Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/11-2023

  • Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը այս օրերուն կը գտնուի իր 16-դարեայ պատմութեան ամենամեծ գոյաբանական սպառնալիքի տակ։ Միաբանութիւնը կոչ կ’ընէ Երուսաղէմի բոլոր Քրիստոնեայ համայնքներուն այս աննախադէպ ժամանակներուն նեցուկ ըլլալ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան։
  • Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակչատունը լոյս ընծայած է Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի 50 լեզուներով թարգմանուած հատորը:
  • Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը ընդունած է բանաձեւ մը, որով Միացեալ Նահանգներու նախագահին կ'առաջարկուի երկու տարիով արգիլել 1992 թուականի օրէնքի 907 ենթաբաժինի շրջանցումը` կապուած Ազրպէյճանին տրամադրուող օգնութեան հետ:
  • 2024-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի վերջին հանգրուանի մրցումները սկսած են 16 Նոյեմբերին եւ կ'աւարտին 21 Նոյեմբերին։ 21 խումբեր պիտի շահին իրենց տոմսերը: Նշենք, որ Գերմանիա պիտի հիւրընկալէ 2024-ի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը։