Jump to content

Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիր

Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիր
Տեսակ ՄԱԿ-ի մասնագիտացուած գործակալութիւն[1][2][3]
Երկիր  Իտալիա
Կարգախօս fiat panis
Հիմնադրուած 1961
Գլխաւոր գրասենեակ Հռոմ, Իտալիա
Ղեկավար Qu Dongyu?[4]
Վերադաս կազմակերպութիւն ՄԱԿ-ի Տնտեսական եւ Ընկերային Խորհուրդ[5]
Կայքէջ fao.org

Պարէնի համաշխարհային ծրագիր (ՊՀԾ, անգլերէն՝ Food and Agricultural Organization․ FAO), աշխարհի ամենամեծ մարդասիրական կազմակերպութիւնը։

ՄԱԿ-ի պարէնի համաշխարհային ծրագիրը հիմնադրուած է 1961-ին, իբրեւ տեսլական ունենալով, բոլոր ժամանակներու իւրաքանչիւր այր մարդու, կնոջ եւ երեխայի համար, հասանելի դարձնել անհրաժեշտ սննդամթերք, գործունեայ եւ առողջ կեանք մը ապրելու համար:

Ան տարեկան կը սպասարկէ 86.7 միլիոն մարդու, աշխարհի 83[6] երկիրներու մէջ: ՊՀԾ-ն ջանք չի խնայեր աշխարհի երեսէն սովը վերացնելու համար:

Անոր ծրագրերը հիմնականին մէջ կ'անդրադառնայ  սովի հիմնարար պատճառներուն, համայնքներու կայունութեան եւ պարէնային օգնութեան ծրագիրներով[7]:

9 Հոկտեմբեր 2020-ին Նոպէլեան մրցանակին Խաղաղութեան Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր։ 

Այս առթիւ ՊՀԾ-ն հրապարակած է հետեւեալ գրութիւնը․

Ի սրտէ շնորհակալութիւն Նոպէլեան Կոմիտէին, Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը պատուելու համար 2020 նոպէլեանի մրցանակով։ Ասիկա զօրեղ յիշեցում է աշխարհին թէ խաղաղութիւնը եւ զէռօ անօթութիւնը կ՛ընթանան զուգահեռ։
- Պարէնի համաշխարհային ծրագիր


Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]