Պալուչիստան

Բնակավայր
Պալուչիստան
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "lang-bcc" does not exist։
Դրօշակ Զինանշան

Երկիր  Պակիստան[1]
Ներքին բաժանում Quetta Division?, Makran Division?, Kalat Division?, Sibi Division?, Nasirabad Division? եւ Zhob Division?
Chief Minister of Balochistan? Jam Kamal Khan? եւ Syed Zahoor Ahmad Agha?
Օրէնսդրական մարմին Provincial Assembly of Balochistan?
Հիմնադրուած է՝ 1 Յուլիս 1970
Տարածութիւն 347 190 քմ²
Բնակչութիւն 13 162 222 մարդ (2014)
Ժամային գօտի UTC+5?
Պաշտօնական կայքէջ balochistan.gov.pk

Պալուչիստան կը գտնուի Փաքիստանի արեւմտեան, Աֆղանիստանի հարաւային եւ Իրանի հարաւարեւելեան շրջանին մէջ:

Պալուչները կը խօսին պալուչերէն (հնդեւրոպական լեզու մը), անոնց թիւը կը հասնի շուրջ տասը միլիոնի, որոնցմէ աւելի քան 8 միլիոնը կը բնակի Փաքիստանի, իսկ շուրջ 1,5 միլիոնը Իրանի մէջ: Անոնք կը պատկանին իսլամական սիւննի դաւանանքին:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ըստ Նասիր Տաշթիի, պալուչները ծագած են Հայկական Բարձրաւանդակէն, յատկապէս` Վանի շրջանէն, այլ պատմաբաններ կը նկատեն, որ շուրջ 1000 տարի առաջ պալուչները գաղթած են Կասպից ծովուն շրջաններէն եւ հաստատուած` պարսկական հարաւարեւելեան շրջանները:

ԺԷ. դարուն, երբ պարսկական եւ մոնկոլական պետութիւնները սուր հակամարտութեան մէջ էին, պալուչները, շնորհիւ իրենց խորամանկ քաղաքականութեան, կը յաջողին օգտուիլ կացութենէն եւ առիթը կ'ունենան ստեղծելու իրենց առաջին անկախ իշխանութիւնը Միր Հասանի ղեկավարութեամբ: Սակայն 1839-ին անգլիացիք բռնի ուժով այդ շրջանը իրենց կայսրութեան ենթակայ կը դարձնեն` միացնելով զայն Հնդկաստանին:

Հնդկաստանի եւ Փաքիստանի անկախացումով պալուչները կը կորսնցնեն իրենց դերակատարութիւնը, եւ իրենց հայրենիքը կը բաժնուի երեք մասի` Աֆղանիստանի, Փաքիստանի եւ Իրանի միջեւ: Հակառակ անոր որ պալուչներուն քաղաքական եւ ժողովրդագրական կշիռը կը գտնուի Փաքիստանի մէջ, սակայն անոնց ազգային ինքնորոշման խնդիրը միշտ ալ կ'ոտնակոխուի եւ անոնց ղեկավարները կ'աքսորուին:

1968-ին ձախակողմեան պալուչ երիտասարդներ Դամասկոսի մէջ կը հիմնեն Պալուչական ազատագրական ճակատը, որ 1968-1980 զինեալ պայքար կը մղէ իրանեան եւ փաքիստանեան Պալուչիստանի մէջ:

2000-ին կը հիմնուի Պալուչական ազատագրական բանակը, որ ազդեցիկ յարձակումներ կը կատարէ Փաքիստանի մէջ: Հակառակ անոր որ Փաքիստան Հնդկաստանը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կ'ամբաստանէ պալուչներուն նեցուկ կանգնելու յանցանքով, սակայն այս ամբաստանութիւնը շօշափելի փաստերու վրայ չէ հիմնուած:

2003-ին Իրանի մէջ կը հիմնուի Ժունտալլահ (Աստուծոյ զինուոր) կազմակերպութիւնը, որ պալուչական, սակայն սալաֆական կազմակերպութիւն մըն էր, որուն հիմնական նպատակն էր Իրանի հարաւարեւելեան շրջաներուն մէջ ստեղծել իսլամական հանրապետութիւն մը: Իրանի կառավարութիւնը Սէուտական Արաբիան կ'ամբաստանէ այս կազմակերպութեան նեցուկ կանգնելու եւ զայն ֆինանսաւորելու յանցանքով:

Սէուտական Արաբիա եւ Իսրայէլ Իրանի դէմ կ'օգտագործեն պալուչական դատը, եւ Իրաքի պատերազմէն ետք, երբ ամերիկեան լրատուամիջոցները կը հրապարակեն «Նոր Միջին Արեւելք»ի քարտէսը, ուր Պալուչիստան անկախ երկիր մըն էր, բան մը, որ խուճապի կը մատնէ Իրանի եւ Փաքիստանի վարչակազմերը[2]:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]