Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/01-2024
Քրիստոնէութիւն (յունարէնէն՝ Χριστός - «օծեալ»), Երկիր մոլորակին մէջ հիմնական կրօն համարուողը: Իսլամութեան եւ Պուտտայականութեան հետ՝ համաշխարհային երեք գլխաւոր կրօններէն մէկը։
Երկրագունդի բնակչութեան 33 առ հարիւրը, կամ 2.1 միլիառ հոգի կը դաւանի Քրիստոնէութիւնը:
Քրիստոնէութիւն եզրը առաջին անգամ օգտագործուած է Իգնատիոս Անտիոքացիին կողմէ (մահացած՝ 113/117) Մակնեզիոյ, Հռոմի եւ Ֆիլատելֆիոյ եկեղեցիներուն յղած իր նամակներուն մէջ։
Քրիստոնէութեան կարեւորագոյն հրամանակարգն է՝ մեղքէն, մահէն եւ անէծքէն մարդը ազատելու նպատակով իրապէս մարմնացած եւ մարդացած Աստուածամարդու, Նախայաւիտենական Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսին մասին վարդապետութիւնը։
Ժամանակի ընթացքին, պատմական հանգամանքներու եւ աստուածաբանական մուտքի զարգացման թելադրանքով, քրիստոնէական եկեղեցին ճիւղաւորուելով, երկփեղկուած է արեւելաքրիստոնէական եւ արեւմտաքրիստոնէական ուղղութիւններու, որոնցմէ են՝ Ուղղափառութիւնը եւ Կաթոլիկութիւնը, իսկ ԺԶ. Դարուն, Վերականգման (լատ.՝ reformatio) իբրեւ արդիւնք, ձեւաւորուած է քրիստոնէութեան երրորդ մեծ ուղղութիւնը՝ Բողոքականութիւնը․․․ Աւելին⇒