Նիժ

Բնակավայր
Նիժ
Երկիր  Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն
ԲԾՄ 423 մեթր
Բնակչութիւն 5744 մարդ
Ժամային գօտի UTC+4։00

Նիժ, բնակավայր՝ Կապաղակէն քսան քիլոմեթր հարաւ-արեւմուտք, 423 մ բարձրութեամբ դաշտավայրի մը մէջ:

Նիժ, շուրջ ութ հարիւր տուն բնակչութեամբ, եղած է Կապաղակ գաւառի ամէնէն մեծ եւ շէն գիւղերէն: Բնակիչները` ուտիներ եւ ուտիախօս, հայադաւան, յիշուած են իբրեւ ջերմեռանդ հաւատացեալ, հիւրասէր, ժիր, գործունեայ, աշխուժ եւ որսորդ հաւաքականութիւն: Անոնց քաջութեան հռչակը տարածուած էր ամէնուրեք:

Նիժեցիք 1724-1725 տարիներուն ռուսաց Մեծն Պետրոս կայսրին նամակներ կը գրեն եւ օգնութիւն կը խնդրեն իսլամ թաթարներու տիրապետութենէն ազատագրուելու համար:

Նիժի թաղերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նիժ բաղկացած է չորս թաղերէ:

Վերին թաղ կամ Մալբէլ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով եւ շուկայով: Միջին թաղ կամ Պիծիլու, Սուրբ Եղիշէ եկեղեցիով: Ներքին թաղ կամ Դարաբաղ, Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիով: Վերջին թաղ կամ Ղոջաբէկլու, Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցիով:

Նիժի մէջ կը գործէր Սուրբ Մեսրոպեան դպրոցը` մէկ ուսուցիչով եւ քանի մը տասնեակ աշակերտով[1]:

Վերին կամ Մալբէլ թաղը տարածուած է Նիժի հիւսիսային կողմը: Սուրբ Աստուածածին եռանաւ գմբէթաւոր ընդարձակ եւ շքեղ եկեղեցւոյ կառուցումը կը սկսի 1890-ին:

Եկեղեցւոյ հարաւային մուտքին քանդակուած է խաչ, հետեւեալ արձանագրութեամբ. «Ի 1890 թ(ուի)ն կը սկսի այս Նիժ գիւղի Վեր(ին) թաղիս Ա(ստուա)ծածին եկեղեցւոյ շինութիւնը հասարակութ(եա)ն ծախքով, աւ(արտ) 189 . թ.»:

Եկեղեցւոյ հարաւային մուտքին ձախ կողմը, պատին վրայ նկարուած է Սուրբ Էջմիածնայ Մայր տաճարը եւ անոր շրջակայ շինութիւնները` հետեւեալ արձանագրութեամբ. «… Էջմիածնի յիշատակ է Զանի Գալուստեան… որդի Առաքել Վեզիբեանից, 1914 թ. հոկտ(եմբեր)»:

Եկեղեցւոյ արեւելեան եւ հարաւային կողմը ընդարձակ գերեզմանոցն է:

Գերեզմանատան մէջ ամփոփուած են նիժեցի իշխաններու աճիւնները: Տապանաքարերուն վրայ արձանագրուած է.

«Այս է տապան զառամեալ ծերունին իշխան նիժեցւոյ Պօղոս Մատթէոսեանին, լոկ ասուի անուն իմ աշխարհին ազկաւ Լուսաւորչին, ուտիախօս ցեղին, ձգողն է տապանիս քարին Մինաս թոռն սորին վախճ. 1877 ամի 2 Մարտի»:

«Այս է տապան Մարկոս Աղաջանեանիս, իշխան նիժեցւոյ ուտիախօս ցեղիս, ազգաւ հայ դաւանող Լուսաւորչիս»:

Միջին կամ Պիծիլու թաղը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կոչուած նաեւ Տարամահլա, Նիժի ամենահին թաղն է:

Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին կառուցուած է Սուրբ Եղիշէ առաքեալին աշակերտ Վլաս նահատակին գերեզմանին վրայ:

Նիժի երկարամեայ հովիւ Տէր Աստուածատուր քահանայ Ենգիբարեան Ջոդանեանց 1823-ին նորոգեց եկեղեցին: Եկեղեցւոյ մուտքին արձանագրուած է. «Կառուցեալ ի յայս եկեղեցի անուամբ ս(ր)բուն Եղիշէի, հալալ արդեամ(բ)ք Ենգիբարեան Տ(է)ր Ա(ստուա)ծատուր ք(ա)հ(ա)ն(ա)յ եւ եղբայր Յոհանի Լուսաւորչական»:

Սուրբ Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ հետագային կը քահանայագործէ Տէր Աստուածատուր քահանային թոռը` Տէր Աւետիք քահանայ Օհանջանեան Ջոդանեանց, որուն 1859-ին յաջորդեց Տէր Յովհաննէս քահանայ Տէր Աստուածատրեան Ջոդանեանց: Հետագային իբրեւ եկեղեցւոյ հովիւ յիշուած է Տէր Համբարձում քահանայ Աւագեան Դալլաքեանց:

Եկեղեցին 1879-ին վերանորոգուած է նիժեցիներու ջանքերով:

Սուրբ Եղիշէ եկեղեցին 2004-ին կրկին նորոգուեցաւ եւ հայկական բոլոր արձանագրութիւնները ոչնչացուեցան: Նաեւ եկեղեցին շրջապատող գերեզմանաքարերու հայերէն գրութիւնները ջնջուեցան:

Եկեղեցին կը պիտակաւորուի իբրեւ աղուանական, եւ ինքնահռչակ Աղուանական առաքելական եկեղեցւոյ աթոռանիստ կը հռչակուի:

Ներքին կամ Դարաբաղ թաղ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թաղին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 1869-ին, իշխան Գալուստ հարիւրապետի նուիրատուութեամբ: Յիշատակարանին մը մէջ արձանագրուած է. «Նիժ ասացեալ գիւղում ուտիաբարբառ ազգասէր Գալուստ իւզբաշին իւր հայրենի հետուց ընթացակից լինելով, ցոյց տուաւ նորերումս իւր ջերմեռանդութեան գովելի պտուղը, կանգնելով իւր սեպհականութիւնից մի գմբէթաձեւ փառաւոր կոփածոյ քարամբք եկեղեցի. այս ազգասիրի ջերմեռանդութեան, ցոյցը տեսնելով, եւ փոխանորդ արժանապատիւ հայր Արիստակէս վարդապետը, նորա ազգասիրական եւ Աստուածահաճոյ ձեռնարկը օրհնելէն զկնի, յորդորեց, որպէս զի կատարելագործէ իւր բարեգործութիւնը, յաւելլով ի վերայ` եւ մի վարժարան նոյն իսկ եկեղեցւոյ պարսպի մէջ ուտիախօս մանկտեաց դաստիարակութեան համար»:

Եկեղեցւոյ կողքին գտնուող Սուրբ Մեսրոպեան դպրոցը բացուած է 1876-ին եւ անխափան գործած շուրջ 75 տարի:

Վերջին թաղը՝ Նիժի հարաւային կողմը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին կառուցումը սկսած է 1866-ին եւ աւարտած 1869-ին: Եկեղեցւոյ հարաւային մուտքի բարաւորին վրայ արձանագրուած է. «Ռստակեանց յիշատակ կենդանեաց եւ ննջեցելոց իւրեանց հիմնեցաւ ի թուին հայոց ՌՅԺԵ (1866), աւարտեցաւ ՌՅԺԸ (1869)»:

Կապաղակի, Նիժի եւ շրջակայքի հայերն ու ուտիները թաթար իսլամ ցեղերու տեւական յարձակումներուն ու բռնութիւններուն ենթարկուած էին: Կարգ մը գիւղեր իսլամացուած էին եւ կորսնցուցած իրենց հայկական եւ ուտիական քրիստոնէական դիմագիծը, բայց Կապաղակ, Նիժ եւ Վարդաշէն յաջողած էին պահպանել իրենց ինքնութիւնը:

Ռուսական 1917-ի բոլշեւիկեան յեղափոխութենէն ետք քաոսային վիճակ ստեղծուեցաւ: Իշխանութիւն չէր մնացած, եւ թաթար ցեղախումբերը, սպառազինուած, սանձարձակ յարձակումներ կը գործէին հայկական եւ ուտիական բնակավայրերուն վրայ:

Ազգամիջեան եւ քաղաքացիական պատերազմի պայմաններուն տակ Նիժ մեկուսացած էր եւ գրեթէ շրջափակուած: Թաթարներ վայրագ յարձակումներ շղթայազերծեցին Նիժի վրայ եւ բռնութիւններով ու սպանութիւններով կը ստիպեն գիւղացիներուն հեռանալու շրջանէն: Ազրպէյճան արհեստածին պետութեան կազմաւորումէն ետք ալ Նիժի եւ շրջակայքին դէմ յարձակումները շարունակուեցան, մինչեւ որ 1920-ին խորհրդային իշխանութիւն հաստատուեցաւ եւ այլ վայրեր տեղափոխուած նիժեցիները կը վերադառնան հայրենի գիւղ:

Նիժ ներկայիս շուրջ վեց հազար բնակչութեամբ եւ մեծամասնութեամբ ուտիաբնակ գիւղ է:

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]