Jump to content

Պերլինի Վեհաժողով

(Վերայղուած է Պեռլինի Վեհաժողով-էն)
Պերլինի վեհաժողովի մասնակից պետութիւններու ներկայացուցիչները

Պերլինի վեհաժողով, 1 Յունիս 1878-էն (13 Յունիս) առ 1 Յուլիսը (13) կայացած միջազգային վեհաժողով, որ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Աւստրոյ-Հունգարիոյ ջանքերու արդիւնքով հրաւիրուածէր Սան-Ստեֆանոյի պայմանագրի վերանայման նպատակով Պերլինի մէջ։ Մասնակից պետութիւններն էին՝ Ռուսաստանը, Օսմանեան կայսրութիւնը, Անգլիան, Աւստրոյ-Հունգարիան, Ֆրանսան, Իտալիան եւ Գերմանիան։ Վեհաժողովը աւարտած է փաստաթուղթի ընդունմամբ, որ պատմութեան մէջ մտած է Պերլինի դաշնադրութիւն անունով։ վեհաժողովի արդիւնքներէն մէկը այն էր, որ Արեւմտեան Հայաստանի հարցը միջազգային դիւանագիտութեան մէջ մտաւ որպէս «Հայկական հարց»։

Վեհաժողովին նախօրեակին՝ 4 Յունիս 1878, գաղտնի համաձայնութեամբ մը Օսմանեան կայսրութիւնը Կիպրոսը Անգլիոյ կը յանձնէ։

Պերլինի վեհաժողովն ու հայերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Մկրտիչ Խրիմեանը (Խրիմեան Հայրիկ)

Մկրտիչ Խրիմեանը կը մասնակցի Պերլինի վեհաժողովին որպէս Օսմանեան կայսրութեան հայ ժողովուրդի ներկայացուցիչ։ Խրիմեանը վեհաժողով կը ներկայացնէ Գրիգոր Օտեանի կազմած Հայաստանի «Ինքնավարութեան ծրագիրը», որու հաստատուելու պարագային կը ճանչցուէր Հայաստանի անկախութիւնը Օսմանեան կայսրութենէն։ Աւստրոյ-Հունգարիոյ պատուիրակութեան ղեկավար Անտրաշին կ՚առաջարկէ օրակարգին մէջ ընդգրկել Հայաստանի ինքնավարութեան ծրագիրը։ Պերլինի մէջ Ռուսաստանի պատուիրակութեան ղեկավար՝ Ալեքսանդր Գորչակովը վիթօ կը դնէ Հայաստանի ինքնավարութեան ծրագիրը վեհաժողովի օրակարգ ընդգրկելու վրայ՝ պատճառաբանելով, թէ հայերը անկախութիւն չեն ուզեր։ վեհաժողովի աշխատանքներու ընթացքին Գորչակովին կը փոխարինէ Փէոթր Շուվալովը։ Եւ Խրիմեանի խնդրանքով, Անգլիոյ ներկայացուցիչ Սոլսբերին կրկին կ՚առաջարկէ օրակարգ մտցնել Հայաստանի Ինքնավարութեան ծրագիրը, սակայն Ռուսաստանի պատուիրակութեան ղեկավար Շուվալովը կրկին վիթօ կը դնէ։ Այդ պատճառով Հայաստանի անկախութեան հարցը չի մտներ Պերլինի վեհաժողովի օրակարգ, սակայն Սոլսբերիի առաջարկով օրակարգ կը մտնէ բարենորոգումներ իրականացնելու հարցը, որ կը ներառուի դաշնադրութեան մէջ։

Պերլինի դաշնադրութիւնը եւ հայերը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պերլինի դաշնադրութեան մէջ Սան-Ստեֆանոյի պայմանագրի 16-րդ յօդուածի փոխարէն մտցուած է նոր յօդուած՝ 61-րդը, ուր ըսուած էր հետեւեալը. «Բարձր Դուռը յանձն կ՚առնէ հայաբնակ վայրերուն մէջ անյապաղ իրագործել տեղական պահանջներէն բխող բարեփոխումներ եւ ապահովել հայերու անվտանգութիւնը քուրտերէն ու չերքեզներէն։ Այդ նպատակով ձեռնարկուած միջոցառումներու մասին ան պարտաւոր է պարբերաբար հաղորդել պետութիւններուն, որոնք պէտք է հսկեն անոնց գործադրութիւնը»։ Սակայն այդ յօդուածի իրագործման հսկողութիւնը դրուած էր վեհաժողովի մասնակից բոլոր պետութիւններու վրայ, որ վերջիններուս հնարաւորութիւն կու տար միջամտելու Թուրքիոյ ներքին գործերուն։ Վեհաժողովը կը պարտաւորեցնէր Ռուսաստանին իր զօրքերը անյապաղ դուրս բերել գրաւուած տարածքներէն եւ ոչ մէկ երաշխիք կու տար 61-րդ յօդուածի կենսագործման համար։ Բացի այդ, «Հայաստան» բառը կը փոխարինուէր «Հայկական մարզեր» եւ «Հայաբնակ վայրեր» բառակապակցութիւններով։ Այսինքն՝ օսմանեան կողմը կ՚ազատէր այդ երկրամասը հայերու հայրենիք ընդունելու Սան-Ստեֆանոյի պայմանագրի ձեւակերպումէն[1]։

Ռուսաստանին կ՚անցնէր Կարսի մարզը, իսկ Ալաշկերտն ու Բայազետը կը յանձնէին Թուրքիոյ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Կիրակոսfան Ա.Ջ. Հայկական հարցը եu հայերի ցեղասպանութjւնը (պատմաիրաuական եռալեզու տեղեկանք). - Եր.։ «Նորավանք» ԳԿՀ, 2006. - 103 էջ:
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։