Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/10-2021

  • Ափրիկէի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ պատուիրակ Ճեֆրի Ֆելթման իր խոր մտահոգութիւնը յայտնած է Սուտանի մէջ զինուորական յեղաշրջումի մասին տեղեկութիւններուն նկատմամբ:
  • Հնդիկ Ապյիմանիու Փուրանիք տիրացած է «Երեւան Օփըն»ի միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին։
  • ԵՈՒՆԵՍՔՕՓարիզի մէջ իր գործադիր խորհուրդի գումարած 212-րդ նիստին ընթացքին որդեգրած է երկու որոշումներ, որոնք կը վերահաստատեն Երուսաղէմի բռնագրաւուած քաղաք ըլլալու կարգավիճակն ու իսրայէլեան քայլերուն անօրինականութիւնը։
  • Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը պաշտօնական հանդիսութեամբ մը նշած է իր հիմնադրութեան 66-րդ տօնը, իբրեւ բանախօս հիւրընկալելով Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի գործերու յատուկ համադրող դոկտ. Ճոաննա Ուրոնեքան: