Ատրինէ Տատրեան
Ատրինէ Տատրեան | |
---|---|
Ծնած է | 26 Դեկտեմբեր 1913 կամ 1915[1] |
Ծննդավայր | Չորում, Թուրքիա |
Մահացած է | 21 Փետրուար 2002 |
Մահուան վայր | Նիս |
Քաղաքացիութիւն | Հայաստան |
Ուսումնավայր |
Արամեան Ունճեան Վարժարան Նոթր Տամ տը Սիոն Ֆրանսական վարժարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ |
Մասնագիտութիւն | գրագէտ, թատերագիր |
Ատրինէ Տատրեան (26 Դեկտեմբեր 1913 կամ 1915[1], Չորում, Թուրքիա - 21 Փետրուար 2002, Նիս), արձակագիր, թատերագիր եւ բանաստեղծ։
Կեանք եւ գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Չօրում «Թուրքիա»: Իր նախակրդութիւնը ստացած է Տատեան եւ Արամեան-Ունճեան վարժարաններուն մէջ: Ապա յաճախած է Գատըգիւղի՝ Նոթր Տամ Տը Սիոն ֆրանսական քոյրերու վարժարանը: Աշակերտած է նաեւ Սիպիլի:
Հետեւած է Վիեննայի եւ Պերլինի համալսարաներու դասընթացքներուն: Տարի մը ուսուցչագործած է Արամեան-Ունճեանի մէջ:
Աշխատութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1945-էն մինչեւ 1968, հրատարակած է «Պարտէզ» մանկապատանեկան հանդէսը Բագարատ Թեւեանի հետ. օգնութեամբը Արմենուհի Էօզէրի:
Մշակած է՝ պատմուածք, քերթուած, հէքեաթ, վէպ, թատերգութիւն, մանկավարժական եւ ընկերային յօդուածագրութեան սեռերը:
Գրած է նաեւ մանկական թատերախաղեր եւ դասագիրքեր:
Վէպեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր «Հայրը» վէպը իբր թերթօն հրատարակուած է՝ «Նոր Լուր» օրաթերթին մէջ: Իր վէպերէն հրատարակուած են՝
- «Մայթերու վրայ»,
- «Գեհենի ճամբուն վրայ»,
- «Չորրորդ մը կը փնտռուի»,
- «Հեղինակ կեցիր»:
Թատերգութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լոյս ընծայած է նաեւ շատ մը մանկական թատերգութիւններ. որոնք ներկայացուած են Պոլսոյ մէջ եւ հրատարակուած երեք հատորներու մէջ՝ «Մանկապատենական Թատրախաղեր» խորագրով:
Իր «Յարդի Շիւղեր Հոսանքի Վրայ» թատերախաղը 1955-ին շահած է Եգիպտոսի գրական, թատերական մրցման առաջնութիւնը:
«Մարդը Մարդ Ընելու Համար» եւ «Պանդոկին Սենեակները» թատերգութիւններէն զատ Էսայեան Սանուց Միութեան մէջ ներկայացուած «Վանօ Եւ Մարօ» երգախառն քերթուած-թատերգութիւնն ալ արժանացած է գնահատանքներու:
Բանաստեղծութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ա. Տատրեանի բանաստեղծական հատորներէն են՝
- «Հրդեհ կայ մարեցէ՛ք»,
- «Մարդ մը եւ աշխարհ մը»:
Յուշագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Իր յուշերը հրատարակուած են՝ «Կեանքի մէջէն. Իմ եւ ուրիշներու կեանքը» անուն հատորով մը:
Հեղինակը իր կեանքի վերջին տարիներուն հաստատուած էր Ֆրանսայի՝ Նիս քաղաքին մէջ:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Հանրապետական Շրջանի Իսթանպուլահայ Գրականութեան Արդի Գրողներ»։