Jump to content

Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/03-2023

Կիլիկան՝ Հռոմէական Կայսրութեան ժամանակ

Կիլիկիա (յուն․՝ Κιλικία, լատ.՝ Cilicia, միջին պարսկերէն՝ Klikiyā, պարթեւերէն՝ Kilikiyā, թրք.՝ Kilikya), Փոքր Ասիոյ հարաւ արեւելեան հատուածը ընդգրկող շրջան։ Իբրեւ վարչաքաղաքական հատուած՝ եղած է առանձին միաւոր՝ Խեթական թագաւորութեան ժամանակներէն մինչեւ Բիւզանդական կայսրութիւն՝ աւելի քան երկու հազար հինգ հարիւր տարի։ Ներկայիս, գրեթէ ամբողջութեամբ կը պատկանի Թուրքիոյ Հանրապետութեան, բացի Քեսապի շրջանէն, որ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան մաս կը կազմէ։

«Կիլիկիա» անուանումը առաջին անգամ կը տեսնուի աքքատական արձանագրութիւններուն մէջ՝ Hilakku ձեւով։ Ոմանք կ'ենթադրեն, որ «Կիլիկիա» անուանումը յառաջացած է եբրայերէն ֆելկիմ, ֆաչեկ կամ յունարէն կալիս, կալիկա՝ «քարքարոտ» բառերէն։ Կիլիկիան Հայերուն ծանօթ եղած է նաեւ՝ Սիսուան անունով։

Կիլիկիա կը գտնուի Փոքր Ասիոյ հարաւ արեւելեան մասին մէջ։ Անոր հարաւը Միջերկրական ծովն է, հիւսիսը՝ Հայկական (Արեւելեան) Տաւրոս լեռնաշղթան։ Սարոս (Սիհուն, այժմ՝ Սէյհան) եւ Ճէյհան (Ճիհուն) գետերը կը ջրեն անոր դաշտերը։ Այլ մեծ գետերն են՝ Տարսոս, Լիպարիս (այժմ՝ Mezitli)։ Բոլորն ալ կը բխին Հայկական լեռնաշխարհէն․․․ Աւելին