մասնաւոր «անդաստան»ով շինութեան գետնի օրհնութիւնը կը կատարուի: Եւ նոյն տարուան Յուլիս 2-ին կը կատարուի եկեղեցուոյ հիմնարկէքը: 10 Մարտ 1940-ին կը կատարուի Մայր Տաճարի օծումը, որուն ներկայ կ'ըլլայ բազմահազաար ժողովուրդ:
- Նահատակաց Յուշարձան-Մատուռը Մինչ Պետրոս սրբազան կը հետեւէր ընթացող աշխատանքներուն, իր միտքին մէջ կը ծագի Նահատակաց Յուշարձան մը կանգնեցնելու գաղափարը, որպէսզի ամոքէ հայ ժողովուրդին ցաւերը եւ պահպանէ սրբութիւններն ու յիշատակները: Այդ գաղափարը խանդավառութեամբ կը յայտնէ ճարտարապետ Մարտիրոս Ալթունեանին, որ շաբաթ մը ետք կը բերէ յատակագիծը: 17 Դեկտեմբեր 1938-ին՝ Ս. Յակոբայ տօնին, կը կատարուի հիմնարկէքը՝ Յուշարձան-Մատրան: Եւ 31 Մարտ 1939-ին կը կատարուի օծումը՝ Նահատակաց Յուշարձան-Մատրան:
- Զանազան Նորոգութիւններ Զանազան շէնքերու նորոգութիւններ ալ կատարուած են իր օրով, ինչպէս՝ Վեհարանէն դէպի ծովահայեաց մասին մէջ գտնուող Ս. Թարգմանչաց եկեղեցիին ծեփումն ու ներկուիլը, Դպրեվանքի նախկին շէնքերու տանիքներուն քակելը եւ նորոգութիւնը, Դպրեվանքի մատենադարանը, դարմանատունը, խոհանոցը, մառանը եւ ամբողջ Կաթողիկոսարանին շրջափակը կը փակուի քարահիւս պատով:
Անթիլիասի Մէջ Առաջին Կաթողիկոսական Ընտրութիւն եւ Օծում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]30 Մայիս 1940-ին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ նորակառոյց Մայր Տաճարին մէջ կը կայանայ հաւաքոյթ մը՝ 45 պատգամաւորներով, որպէսզի ընտրուի Անթիլիասի մէջ առաջին Կաթողիկոսը: Առաջին քուէարկութեամբ կը կազմուի եռանուն ցանկը՝ Պետրոս Արք. Սարաճեան, Եղիշէ Արք. Կարոյեան եւ Խադ Արք. Աջապահեան: Երկրորդ քուէարկութեան, սակայն, ներկայ կը գտնուին 43 պատգամաւորներ եւ 41 քուէով Կաթողիկոս կ'ընտրուի Գերշ. Տ. Պետրոս Արք. Սարաճեան: Ի վերջոյ, 2 Յունիս 1940-ին տեղի կ'ունենայ Կաթողիկոսական օծումը, ներկայութեամբ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Սրբազանին, թեմակալ Եպիսկոպոսներու, պետական եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու եւ հաւատացեալ ժողովուրդին:
Կաթողիկոսական Վաստակը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Թէեւ Պետրոս Ա. Կաթողիկոս քիչ կը վայելէ Կիլիկիոյ Աթոռը իբր Կաթողիկոս, սակայն ան արդէն մօտաւորապէս հինգ տարիներէ ի վեր կը վարէր Կաթողիկոսարանին ներքին եւ արտաքին բոլոր գործերը, նախ իբր ընդհանուր փոխանորդ Բաբգէն Կաթողիկոսի վախճանումէն մինչեւ Սահակ Կաթողիկոսի վախճանումը, որմէ ետք կը նշանակուի կաթողիկոսական տեղապահ: 20 Յուլիս 1936-ին, երբ կը կոչուի Կաթողիկոսական Ընդհանուր Փոխանորդութեան պաշտօնին կը փայլի հայ ազգին առջեւ: Ան իր վարչական գործերը կը կատարէ ամենայն բծախնդրութեամբ, կանոնաւոր յարաբերութիւն պահեց թեմական ժողովականներու եւ առաջնորդներու հետ: Ինչպէս նաեւ, Անթիլիասի Միաբանութեան հետ:
Վախճան Պետրոս Ա. Կաթողիկոսի
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մօտաւորապէս հինգ տարիներ, շինարարական, բարեզարդական եւ բարեկարգման աշխատանքներ տանելէ ետք, Պետրոս Ա. Կաթողիկոս կը պատրաստուէր ընդհանուր վերակազմութեան գործին: Սակայն, 28 Սեպտեմբեր 1940-ի առաւօտեան ժամուն կը վախճանի: Հանգուցեալ Կաթողիկոսի Վերջին Օծման արարողութիւնը կը կատարուի Ս. Նշան Եկեղեցւոյ մէջ 2 Հոկտեմբերին, ներկայութեամբ՝ Հանրապետութեան Նախագահին, Մարոնիթ, Օրթոտոքս, Հայ Կաթողիկէ եւ Ասորի եկեղեցիներու նուիրապետական ներկայացուցիչներու եւ պաշտօնական հիւրերու: Նոյն օրը կէսօրէ ետք, Հայրապետին դագաղը թափօրով կը տարուի Անթիլիաս եւ տեղապահ Սրբազանին հանդիսապետութեամբ կը կատարուի թաղման կարգը: Ապա, Պետրոս Շինող հայրապետին մարմինը կ'ամփոփուի իր կերտած Մայր Տաճարին Հարաւ-Արեւմտեան անկիւնը:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]https://archive.aztagdaily.com/archives/21109
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հարիւրամեայ Ճիգը, Նիկոսիա, 2005