Ոսկան Թօփալեան

Ոսկան Թօփալեան
Ծնած է 1878
Ծննդավայր Մարաշ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 12 Յունիս 1915(1915-06-12)
Մահուան վայր Երզնկա, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն հայ
Կրթութիւն Պէյ­րու­թի Ամե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի բժշկա­կան բաժամունք
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Ոսկան Թօփալեան (Ոսկիան, Օսկան) Էֆոնտի Հ./Գ. (1878, Մա­րաշ - 1915, Յունիս 12, Երզնկա), հայ բժիշկ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ոսկան թօփալեան ծնած է 1878-ին, Օս­մա­նեան կայս­րու­թեան Հա­լէ­պի նահանգի Մարաշ գաւառի կեդրոն Մա­րաշ քաղաքին մէջ, հայ առաքելական ընտանիքի մը մէջ։

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մարաշի ազգային (թաղային) վարժարաններէն մէկուն/ամերիկացի միսիոնարներու Մարաշի «Ակա­դե­միա» բարձրագոյն վարժարանին մէջ։

Երկրորդական կրթութիւնը եւ «պսա­կա­ւոր ար­ուես­տից» վկայականը ստացած է ամերիկացի միսիոնարներու Կենդրոնական Թուրքիոյ քոլէճին մէջ, որ կը կոչուէր նաեւ Այնթապ քոլէճ։

1905-ին աւարտած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժամունքը։ Ուսման տարիներուն հետաքրքրուած է վիրաբուժութեամբ։ Քանի մը ամիս Մարաշի մէջ աշխատած է իբրեւ բժիշկ, քանի որ տեղի համբաւաւոր վիրաբուժ, ամերիկացի տոքթ. Շեփըրտի հեղինակութիւնը կը սահմանափակէր անոր վիրաբուժական ձգտումները։

1905-ի վերջերը կը հաստատուի Տիգ­րա­նա­կեր­տի մէջ եւ կը զբաղի վիրաբուժութեամբ։ 1908-ին օսմանեան սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, խանդավառուած ժողովրդական ցոյցերով, ազատութեան եւ հաւասարութեան նշանախօսքերով, կ'անդամակցի Իթթիհատ Ըլ Թարաքքի կուսակցութեան տեղի կոմիտէին։

Շնորհիւ իր բժշկական համբաւին, ժողովուրդին մէջ ունեցած յարգանքի, բարեացակամ զոհողութիւններու եւ թրքերէնի գերազանց իմացութեան, կ'ընտրուի Իթթիհատի տեղական կոմիտէի կեդրոնական վարչութեան քարտուղար։ Այդ օրերուն Սելանիկէն Տիգրանակերտ եկած իթթիհատական քարոզիչ Ուեհիպ Պէյի՝ կուսակցական ժողովի ընթացքին հակահայկական ելոյթէն ետք բժիշկը կը պատռէ երկերեսանի թուրքին դիմակը եւ հրապարակայնօրէն կը հեռանայ կուսակցութենէն։ Ան իր կեանքի ապահովութեան նպատակով բրիտանական հիւպատոսարանի իբրեւ թարգմանիչ կ'աշխատի։ Այդ հարցով իրեն կ'օգնէ Տիգրանակերտի մէջ երկար տարիներ իբր բրիտանական փոխհիւպատոսի պաշտօն վարող վերապատուելի Թովմաս Մկրտիչեանը։ Հետագային կը տեղափոխուի Եվդոկիա եւ կը շարունակէ բժշկութեամբ զբաղիլ։ Եղած է ՀՅԴի անդամ։

1914-ին Ա. Համաշխարհային պատերազմի ատեն կը զօրակոչուի օսմանեան բանակ եւ կ'ուղարկուի Երզնկա/Կարին՝ Ազիզիէի կեդրոնական զինուորական հիւանդանոցի բժիշկ ծառայելու՝ հարիւրապետի աստիճանով։

12 Յունիս 1915-ին, Երզն­կայի մէջ (Երզնկայի մօտ կամ Կա­րի­նի մէջ) թուրք զինուորները սրախողխող կը սպաննեն Ոսկան Թօփալեանը քանի մը հայ բժիշկներու հետ միասին՝ 37 տարեկանին։

Թուրք թշնամիները Տիգրանակերտի բժիշկին ողջ գերդաստանը սրախողխող կ'ընեն՝ օրորոցի մանուկէն մինչեւ չափահասները։ Այլ տուեալով՝ ծառայութեան կ'ուղարուի Կովկասեան ռազմաճակատ եւ հոն կը սպաննուի թուրք զինուորներու ձեռքով։

Գրականութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայ բժշկութեան տուած զոհերը, ցուցակագրուած վաւերական փաստերով, Ստամպուլ, 1919։
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ, Նիւ Եորք, 1934։
  • Ալպոյաճեան Ա., Պատմութիւն Եւդոկիոյ հայոց, Գահիրէ, 1952։
  • Ժամկոչեան Պենճամին, Հայնի, Պէյրութ, 1952։
  • Կարոյեան Գասպար, Մեծ Եղեռնի նահատակ հայ բժիշկները (անոնց պատգամները), Պոսթոն, 1957։
  • Յուշամատեան Մեծ Եղեռնի (1915-1965), պատրաստեց Գերսամ Ահարոնեան, Պէյրութ, 1965։
  • Թէոդիկ, Յուշարձան նահատակ մտաւորականութեան, Բ. տպագրութիւն, Երեւան, 24 Ապրիլ, 1985։
  • Գալուստեան Գրիգոր Հ., Մարաշ կամ Գերմանիկ եւ հերոս Զէյթուն, Նիւ Եորք, 1988։
  • Ատաշ Ատնան, 20-րդ դարու նահատակ եղած բժիշկները (թրքերէն), Թուրքիա, 1997։
  • Յուշամատեան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, Ալպոմ-աթլաս, Բ. հատոր, Գոյամարտ, 1914-1925, Լոս Անճելըս, 2001։
  • Եարման Արսէն, Հայերը օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն Ս.Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թրքերէն), Ստամպուլ, 2001։
  • Խաչատրեան Լ. եւ ուրիշն., Ցուցակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու (1915-1923 թթ.), հ. 2, Խարբերդի նահանգ, Ե., 2004։
  • Քէստէնեան Հրաչ, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանէն Շրջանաւարտ Եւ Մեծ Եղեռնին Նահատակուած Հայ Բժիշկներ, «Ազ­դակ», 01-11-2012

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։