Եկեղեցական Կարգեր
Եկեղեցական Կարգեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բոլոր հաստատութիւններու մէջ, գոյութիւն ունի որոշ աստիճանաւորում մը կամ հաստատութեան պաշտօնեաներուն կարգը: Նոյնպէս, եկեղեցւոյ մէջ ալ գոյութիւն ունի կարգ եւ աստիճան, որուն ամէնէն խոնարհը կը կոչուի Կղերիկոս, իսկ ամէնէն բարձրը՝ Կաթողիկոս:
Կղերիկոս
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ձեռնադրութեան Մաշտոցին համաձայն, կղերիկոսները խոնարհագոյն ծառայողներն են եկեղեցւոյ: Անոնց սահմանուած է եկեղեցւոյ մաքրութիւնը՝ որպէս աւելածուներ, եւ սաղմոսներու ընթերցումը՝ որպէս սաղմոսերգուներ: Ձեռնադրութեան պահուն յատկանշական խօսքը որ ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը կ'ուղղէ ընծայեալներուն հետեւեալն է. «Ուշադրութեամբ մտիկ ըրէք եւ իմացէք, ինչ որ բերնով կ'երգէք՝ սրտով պիտի հաւատաք, եւ այն ճշմարտութիւններուն, որոնց սրտով կը հաւատաք՝ զանոնք գործով ցոյց պիտի տաք»:
Երբ այս պատուէրը կ'ուղղուի եկեղեցական ծառայութեան սկզբնաւորութեան՝ առաջին քայլերը առնող կղերիկոսներուն, պէտք է հասկնալ, որ ան կ'ընդգրկէ եկեղեցական բոլոր աստիճաններուն, եւ կարգերուն մէջ գտնուող՝ բոլոր կոչեցեալները, որոնք նուիրուած են եկեղեցւոյ ծառայութեան, պարտին, որպէս գերագոյն հրամայական, հաւատքը կեանքի վերածելով, սկզբունքով գործելու եւ անսակարկ ծառայութեամբ արժեւորելու իրենց կոչումը:
Հազուագիւտ գործածուղ բառ մըն է կղերիկոսը, որուն մենք կը հանդիպինք Ձեռնադրութեան Մաշտոցին մէջ, որպէս եկեղեցւոյ ծառայող աստիճան: Անոր կը հանդիպինք նաեւ խնկարկութեան շարական «Բարեխօսութեամբ»ին մէջ: Այսօր կղերիկոսութիւնը միացած է դպրութեան, եւ երբ պատանի ընծայեալներ դպրութեան պիտի կոչուին, նախ կղերիկոսութեան երկու աստիճանները կը ստանան, որոնք են՝ Աւելածութիւնը եւ Սաղմոսերգութիւնը, եւ ապա դպրութեան չորս աստիճանները:
Դպիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մալխասեան բառարանը հետեւեալ բացատրութիւնը կու տայ դպիրի մասին.- Գրող, քարտուղար, ատենադպիր: Ս. Աւետարանին մէջ դպիր անունը գործածուած է Օրէնքի ուսուցիչներուն՝ մեկնաբաններուն համար: Իսկ ներկայ ժամանակներուն, դպիր կը կոչուին անոնք, որոնք եկեղեցական առաջին չորս աստիճանները կը ստանան.-Դռնապանութիւն, Ընթերցողութիւն, Երդմնեցուցչութիւն, Ջահընկալութիւն, Դպրութեան առաջին չորս աստիճանները մասնաւոր ձեռնադրութեամբ կը շնորհուին այն նուիրեալ տղոց, որոնք յաճախակի իրենց ներկայութեամբ սատար կը հանդիսանան արարողութիւններուն եւ նուիրումով ու ծառայասիրութեամբ կը սպասարկեն եկեղեցւոյ: Մոմ կը բռնեն, քշոց կ'ընեն, սաղմոս կը կարդան, Ս. Ծննդեան եւ Ս. Յարութեան Ճրագալոյցներուն մարգարէական գիրքերու ընթերցումը կը կատարեն:
Դպիրներու համախմբումը կը կոչուի դպրաց դաս: Իսկ կազմակերպեալ դպրաց դաս մը կ'ունենայ իր տնօրէն խորհուրդը կամ վարչական մարմինը, տնօրինելու համար դպրաց դասի կարիքները, հսկելու դպրաց դասի շարականներու փորձերուն եւ հետեւելու դպիրներուն անթերի եւ կանոնաւոր եկեղեցի յաճախումին:
Դպրապետ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բառը ինքնին կը բացատրէ իմաստը, դպիրներու պետ, ղեկավար, ինչ որ կը նշանակէ երգեցողութիւնը առաջնորդող անձ: Դպրապետը պարտի լաւ գիտնալ եկեղեցւոյ շարականները, տաղերը, մեղեդիներն ու ստեղիները, որոնք իրենց ձայնային բաժանմունքներով եւ ճիւղաւորումներով հմտութիւն կը պահանջեն: Նկատելով որ Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ ծիսակատարութեան մէջ մեծ տեղ կը գրաւէ շարականներու երգեցողութիւնը, ուստի անհրաժեշտ է, որ դպրապետը լաւ գիտնայ զանոնք: Միանգամայն դպրապետը քաջ ծանօթ պէտք է ըլլայ նաեւ եկեղեցւոյ ծիսակարգին, որպէսզի հեզասահ կերպով ընթանան արարողութիւնները եւ դաշն կերպով կատարուին երգեցողութիւնները: Ան հետամուտ պէտք է ըլլայ դպրաց դասի փորձերուն եւ աշխատի նուիրեալ դպիրներու շարականներուն ծանօթիւնը ճոխացնելու եւ սորվեցնելու, որպէսզի ճշգրիտ կերպով երգեն ու մեկնաբանեն մեր մատենագիրներուն աւանդ ձգած հարստութիւնը:
Դպրապետութեան կոչուած անձին վրայ գլխաւոր աշխատանքները նաեւ պէտք է ըլլան հետեւեալները.
1.-Եկեղեցիէն ներս դպիրներու զգաստ եւ լուրջ կեցուածքի հսկողութիւնը,
2.-Նորագիր փոքր դպիրներուն աչալուրջ հետեւիլը, զանոնք խնամելը, սիրաշահիլը, անոնց մատղաշ հոգիներուն մէջ եկեղեցւոյ հանդէպ սէր ու ծառայութիւն սերմանելը, որպէսզի օր մը անո՛նք կատարեն դպրաց դասի նուիրական աշխատանքը:
3.- Առաւել, երաժշտութեան մէջ հմտութիւն ձեռք բերած դպրապետներէն կը պահանջուի քառաձայն երգչախումբի պատրաստութեան ուղղութեամբ աշխատելու:
Կիսասարկաւագ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եկեղեցական աստիճաններուն երրորդը՝ կիսասարկաւագութիւնն է, որ խորքին մէջ անոնք աւագ դպիրներն են եւ իշխանութիւն կ'ունենան ուրար կրելու իրենց ձախ բազուկին վրայ: Կիսասարկաւագը իշխանութիւն կ'ունենայ քարոզներ կարդալու, բուրվառ ընելու, մասնակցելու շարականներուն եւ Ս. Պատարագի քառաձայն երգեցողութեան եւ առաջնորդին արտօնութեամբ, ի յարկին՝ Ճաշու Աւետարանը կարդալու: Ինչպէս նաեւ, Ս. Հաղորդութեան Սկիհը լուալու:
Սարկաւագ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Յաջորդ կարգը սարկաւագութիւնն է, որ արմատը յունարէնէն է եւ կը նշանակէ «սպասաւոր, ծառայ»: Սարկաւագը ձեռնադրութեան ճամբով իշխանութիւնը կը ստանայ Ճաշու Աւետարանը կարդալու եւ Սկիհի վերաբերումը ընելու: Սպասարկող սարկաւագին պաշտօնն է նաեւ, պատարագիչ քահանային հետ զգեստաւորումէն առաջ սաղմոսները կարդալ: Ինչպէս նաեւ, օգնելու՝ քահանային զգեստաւորման: Սարկաւագան ձեռնադրութիւնը տարբեր է դպրութեան եւ կիսասարկաւագական ձեռնադրութիւններէն, որովհետեւ ընծայեալ սարկաւագները դասին մէջէն ծնրադիր Ս. Խորան կը բարձրանան, մինչ վերոնշեալ երեք աստիճաններու ձեռնադրութիւնը կը կատարուի եկեղեցւոյ դասին եւ ատեանին մէջ: Եւ նախքան, որեւէ իշխանութիւն ստանալը ձեռնադրիչ եպիսկոպոսը, ընկերակցութեամբ խարտաւալիկին եւ մէկ-երկու այլ եկեղեցականներու, կ'երգէ. «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ...» շարականը: Այլ եկեղեցիներու մօտ, սարակաւագին պաշտօնը կրնայ տարբերիլ, օրինակ՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ սարկաւագը իրաւունք կ'ունենայ Ս. Հաղորդութիւն բաշխելու:
Քահանայ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Քահանան, պատարագի ժամանակ Քրիստոսի ներկայացուցիչն է Ս. Խորանին վրայ: Քահանայական ձեռնադրութիւնը աւելի փառաւոր կերպով տեղի կ'ունենայ: Կ'երկարի երկու օրերու վրայ: Անհրաժեշտ է գիտնալ, որ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ քահանայութեան երկու ճիւղաւորումներ կան՝ ամուսնացեալ եւ կուսակրօն: Շաբաթ օրը տեղի կ'ունենայ ընծայեալին Կոչման Արարողութիւնը, որուն ընթացքին ան եկեղեցւոյ մուտքէն մինչեւ դաս ծնրադիր կու գայ խարտաւիլակին առաջնորդութեամբ, եւ կը նզովէ բոլոր հերետիկոսական եւ աղանդաւորական շարժումները: Աւարտին, կը կարդայ իր ուխտագիրը եւ կը կատարուի «Հաւատոյ Դաւանանք»ին արտասանութիւնը:Կիրակի օրը կը կատարուի թեկնածուին օծման արարողութիւնը: Մինչեւ պատարագի «Ամէն եւ ընդ հոգւոյդ քում...» շարականի երգեցողութեան աւարտը, կուսակրօն եւ ամուսնացեալ քահանաներուն ծիսական արարողակարգը նոյնն է: Իսկ, կուսակրօն քահանայի ձեռնադրութեան տարբերութիւնը կը կայանայ նախքան եպիսկոպոսին «Եւ տուր մեզ...» ըսելը, տեղի ունեցող վեղարի օրհնութեան արարողութիւնը: Հոս է, որ կը տարբերին կուսակրօն եւ ամուսնացեալ քահանաները: Կուսակարօն քահանայութիւնը իր կարգին, ունի այլ աստիճանաւորում:
1. Աբեղայութիւն.- Աբեղային եւ ամուսնացեալ քահանային միջեւ գոյութիւն ունեցող միակ տարբերութիւնը այն է, թէ աբեղան եկեղեցական արարողութեանց ժամանակ վեղար կը կրէ, եթէ ան պատարագիչ եկեղեցականը չէ:
2. Վարդապետութիւն եւ Ծայրագոյն Վարդապետութիւն.- Այս աստիճանը, առանձին կարգ մը չէ, այլ կուսակրօն քահանային տրուող գիտական աստիճանն է: Վարդապետները, երբ պիտի նախագահեն որեւէ արարողութեան, իրենց ձեռքին մէջ կ'ունենան վարդապետական գաւազան եւ իրենց ոտքին տակը՝ գորգ: Վարդապետութիւնը ունի 14 աստիճան: Առաջին չորսը մասնաւոր վարդապետութեան աստիճաններն են, իսկ մնացեալը՝ կը տրուին ծայրագոյն վարդապետութեան ձեռնադրութեան ընթացքին:
3. Եպիսկոպոսութիւն եւ Արքեպիսկոպոսութիւն.- Եպիսկոպոսը, անցեալին, եկեղեցւոյ բարձրագոյն աստիճանն էր, որ կը նշանակէ տեսուչ: Այս պարագային՝ եկեղեցւոյ տեսուչ: Ան ժողովուրդի առաջնորդն է եւ թեմի կառավարիչը: Եպիսկոպոսը իշխանութիւն ունի կատարելու ձեռնադրութիւնները եւ քահանայական օծումը: Կրնայ կատարել նաեւ, սրբապատկերներու օծում եւ մատաղի օրհնութիւն: Իսկ արքեպիսկոպոսը, անցեալին, իր իշխանութեան տակ ունէր մէկ կամ աւելի եպիսկոպոսներ: Սակայն, ներկայ ժամանակներուն, արքութիւնը պարզ տիտղոս մը դարձած է: Այդ մէկը կը տրուի Վեհափառին կողմէ, յատուկ կոնդակով մը:
4. Պատրիարք.- Կաթողիկոսութենէն աստիճան մը նուազ, առանց օծումի կատարուող ձեռնադրութիւնն է: Պատրիարքը օծուած եպիսկոպոսն է կամ արքութեան կարգին արժանացած սրբազանն է:
5. Կաթողիկոս.- Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրագոյն պաշտօնն է: Կաթողիկոս կը նշանակէ ընդհանուր պետ: Ան նախանձախնդիր պահապանն է Առաքելական Եկեղեցւոյ դաւանանքին, ծէսին, կանոններուն եւ աւանդութեան: Ան կը կոչուի նաեւ քահանայապետ, եպիսկոպոսապետ, հովուապետ եւ հայրապետ: Կաթողիկոսն է, որ իրաւասութիւնը ունի ձեռնադրելու եւ օծելու եպիսկոպոսները եւ օրհնելու սրբալոյս միւռոնը: Անցեալին, նաեւ կ'օծէր թագաւորները: Իր տնօրինումով է, որ կը վճռուին եկեղեցւոյ վարչական եւ դաւանաբանական խնդիրները: Ինչպէս նաեւ, միայն կաթողիկոսն է, որ իրաւունքը ունի ամուսնալուծում վճռելու:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]https://en.wikipedia.org/wiki/Subdeacon
https://en.wikipedia.org/wiki/Deacon
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծիսական Գիտելիքներ, Սուրէն Արք. Գաթարոյեան, Մոնթրէալ, 2014