Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/09-2022

Քազապլանքա (անգլերէն՝ Casablanca), Օսքարի մրցանակիր շարժարուեստի ամերիկեան ժապաւէն, նկարահանուած 1942-ին: Բեմադրիչն է՝ Մայքլ Քըրթիզ (Michael Curtiz), իսկ գլխաւոր դերակատարները՝ Համֆրէյ Պոկարտ (Humphrey Bogart), Ինկրիտ Պերկման (Ingrid Bergman) եւ Փօլ Հենրիտ (Paul Henreid)։

Նախքան հանրութեան ներկայացուիլը, ժապաւէնը ծանօթ էր «Ամէն մարդ Ռիքին քով կու գայ» (Everybody Comes To Rick's) անունով։ Ժապաւէնը ամբողջութեամբ կը նկարահանուի Պըրպանքի (Burbank) Ուորնըր Պրոս արուեստանոցին (Warner Bros. Studios) մէջ, որ ծանօթ է նաեւ իբրեւ Եօթը Արուեստներու Աշխատանոց (Warner Bros.-Seven Arts Studios) կամ՝ Պըրպանքի Արուեստանոցները (The Burbank Studios)։ Ժապաւէնը առաջին անգամ մեծ յաջողութեամբ կը ցուցադրուի Նիւ Եորքի մէջ, 26 Նոյեմբեր 1942-ին։ Ժապաւէնին ցուցադրութիւնը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներուն մէջ կը կատարուի երբ դաշնակից ուժերը հիւսիսային Ափրիկէ ոտք կը դնեն, 23 Յունուար 1943-ին։

Ժողովուրդին մօտ լայն ընդունելութիւն գտած «Քազապլանքա» ժապաւէնը մինչեւ օրս կը շարունակէ աշխարհի լաւագոյն ժապաւէններու ցանկին առաջին տեղերը գրաւել․․․ Աւելին