Պարտէզ (ամսագիր, Պոլիս)

Պարտէզ
Տեսակ մանկապատանեկան ամսաթերթ
Խմբագիր Ատրինէ Տատրեան եւ Արմենուհի Էօզեր
Հիմնադրուած է 1946
Հրատարակման վայր Պոլիս

«Պարտէզ», մանկապատանեկան պատկերազարդ ամսաթերթ։ Լոյս տեսած է 1946-1967 թուականներուն, Պոլիս։ Խմբագիրներ՝ Ատրինէ Տատրեան, Արմենուհի Էօզեր։

Տպագրած է հայ գրողներու (Աթաբէկ Խնկոյեան, Հայրապետ Հայրապետեան, Ստեփան Զօրեան, Արշաւիր Դարբնի եւ ուրիշներ) մանկական ստեղծագործութիւնները, ինչպէս նաեւ ռուս, թուրք, արեւմտաեւրոպացի հեղինակներու գործերը։

«Մեծ մարդիկ», «Նշանաւոր մարդիկ» խորագիրներով պատմած է անուանի երգահաններու, նկարիչներու, գիտնականներու ու մանկավարժներու մասին։ Լուսաբանած է խորհրդահայ արուեստն ու մշակոյթը։

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։