Jump to content

«Արաս» հրատարակչատուն

«Արաս» հրատարակչատուն

Պոլսոյ Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող «Հըտիվեալ Փալաս» կոչուող պատմական շէնքի գետնայարկը կը գտնուի «Արաս» հրատարակչատունը:

1993-ին Հրանդ Տինքի, Մկրտիչ Մարկոսեանի եւ Եդուարդ Թովմասեանի հիմնադրած «Արաս» հրատարակչատունը երկրի մէջ հայերէն եւ թրքերէն գիրքեր հրատարակող միակ հրատարակչատունն է։ Այն ստեղծուեր է որպէս Թուրքիոյ հայերու մշակութային ժառանգութիւնը ապագայ սերունդներուն կապելու կամուրջ:

«Արաս» հրատարակչատունը՝ Թուրքիոյ տարուայ հրատարակչատուն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

29 Յունուար, 2019-ին Սթամպուլի «Արաս» հրատարակչատունը թերթերու եւ գիրքերի «Տունիա» ամսագրի կողմէն ճանչցուեր է Թուրքիոյ «Տարուայ հրատարակչատուն»:

«Արաս» հրատարակչատունին անուանելով «պատուհան դէպի հայ գրականութիւն, պատմութիւն եւ մշակոյթ՝ տարիներ շարունակ իր հրատարակած առանձնայատուկ, գրաւիչ եւ որակեալ գիրքերով»՝ «Տունիա» մրցանակային յանձնաժողովը աւելցուցած է է, թէ հրատարակչատունը ցոյց կու տայ, որ «փոխըմբռնումը կարելի է է եւ՛ կայուն արուեստի, եւ՛ գրականութեան միջոցով»։

Սեւան Տէյիրմենճեան որպէս հայկական բաժնի խմբագիր կը պաշտօնավարէ «Արաս» հրատարակչատան մէջ։ Ցարդ հրատարակած ու խմբագրած է Զապէլ Եսայեանի (Գրիգոր Պըլտեանի հետ), Եղիա Տէմիրճիպաշեանի (Ս. Դւոյեանի հետ), Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Վահան Թէքէեանի, Միսաք Գօչունեանի եւ դասական այլ հեղինակներու մամլոյ մէջ ցրուած, առանձին հատորով մը չհրատարակուած գրական գործերը, յօդուածները։

«Արաս» հրատարակչատան կայքէջի հասցէն է՝ www.arasyayincilik.com

Սեւան Տէյիրմենճեան