Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/07-2021

  • 2021-ի ամառնային Ողիմպիական խաղերը տեղի կ'ունենան Ճափոնի մայրաքաղաք Թոքիոյի մէջ։
  • «Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով,Անգլիոյ Էքզըթըր Համալսարանը իր բժշկական բաժանմունքի ուսանողներուն կ'առաջարկէ առաջին տարեշրջանը մէկ տարիով յետաձգել։
  • Երգչուհի Պրիթնի Սփիրզ դատարանէն կը խնդրէ ունենալ նոր կեանքի պատասխանատու, անձ մը՝ որ իր հայրը չըլլայ։
  • Amazon ընկերութեան հիմնադիր Ճեֆ Պեզոս մտադիր է իր աստղընկերութիւն Blue Origin ներառել դէպի լուսին մրցումներու մէջ։
  • ԱՄՆի նախագահ Ճօ Պայտըն կ'անուանէ ներկայ ժահրի տագնապը «անպատուաստուածներու ճամաճարակը»։