Jump to content

Կարպիս Մուրատեան

Կարպիս Մուրատեան
Ծնած է 15 Դեկտեմբեր 1924(1924-12-15)
Ծննդավայր Քադըքյոյ, Պոլիս, Թուրքիա
Մահացած է 22 Սեպտեմբեր 2019(2019-09-22) (94 տարեկանին)

Կարպիս Մուրատեան (աւազանի անունով՝ Պերճ, 15 Դեկտեմբեր 1924(1924-12-15), Քադըքյոյ, Պոլիս, Թուրքիա - 22 Սեպտեմբեր 2019(2019-09-22)), հայ քրոնիկագիր, թարգմանիչ, հրապարակագիր եւ խմբագիր[1]։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Որդին է Եդուարդ Մուրատեանի եւ Աղաւնի Քիւրտեանի։ Իր մեծ հայրը՝ Կարպիս Մուրատեան Իզմիթի յայտնի նկարիչներէն եղած է, որ մահացած է Ատափազարի Ս. Հրեշտակապետ Եկեղեցւոյ ներքնամասերը նկարազարդելու պահուն ունեցած անկման հետեւանքով։

Կարպիս նախակրթութիւնը ստացած է Արամեան-Ունճեան Վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք յաճախած էէ Սէն Ժօզէֆ եւ Սէն Պընուա Ֆրանսական վարժարանները եւ վերջինէն ընթացաւարտ եղած է 1946-ին։

Բարձրագոյն ուսման հետեւած է ընդգրկելով լրագրութեան ճիւղը, եւ թղթակցութեան գծով հետեւած է Փարիզի Էքօլ Իւնիիվերսէլ փար Գորեսփոնտանս Վարժարանը եւ չորս տարուան շրջանէ ետք աւարտած է։

Ամուսնացած էր Ովսաննա Մուրատեանի հետ։

Վարած պաշտօններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարած է ուսուցչական պաշտօններ Գարակէօզեան Որբանոցի, Կետիկփաշայի Ս. Մեսրոպեան եւ Փանկալթիի Ս. Լուսաւորչեան վարժարաններուն մէջ, դասաւանդելով հայերէն։

Մամուլի մէջ հանդէս եկած է1941-ին, գրի առած հրապարակագրական յօդուածներով, քրոնիկներով, տոմսակներով ու կեանքի զանազան կողմերը պատկերող մանրապատումներով։

1953-ին անդամակցած է Արամեան Սանուց Միութեան վարչութեան։

Վարած է Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի համանուն ամսագիրի տնօրէնութիւնը։ Եղած է գլխաւոր խմբագիրը Գարակէօզեան Սանուց Միութեան «Մեր Տունը», Կազդուրման Կայանի «Քամփ», Արամեան Սանուց Միութեան «Արամազդ» ամսագիրներուն։

Աշխատակցած է «Ժամանակ» եւ «Մարմարա» օրաթերթերուն, «Քուլիս» հանդէսին, «Ճառագայթ» եւ «Պայքար» շաբաթաթերթերուն, ինչպէս նաեւ ֆրանսերէն լեզուով Պթլսոյ մէջ հրատարակուող «Լա Կազէթ» եւ «Ժուրնալ Տ՚Օրիան» օրաթերթերուն։

Հրատարակութիւններ, թարգմանութիւններ եւ յօդուածներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Իրիկուան Տոմսեր» ընդհանուր խորագրին տակ ստորագրած քրոնիկներու շարքը լոյս տեսած է առանձին հատորով, նախաձեռնութեամբ՝ Գարակէօզեան Սանուց Միութեան, 1967 թուականին։

Ունի թարգմանութիւններ․

  • «Կարմիրը եւ Սեւը»,
  • «Մաութհաուզէն»,
  • «Օտարականը»,
  • «Սգաւոր Ձիւնը»։

Ունի ճամբորդական յօդուածաշարքեր.

  • «Անատօլուն Ինչպէս Որ Է»,
  • «Եփեսոս Իր Մարիամ Աստուածամայրով»,
  • «Երգ ու Ժպիտ Վիեննան»,
  • «Սալութէ Վենետիկ»,
  • «Ամիս Մը Արաբական Աշխարհին Մէջ»,
  • «Ինչեր տեսայ եւ լսեցի Հայաստանի մէջ»։

1955-ի ամրան բեմադրած է Գատըգիւղի մէջ խումբ մը երիտասարդներու յունարէն լեզուով ներկայացուցած Անուշ օփերէթը, գլխաւոր խաղարկութեամբ Անահիտ Սարեանի եւ Պետրոս Գամճեանի։

1999-ին հրատարակուած է «Սկսայ Ճանչնալ Մարդիկը» խորագրեալ գիրքը, մեկենասութեամբ՝ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին եւ շարունակած է աշխատակցիլ «Մարմարա» օրաթերթին, ստորագրելով քրոնիկներ։

Առողջական պայմաններու բերումով ընդհատած է իր գրչի աշխատանքը։

2013-ին իրեն ի պատիւ սարքուած գրական հանդէսին կ՚ընդերձուի օրուան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի օրհնութեան գիրը[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայրենադարձութիւն եւ ներառում. Րաֆֆի Տուտագլեան»։ CIVILNET (hy-AM)։ 2018-09-18։ արտագրուած է՝ 2022-03-07 
  2. «ՈՉ ԵՒՍ Է ԼՐԱԳՐՈՂ ԿԱՐՊԻՍ Ե. ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-03-06 
  • Գրիգոր Աւ. Քահանայ Տամատեան, «Յուշապատում Գատըգիւղի», Ե. Հատոր։