Jump to content

Պարոյր Մասիկեան


Պարոյր Մասիկեան
Ծնած է 4 Հոկտեմբեր 1914(1914-10-04)
Ծննդավայր Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 5 Սեպտեմբեր 1989(1989-09-05) (74 տարեկանին)
Մահուան վայր Գահիրէ, Եգիպտոս
Ուսումնավայր Պէրպէրեան ՎարժարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Փարիզի ՀամալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Պրիւքսէլի ազատ համալսարանԿատեգորիա:Վիքիդատա։Կատեգորիայի կարիք ունեցող հոդվածներ
Մասնագիտութիւն արձակագիր, թատերագիր, երաժիշտ
Աշխատավայր Յուսաբեր
Ջահակիր
Սփիւռք

Պարոյր Զաքարիայի Մասիկեան (4 Հոկտեմբեր 1914(1914-10-04), Ատանա, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն - 5 Սեպտեմբեր 1989(1989-09-05), Գահիրէ, Եգիպտոս), հայ արձակագիր, թատերագիր, երաժիշտ։

Պարոյր Մասիկեանը սորված է Կ. Պոլսոյ Պէրպէրեան վարժարանին մէջ, այնուհետեւ՝ Փարիզի եւ Պրիւքսէլի համալսարաններուն մէջ։ 1936 թուականին հաստատուելով Գահիրէի մէջ, աշխատած է իբրեւ փաստաբան։ Աշխատակցած Է եգիպտահայ մամուլին («Յուսաբեր», «Արեւ», «Ջահակիր»), ինչպէս նաեւ Պէյրութի «Սփիւռք» շաբաթաթերթին:

Հրատարակած է պատմուածքներու ու կատակերգութիւններու («Մեր կեանքը», 1946, «Կոտրած խաչեր», 1959, «Տեղատարափ», |1962) ժողովածուներ:

«Խաչը», «Թոռնիկս», «Միլիոնը», «Աղջիկտես» կատակերգութիւնները ներկայացուած են Սփիւռքի բեմերուն վրայ։

Մասիկեան գրած է նաեւ «Էրզրումի կլոր պարը» կարճ թատրերգութիւնը, որ բեմադրուած է Գահիրէի, Նիւ Եորքի եւ այլ շրջաններու մէջ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. ով ով է. Հայեր. Կենսագրական հանրագիտարան, հատոր երկրորդ, Երեւան, 2007