Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/10-2021

Դիցաբանութիւնը «դից»երու՝ աստուածներու պատմութիւնն է, Հեթանոսական շրջանի մարդոց կեանքն է:

Պատմութեան հնագոյն շրջաններուն, երբ ժողովուրդներ զարգացման նախնական մակարդակի վրայ կը գտնուէին, երեւակայական պատկերացումներու միջոցով ձգտած են բացատրել բնութեան, մարդկային հոգիին եւ ընկերային կեանքին այլազան երեւոյթները: Այսպէս, իրենց երեւակայութեան մէջ անոնք ստեղծած են գերբնական էակներ, աներեւոյթ ոգիներ, աստուածներ, աստուածուհիներ, եւ զանոնք նկատած են ստեղծիչներն ու ղեկավարները տիեզերքին ու մարդկային կեանքին: Անոնց համար կառուցած են մեհեաններ եւ պաշտած զանոնք:

Դիցաբանութիւն եզրը պատմութեան մէջ ընդհանրացած է առասպել բառէն դարեր առաջ։ Առաջին անգամ անիկա ի յայտ եկած է ԺԵ. դարուն եւ փոխ առնուած է միջին ֆրանսերէնի դիցաբանութիւն եզրէն։

Դիցաբանութիւն բառը («առասպելներու մեկնաբանութիւն») ծագած է միջնադարեան, ուշ լատիներէն, յուն․՝ μυθολογία mythología (առասպելական գիտելիքներ, առասպելներու մասին պատմութիւններ, հեքիաթներ), μῦθος – միֆոս («առասպել») եւ Λογική – լոքիա («գիտութիւն») բառերէն․․․ Աւելին