Ու ես կ՛երթամ (Ճամբորդագրութիւն)
Հեղինակ | Տէր Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեանի |
---|---|
Լեզու | հայերէն |
Ոճ | ճամբորդագրութիւն |
Հրատարակչական թուական | 2005 |
«Ու ես կ՚ երթամ»․ Ճամբորդագրութիւն, ուր մէկտեղուած են Տէր Շաւարշ քհնյ․ Պալըմեանի 17 Յունուար 1964 - 13 Մարտ 1964 եւ 7 Մայիս 1967 - 29 Յուլիս 1968 քահանայական պաշտօնով դէպի արեւմտեան Հայաստան կատարած ճամբորդութիւնները։
Աշխատութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ու ես կ՛երթամ» հատորը, կը բովանդակէ Շաւարշ քահանայ Պալըմեանի քահանայական պաշտօնով դէպի գաւառ ճամբորդական յուշերը 17 Յունուար 1964-էն մինչեւ 13 Մարտ 1964 եւ 7 Մայիս 1967-էն միչեւ 29 Յուլիս 1968։ Աշխատութիւնը պարզ ճամբորդագրութիւն մը չէ, միաժամանակ պատմագրութիւն եւ ուսումնասիրութիւն մըն է որովհետեւ կը ներկայացնէ «հայ Անատոլու»ի այդ տարիներու հարազատ մէկ նկարը, որ ԻԱ․ դարասկիզբին գրեթէ ամայացած է։
Գաւառ․ հայկական գրականութեան ու պատմագրութեան մէջ կը գործածուի նաեւ ներկայացնելու համար Արեւմտեան Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ հայկական շրջանները։ Ինչպէս օրինակ՝ «գաւառի հայ բնակչութիւնը», «գաւառի եկեղեցական կեանքը», եւայլն։
Պատմագրութիւն - Ուսումնասիրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շաւարշ քհնյ․Պալըմեան որպէս գաւառի հոգեւորական կը շրջի Պատմական Հայաստանի շրջանները, յատկապէս հարաւային եւ արեւելեան նահանգները եւ կը բնութագրէ այդ վայրերու ճարտարապետական հսկայ ժառանգը՝ հինաւուրց քաղաքներն ու գիւղերը, կը բարձրանայ հայրենի լեռները, ձորերը կ՛ իջնէ, կը տեսնէ ու կը նկարէ դեռ կանգուն կամ կիսականգուն մնացած հսկայ վանքերը, բերդերը։ Պեղումներ եւ ուսումնասիրութիւններ կը կատարէ ու անոնց յատակագիծը կը գծէ։ Կ՛արձանագրէ գաւառի զանազան շրջաններուն մէջ հայ բնակչութեան պահած դարաւոր աւանդութիւններն ու անոր կողմէ երգուած դարաւոր երգերը։
Այդ բոլոր աշխատանքը կը վկայագրէ մամլոյ էջերուն վրայ («Մարմարա» թերթին մէջ) հրատարակուած յօդուածաշարքերով (1964 -1970, 57 գրութիւններ) եւ անտիպ ու անմշակ սեւագրութիւններով, ինչպէս նաեւ խօսուն լուսանկարներով։
Պարունակութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գիրքին կողքի լուսանկարները կը ցուցնեն Մշոյ Սուրբ Կարապետի առաջնորդարանի շէնքը (1964), Ս․Ծնունդի տնօրհնէք Տիյարպեքիրի մէջ (1963) եւ Մկրտութիւն Էլազըղի (խարբերդ) մէջ (1967)։
Գիրքին առաջին մասի 57 գրութիւնները քահանային պատմագրութիւններն են (էջեր 9-229)։ «Ջալհանք» տիտղոսով գրութիւնը, Շաւարշ քահանային սրտի խօսքն է (230-232) եւ կը յաջորդէ «Ինքնակենսագրական»ը (233-256)։ Իսկ «Յաւելուած» տիտղոսով բաժնին մէջ (257-270) «Յիշողութենէս հատուածներ հօրս կեանքի ոդիսականէն» գրութեամբ կ'արտայայտուի իր զաւակը՝ բժիշկ Պարգեւ Պալըմեան: Կը յաջորդէ «Ու անոնք ալ գացին» գլուխը, ուր քահանան հակիրճ կենսագրութիւններով կը ներկայացնէ իր ճամբորդութիւններուն ընթացքին ճանչցած գաւառի հայեր (271-280)։ Վերջին էջերը (281-302) կը ներփակեն ճամբորդութիւններէն նկարներ հայրենակիցներու հետ, ինչպէս նաեւ հայկական պատմական յուշարձաններու նկարներ։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Ու ես կ՛երթամ», Արաս հրատարակչատուն, հրատ․ Մարտ 2005, Ստանպուլ