Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/04-2023

Լուվր՝ Փարիզի ամէնէն մեծ թանգարանը

Լուվրի Պալատ, Լուվրի Թանգարան (ֆրանսերէն՝ palais du Louvre), կամ պարզապէս Լուվր, Փարիզի հին թագաւորական ամրոց, որ վերակառուցուած է իբրեւ պալատ, հաստատուած Սեն (La Seine) գետի աջ ափին՝ Թուիլերի պարտէզին (Jardin des Tuileries) եւ Սեն Ժերմեն-Լոսերուա (Saint-Germain-l'Auxerrois) եկեղեցւոյ միջեւ։ Այսօր Լուվրը իր հաւաքածոյով աշխարհի ամէնէն հարուստ թանգարաններէն մէկն է: Իսկ մակերեսով՝ Փարիզի ամէնէն մեծ թանգարանը (210.00 մ² քառակուսի, որմէ 68,000-ը տրամադրուած է ցուցասրահին)։ Թանգարանը կը ներկայացնէ բազմազան հաւաքածոներ՝ շատ հին ժամանակներէն մինչեւ 1848 թուական, Արեւմտեան Եւրոպայէն մինչեւ Պարսկաստան, Յունաստան, Եգիպտոս, Մերձաւոր Արեւելք եւ Միջագետք։

Լուվրի ներկայի շէնքին կառուցումը գրեթէ հազարամեակներ տեւած է եւ անբաժանելի մէկ մասն է Փարիզ քաղաքին պատմութեան:

Լուվրի մէջ ներկայացուած ստեղծագործութիւնները բազմազան են՝ նկարներ, քանդակներ, սերամիքի ստեղծագործութիւններ, հնաբանական գտածոներ, արուեստի ստեղծագործութիւններ, զարդարուն կիրառական արուեստ եւ այլն․․․ Աւելին