Ուղեւորութիւն Դէպի Աշխարհի Կեդրոնը

Ուղեւորութիւն Դէպի Երկիրին Կեդրոնը
Voyage au centre de la Terre
1874-ին հրատարակուած գիրքին շապիկը
Հեղինակ Ժիւլ Վեռն
Երկիր Ֆրանսա
Լեզու Ֆրանսերէն
Հրատարակչական թուական
1864
Գիրքի տեսակ Գիտա-
երեւակայական


«Ուղեւորութիւն Դէպի Աշխարհի Կեդրոնը» (ֆրանսերէն՝ Voyage au centre de la Terre, անգլերէն՝ A Journey to the Centre of the Earth), ֆրանսացի գրող Ժիւլ Վեռնի գիտա-երեւակայական վէպը, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1864-ին։

Նիւթ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմութիւնը բիւրեղագէտ Լիտենպրոքի մասին է, որ իր ազգական Աքսելին եւ վարձու ուղեկցորդ Հանսին հետ կ'իջնէ իսլանտական հրաբուխին խառնարանը։

Իրադարձութիւնները տեղի կ'ունենան 1863-ին, երբ համպուրկցի գիտնական Օթթօ Լիտենպրոքը պատահաբար ձեռք բերած հին ձեռագիրի մը մէջ կը գտնէ ԺԳ. դարու իսլանտական սքալտ (skald) Սնորրի Սթուրլուսոնի (Snorri Sturlusson) ծածկագրած գրութիւն մը: Անոր պատանի զարմիկ Աքսելը կը պարզէ, որ անիկա անցեալէն եկած հաղորդագրութիւն մըն է, որուն հեղինակն է ԺԶ. դարու տարրալոյծ Առնէ Սաքնուսսեմը: Հոն կը յայտնուի, որ հնարաւորութիւն կայ իսլանտական Սնայֆէլս հրաբուխին խառնարանին միջոցով թափանցելու Երկիրին խորքը: Հետագային կը պատմուին գիտնականին, Աքսելին եւ իսլանտացի վարձկան ուղեկից Հանսին կատարած ուղեւորութիւնն ու արկածները:

Երկիրին ընդերքը անոնք կը յայտնաբերեն հսկայ սունկեր, պարզունակ բոյսեր, կենդանի նախապատմական արարածներ, նախնադարեան մարդու եւ բնութեան տարբեր երեւոյթներ, իսկ ամէնէն կարեւորը՝ հսկայական ստորգետնեայ ծով մը, որուն մէջ կ'ապրէին մողէսներ եւ որուն անունը կը դնեն Լիտենպրոքի Ծով:

  • Վէպին մէջ գործողութիւնները կը շարադրուին Աքսելին կողմէ: Թէեւ գիրքը գրուած է ֆրանսերէն լեզուով, սակայն պատմողը գերմանացի մըն է: Սովորաբար, Ժիւլ Վեռն կը պատմէ Գ. դէմքով, առանձին դէպքերը պատմողները ֆրանսացիներ են (Արոնաքս, Քլոտիուս, Պոմպարնաք, Քազզալոն):

Գործող Անձինք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Սնայֆէլսքուլ լեռը
  • Փրոֆեսոր Օթթօ Լիտենպրոք Professor Otto Lidenbrock՝ Համպուրկէն բիւրեղագէտ մը, Աքսելի մօրեղբայրը, տաքարիւն մարդ մը եւ կրքոտ բնախոյզ մը:
  • Աքսել Axel՝ փրոֆեսոր Լիտենպրոքի զարմիկն ու օգնականը: Լատիներէն գիտէ, երկրաբանութեան եւ բիւրեղագիտութեան հմուտ անձ մըն է եւ մօրեղբօրմէն աւելի զգուշ անձնաւորութիւն մը:
  • Կրէօպէն Grauben՝ փրոֆեսոր Լիտենպրոքի սանուհին, որուն Աքսել սիրահարած է: Ան համոզած է Աքսելը փրոֆեսորին հետ ճամբորդութիւնը կատարելու:
  • Հանս Պիելքէ Hans Bjelke՝ փրոֆեսոր Լիտենպրոքի վարձած ուղեկիցը:
  • Առնէ Սաքնուսսեմ՝ Arne Saknussem ԺԶ. դարու հմուտ տարրախոյզ մը, որ կատարած է ուղեւորութիւն մը դէպի Երկիրին խորքը: Հեղինակ է ծածկագրուած հաղորդագրութեան մը, զոր վերծանած է Աքսելը:
  • Ռունզ runes , որոնցմով գրուած է նամակը:
  • Սնայֆէլս Snæfellsjökull` իսլանտական հրաբխային լեռ մը, որուն խառնարանին միջոցով վէպին հերոսները կը սկսին իրենց ճամբորդութիւնը:
  • Լիտենպրոքի Ծով Երկիրին ընդերքը ճամբորդներու կողմէ յայտնաբերուած եւ նշանաւոր դարձած ծով մը:

Հեղինակային իրաւունք[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վէպին հրապարակումէն 10 տարի անց՝ 1874-ին, Լէօն Տելման Ժիւլ Վեռնը կը մեղադրէ գրագողութեամբ։ Ռընէ Տը Պոնժեսթ կեղծանուան տակ ան կը հրատարակէ «Միներվայի գլուխը» պատմուածքը։ Ժիւլ Էտցելին ուղղուած նամակով մը Վեռն կը գրէ․

Երկու նիւթերուն միջեւ ոչ մէկ նմանութիւն կայ...: Ձեզի պատուոյ խօսք կու տամ, որ ես գաղափար չունէի Պարոն Տը Պոնժեսթի պատմուածքին մասին, երբ կը գրէի «Դէպի երկիրին կեդրոնը»։


Դատավարութեան ընթացքին, որ կայացած է 1875-ին, Տելման դատը կը կորսնցնէ եւ կը պարտաւորուի ծախսերը վճարել։

Ազդեցութիւնը Մշակոյթի Վրայ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վէպին նիւթին վրայ հիմնուելով քանի մը շարժանկարներ ստեղծուած են՝ 1910-ին, 1959-ին, 1993-ին եւ 2008-ին, որոնց իրադարձութիւնները կը նկարագրեն մեր օրերը:

Դիպաշարեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Երեխայ-հանճար Ճիմմի Նիւդրոնին Արկածները» դիպաշարին առաջին եթերաշրջանի մասերէն մին կը կոչուի «Ճամբորդութիւն Դէպի Գառլի Կեդրոնը»։
  • «Աշխարհի Շուրջը Ուիլի Ֆոքին Հետ» դիպաշարին երկրորդ եթերաշրջանը կառուցուած է «Քսան Հազար Լէօ Ծովուն Տակ» եւ «Ճամբորդութիւն Դէպի Երկիրին Կեդրոնի»ն հիման վրայ։

Երաժշտութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Yes խումբի ստեղնահար, հարտ-ռոքըր Ռիք Ուէյկման իր առաջին ալպոմներէն մէկը՝ «Journey To The Centre of The Earth» (1974), «Ճամբորդութիւն դէպի Երկիրին կեդրոն»ը վէպին նուիրած է։ Ալպոմը ձայնագրուած է սիմֆօ-ռոք ոճով եւ ճոխ է սիմֆոնիք եւ խմբերգային նուագակցութեան ստեղնաշարային գործիքներով։ Իրադարձութեան ընթացքը կը ներկայացնէ ընթերցողին երաժշտական համարներու ընդմիջումները։

Արտաքին Յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]