Իգնատիոս Անտիոքացի

Իգնատիոս Անտիոքացի
յուն․՝ Ιγνάτιος ο Θεοφόρος
Նաեւ յայտնի է իբրեւ svatý Ignác Bohonosec[1] եւ svatý Theophoros[1]
Ծնած է 35[2]
Ծննդավայր Սիրիա, Հին Հռոմ
Մահացած է 108
Մահուան վայր Հռոմ, Հռոմէական Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Հին Հռոմ
Մասնագիտութիւն աստուածաբան, Քրիստոնեայ հոգեւորական
Վարած պաշտօններ եպիսկոպոս եւ Անտիոքի պատրիարք?

Իգնատիոս Անտիոքացի, նաեւ՝ Իգնատիոս Աստուածազգեաց (յուն․՝ Ιγνάτιος ο Θεοφόρος), Անիտոքի եպիսկոպոս, առաքելական այր, քրիստոնեայ մարտիրոս, աստուածաբան, համաքրիստոնէական սուրբ։ Յովհաննէս առաքեալին աշակերտը։

Գրած է բազմաթիւ նամակներ՝ ուղղուած քրիստոնէական տարբեր համայնքներու, որոնցմէ պահպանուած են 7-ը։ Այդ նամակներէն մէկը ուղղուած է Փոլիկարպոս Զմիւռնացիին, իսկ միւսները Եփեսոսի, Մագնեզիոյ, Տրալլայի, Ֆիլատելֆիոյ, Զմիւռնիոյ եւ Հռոմի եկեղեցիներուն։ Նշանաւոր է յատկապէս՝ քրիստոնեաներուն ուղղուած նամակը։ Լսելով, որ Հռոմի քրիստոնեաները կը ձեռնարկեն իր ազատագրման գործին, Իգնատիոս կը դիմէ անոնց եւ կը խնդրէ, որ թոյլատրեն իրեն մահանալու Քրիստոսի համար։

Հայ Եկեղեցին Իգնատիոս Անտիոքացին դասած է սուրբերու կարգին։

Նամակները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պահպանուած են Իգնատիոսի նամակներու երեք տարբեր խմբագրութիւններ.

  1. Կարճ խմբագրութիւն՝ բաղկացած է վերոյիշյալ 7 նամակներէն եւ պահպանուած միայն յունարէնով։
  2. Երկար խմբագրութիւն բաղկացած է 13 նամակներէ եւ կը համարէ Դ. դարու խմբագրութիւն։ Պահպանուած է յունարէն բնագիրով, հայերէն եւ լատիներէն թարգմանութիւններով։
  3. Սիրիական խմբագրութիւն, բաղկացած է միայն երկու նամակներէ. Առ Հռոմէացիս եւ Առ Պոլիկարպոս։ Ճիշդը կը համարուի Ա. խմբագրութիւնը[3]։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 Չեխիայի ազգային գրադարանի կատալոգ
  2. (unspecified title)
  3. Եզնիկ վրդ. Պետրոսյան «Հայրաբանություն», Էջմիածին 2001