Jump to content

Պայքար (թերթ, Պոլիս)

Պայքար
Տեսակ շաբաթաթերթ
Հիմնադրուած է 1967
Հրատարակման վայր Պոլիս

«Պայքար», հասարակական, մշակութային շաբաթաթերթ։

Լոյս տեսած է 1967-1971 թուականներուն, 1974 թուականին (նոր շրջան), Պոլիս։ Խմբագրապետ-արտօնատէր՝ Յակոբ Սուապեան, խմբագիրներ՝ Երուանդ Կոպէլեան, Կարպիս Մուրատեան։

Սփիւռքին, յատկապէս պոլսահայութեան, ներկայացուցած է Հայաստանի տնտեսութեան, գիտութեան եւ մշակութային ձեռբերումները։

«Թուրք մամուլ» շաբաթական տեսութիւնը լուսաբանած է Թուրքիոյ ներքին եւ արտաքին քաղաքական կացութիւնը, համաշխարհային իրադարձութիւնները։

Ունեցած է գրականութեան եւ արուեստի հարուստ բաժին, ուր մեծ մասամբ տպագրուած են հայ դասական եւ ժամանակակից գրողներու ստեղծագործութիւններ, քննադատական յօդուածներ անոնց գործերուն վերաբերեալ։

Ծանօթացուցած է Հայաստանի պատմական յուշարձանները, համաշխարհային արուեստի ներկայացուցիչները։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ նրա մասը վերցուած է «Հայ Սփյուռք» հանրագիտարանէն, որի նիւթերը թողարկուած են` Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։