Ուտիներ
Ուտիները եւ հոծ թիւով հայեր Հիւսիսային Աղուանքի մէջ, Շաքիէն արեւելք եւ մինչեւ Կապաղակ, պատմութեան հնագոյն ժամանակներէն բնակած են:
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուտիները, իբրեւ քրիստոնեաներ եւ աղուաններու յետնորդներ, կ'օգտագործուին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ, անոնց միջոցով տէր կանգնելու համար հայկական եկեղեցական ժառանգութեան, զայն ներկայացնելով իբրեւ աղուանական-ազրպէյճանական:
Ըստ Ազրպէյճանական «պատմական» փաստարկութիւններուն, ուտիները նաեւ Արցախի իրաւատէրերն են:
Ազրպէյճանի մէջ ընթացք առած է ուտիական կոչուող եկեղեցւոյ կազմաւորումը, իբրեւ նախաքայլ Ազրպէյճանի Աղուանից եկեղեցւոյ վերականգնման:
Աղուանական ուտիական առաքելական կոչուող եկեղեցւոյ կեդրոնը Նիժ գիւղն է:
Ազրպէյճանական իշխանութիւններուն համար, ուտիական կոչուող եկեղեցին, իբրեւ պատմական Աղուանից եկեղեցւոյ «իրաւայաջորդ», բոլոր իրաւունքները ունի տնօրինելու Արցախի եւ շրջակայքին մէջ գտնուող բոլոր եկեղեցիները, վանքերը, անոնց ունեցուածքներն ու մշակութային ժառանգութիւնը: Անիկա իրաւունք ունի նաեւ տէր կանգնելու աղուանական «Երուսաղէմեան» ժառանգութեան եւ «արեւելեան Անատոլուի» քրիստոնէական յուշարձաններուն, որոնց շարքին` Աղթամարի Սուրբ Խաչ տաճարին:
Ուտիները հին աղուանական քսանվեց ցեղերէն մէկն են, եւ միակը, որոնք թուրք թաթարական արշաւանքներէն ետք յաջողած են պահպանել իրենց ինքնութիւնը, լեզուն եւ քրիստոնեայ հաւատքը:
Ուտիները սերտ կապերով միացած են հայերուն, եւ նկատուած են հայ ժողովուրդին մէկ մասնիկը[1]: Աղուանից եկեղեցին սկիզբէն դաւանական միութեան մէջ եղած է Հայ եկեղեցւոյ հետ եւ հետագային ամբողջովին միաձուլուած անոր մէջ:
Ուտիերէն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուտիերէնը հին կովկասեան լեզու է եւ ունի երկու բարբառ` Նիժի եւ Վարդաշէնի: Հաւանաբար, անիկա Աղուանքի հիմնական լեզուն եղած է, որ ունեցած է Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Բենիամինի կողմէ ստեղծուած իր այբուբենը:
Ուտիներուն համար հայերը իրենց եղբայրներն են: Ուտիախօս ըլլալով, անոնք տիրապետած են հայերէնին եւ հայերէն այբուբենը օգտագործած են: Եկեղեցական արարողութիւնները կատարուած են հայկական ծէսով եւ հայերէն լեզուով:
Ուտիները գլխաւորաբար հայկական անուն-մականուններ, ինչպէս նաեւ հայկական արձանագրութիւններով եկեղեցիներու տապանաքարեր ունին:
Պատմութեան ընթացքին ուտիները կը ճաշակեն հայ ժողովուրդին ճակատագիրը: Երկու բախտակից ժողովուրդներ` պարբերակար կ'իսլամացուին, կը թրքացուին, կը ջարդուին ու կը բռնագաղթուին:
Բնակչութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուտիները ներկայիս շուրջ տասը հազար հոգի կը հաշուեն, որուն հազիւ չորս հազարը մնացած է իր բնօրրանին, ներկայ Ազրպէյճանի մէջ:
Ազրպէյճանի մէջ ուտիները ենթարկուած են «վերափոխման»: Փոխուած են անոնց հայկական անուններն ու ազգանունները: