Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/07-2022

  • «Ֆէյհա» Լիբանանի ազգային երգչախումբը Լիբանանը պիտի ներկայացնէ տեղական եւ միջազգային փառատօներուն ընթացքին։
  • Յունաստանի մէջ ջախջախուած ուքրանական «Ան-12» օդանաւի անձնակազմին բոլոր ութ անդամները մահացած են:
  • Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող «Կրանտ հոթել Երեւան» պանդոկին մէջ բացուած է հայ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի անունը կրող սենեակը:
  • Գերմանիոյ կառավարութիւնը կազի տագնապի լոյսին տակ մտադիր է դիմել ածուխով բանող ուժանիւթի կայարաններու օգտագործման ընտրանքին: