Jump to content

Վարդաշէն

Բնակավայր
Վարդաշէն
Երկիր  Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն[1]
Javid Abdul-Gadirov?
ԲԾՄ 630±1 մեթր, 652 մեթր
Պաշտօնական լեզու ազրպէյճաներէն
Բնակչութիւն 7400 մարդ (2019)[2],
6891 մարդ (2009)[2],
5142 մարդ (1989),
3508 մարդ (1959),
1262 մարդ (1921)
Ժամային գօտի UTC+4։00
Փոստային ցուցանիշ AZ 4800
Շրջագայութեան պետ-համարագիր 48[3]
Պաշտօնական կայքէջ oguz-ih.gov.az

Վարդաշէն հայ եւ ուտի բնակչութեամբ պատմական աւան է Շաքիէն արեւելք, Մեծ Կովկասի լեռներուն հարաւը, լայնատարած ձորի լանջին, 630 մեթր բարձրութեան վրայ:

Հայկական 1466 թուակիր յիշտակարանի մը համաձայն բնակավայրը կոչուած է նաեւ Գիւլիստան եւ Վարդուտ:

Հայոց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, հոյակերտ եւ ընդարձակ, ունէր հետեւեալ արձանագրութիւնը. «1830 ամի սկսեալ Սուրբ Աստուածածնայ եկեղեցիս, մինչեւ աւարտեալ 1838 ամի. երախտիք ունէր Եթար Եաղուբեանցին, որ կին կոչի Առաքել Մուրատեանցին, ո՛վ հանդիպողք տո՛ւք ողորմի իւր որդի Մկրտչին»: Եկեղեցւոյ բակին մէջ ամփոփուած էր բարերարին մարմինը. մահարձանին վրայ արձանագրուած էր. «Այս է տապան Վարդաշէնցի պարոն Առաքել Մուրատեանցին, յետ մահուան աշխատեաց ժառանգն այսմ տապանին, որ էր Յովհաննէս բէկ որդի սորին. յիշեցէք, ով ընթերցողք, այս լուսահոգին բարեսէր, բարեջան, ազգասէր եւ բարեհոգին 1848 ամին»:

Եկեղեցւոյ մէջ պահուած գրչագիր Աւետարանի յիշատակարանին մէջ արձանագրուած է.

«Աւարտեցաւ Սուրբ Աւետարանս տիեզերալոյս վարդապետին Քրիստոսի Աստուծոյ մերոյ… ի թուականութեանս Աբեթական տումարի ՉԿԴ (1315), յամս առաքելաշնորհ արհի եպիսկոպոս տեառն Յովհաննիսի մականուամբ Աւրբէլ (Օրբէլ) կոչեցելոյ` ձեռամբ նուաստ եւ ոսկեգիր գրչապետի մեծ րաբունապետի Խաչատուր Կեչառեցի գծագրեցաւ ի քաղաքիս Յեղեքիս ի տէրութեան արեաց վեհագունի եւ իշխանաց իշխեցողի մեծ կոմսի եւ կողմնակալի Բուրթելին եւ նորին հազարապետի Բուղտային, ի խնդրոյ սրբասնունդ քահանայի Սահակայ»:

Եկեղեցւոյ կողքին Սուրբ Սահակեան դպրոցն էր, որուն ծախսերը մեծ մասամբ Պաքուի Մարդասիրական ընկերութեան կողմէ կը հոգացուէին: Դպրոցի մուտքին արձանագրուած էր. «Կրթարանս կառուցեալ է ի յիշատակ հայրենեացն ի Յարութիւն բէկէ Սիլիկեանց եւ վերանորոգեալ յորդւոց նորա 1876»:

Վարդաշէնի մէջ կային մետաքսաթելի եւ խեղեցէն կղմինտրի պատրաստութեան գործարաններ[4]:

Սուրբ Եղիշէ առաքեալին եկեղեցին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վարդաշէնէն երկու քիլոմեթր հարաւ, գետակի աջ ափին Սուրբ Եղիշէ առաքեալի եկեղեցին է: Աւանդութեան համաձայն անիկա կառուցուած է աղուանից առաջին լուսաւորիչ Սուրբ Եղիշէ առաքեալի կողմէ: Եղիշէ առաքեալ երեք աշակերտ ունեցած է. Վլաս, Քահալցիցիկ եւ Գոմ-Մուրատ: Առաքեալը եւ անոր աշակերտները նահատակուած են: Եկեղեցւոյ մասին յիշատակութիւն պահպանուած է 1310-ի արձանագրութեան մը մէջ:

Անիկա 1811-ին վերանորոգուած է վարդաշէնցի Առաքել Մուրատեանին նուիրատուութեամբ:

Ծառաստաններով շրջապատուած եկեղեցւոյ արեւելեան կողմը երկու մատուռներ կային, որոնք աւանդութեան համաձայն Եղիշէ առաքեալին նահատակուած աշակերտներուն գերեզմաններն են:

Սուրբ Եղիշէ առաքեալին եկեղեցին եւ շրջապատը պարսպապատ էին: Հիւսիսային կողմը միաբաններու կացարան էր, հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Յիշատակ է սենեակս վարդաշէնցի Մաթոսի եւ իւր կողակից Աննայի Վարդանեանց 1890 ամի»:

Սուրբ Եղիշէ առաքեալի եկեղեցին մեծ ուխտատեղի էր:

Վարդաշէնի բնակչութեան բացարձակ մեծամասնութիւնը մինչեւ 1980-ական տարիները ուտիներ եւ հայեր էին: Արցախեան շարժման ժամանակ անոնք կը բռնագաղթուին եւ փոխարէնը հոն թաթարներ կը վերաբնակեցուին:

Վարդաշէն 1991-ին կը վերանուանուի Օղուզ եւ այժմ շուրջ եօթը հազար բնակիչ ունի: Գիւղին երբեմնի շուրջ երեք հազար ուտիներէն հոն մնացած է նուազ քան հարիւր հոգի:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]