Շաքէ Վարսեան
Շաքէ Վարսեան | |
---|---|
Ծնած է | 1925 |
Ծննդավայր | Նիկոսիա, Կիպրոս |
Մահացած է | 1996 |
Ազգութիւն | Հայ |
Ուսումնավայր |
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան Երեւանի Պետական Համալսարան |
Մասնագիտութիւն | արձակագիր, լրագրող |
Աշխատավայր | Գրող, հրապարակագիր, ազգային-հաս. գործիչ, |
Անդամութիւն | Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն |
Կուսակցութիւն | Խորհրդային Միութեան համայնավարական Կուսակցութիւն |
Շաքէ Վարսեան (14 Մայիս 1925, Նիկոսիա, Նիկոսիա, Կիպրոս - 1996), գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բուն անունով Վարսենիկ Պոյաճեան, ծնած է 1925-ին, Նիկոսիա, Կիպրոս. սերած է մուսալեռցի եւ զէյթունցի ծնողներէ։
Սովորական մանուկի մը կեանքը չապրեցաւ Շաքէ Վարսեան։ Փոքր տարիքէն տոգորուած էր հայ ժողովուրդի հերոսական անցեալով։ Մէկ կողմէն զէյթունցի մեծ հայրը, միւս կողմէն մուսալեռցի մեծ մայրը, հերոսամարտի ականատեսի իրենց վկայութիւններով պայքարի խիզախ շունչով դարբնեցին Վարսենիկի մանուկ հոգին։
Նախնական կրթութիւնը ստացած է Մելիք-Ուզունեան վարժարանին եւ Մելքոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ։ 1943-ին տեղափոխուեր է Լիբանան, ուսումը շարունակած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ, հետեւելով անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան բաժնին:
Այսպէս վաղահասօրէն հասունցած Վարսենիկը, 1946-ին ներգաղթի օրերուն, երբ տակաւին Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան բաժնի ուսանող էր, առաջինը կը դիմէ ներգաղթելու մայր հայրենիք 1946-ին։
Թարգմաներ է անգլալեզու հեղինակներու գործեր։
Շաքէ Վարսեան նոյն տարուայ Սեպտեմբերին ընդունուած է Երեւանի Պետական համալսարանի հայոց լեզուի եւ գրականութեան բանասիրական բաժինը։
Իր ողջ կեանքի ընթացքին գրագիտուհին ապրեցաւ Հայրենիք-Սփիւռք միաձոյլ մէկ ամբողջութիւն տեսնելու երազով։ Այս ուղղութեամբ կարեւոր նշանակութիւն ունեցաւ զանազան առիթներով իր կատարած այցելութիւնները դէպի Միացեալ Նահանգներ, Քանատա, Եգիպտոս, Կիպրոս, Յունաստան, Սուրիա, Լիբանան եւ այլ հայահոծ գաղութներ. իրեն առիթ ընծայեցին ծանօթանալու գաղութահայ կեանքի պայմաններուն եւ անմիջական շփում ունենալու սփիւռքահայ իրականութեան հետ։ Մէկ խօսքով ան դարձած էր դեսպանը իր ժողովուրդին։ Ի զուր չէ որ հայրենի մտաւորականներ անվերապահօրէն կը խոստովանէին, թէ «Սփիւռքահայ կեանքի կենդանի հանրագիտարանն է Վարսեանը»։
Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուսանողական տարիներէն իր գրական հակումները լայն ճանաչում կը գտնեն հայրենի անուանի գրագէտներու կողմէ, կը դառնայ Հայաստանի Գրողներու Միութեան անդամ։ Այդ շրջանին կ'աշխատակցի Երեւանի ձայնասփիւռի արտասահմանեան հաղորդումներու բաժնին՝ իր հրապարակախօսական յօդուածներով։
Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1964-ին ան իր կարեւոր մասնակցութիւնը կը բերէ “Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէ»ի հիմնադիր ժողովին։
Հայրենիքի Ձայն» Շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1965-ին կը ստանձնէ Սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հայրենիքի Ձայն» շաբաթաթերթի խմբագրութիւնը՝ մինչեւ 1990 թուականը։
Լրագրողի կոչում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շաքէ Վարսեան կը գտնէ իր կատարելիք առաքելութեան հիմնական ուղին՝ Սփիւռքի հայութիւնը ծանօթացնել հայրենի ժողովուրդին։ Հրապարակագիրի իր բեղուն գրիչէն լոյս կը տեսնեն հազարաւոր յօդուածներ, որոնք մեծ արձագանգ կը գտնեն ե՛ւ Հայրենիքի, ե՛ւ Սփիւռքի մէջ։ Այդ տարիներուն գրագիտուհիի համբաւին տիրացած Շաքէ Վարսեան, հայրենի պետութեան կողմէ կ՝արժանանայ վաստակաւոր լրագրողի կոչումին։
Ներդրում Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ դպրոցական դասագիրքեր պատրաստելու աշխատանքին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Վարսեանի մտահոգութեանց գլխաւոր առանցքը դարձած էր Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդումը։ 1960 թուականին ան ջանք չի խնայեր նախաձեռնելու եւ իրականացնելու Սփիւռքի վարժարաններու համար դպրոցական դասագիրքեր պատրաստելու աշխատանքը, սփիւռքահայ ուսուցիչներուն եւ մանուկներուն Հայաստան հրաւիրելու ծրագիրը։
Հասարակական գործունէութիւն՝ կանանց համաժողովներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ո՛չ միայն խօսքի, այլեւ գործի մարդ էր այս յանդուգն կինը, որ յատկանշական կարեւոր առաքելութիւն մը ստանձնած էր իր հասարակական գործունէութեան ընթացքին։ Նպատակն էր հայ կնոջ մէջ ամրապնդել ազգային առողջ գիտակցութիւն։ Այդ ուղղութեամբ ան ձեռնարկեց ու կազմակերպեց կանանց համաժողովներ ու համախմբումներ, արծարծելով հայ կնոջ դերը ազգապահպանման գործին մէջ։
Այս կալուածէն ներս իր տարած աշխատանքը շարունակեց մինչեւ իր կեանքի վերջին տարիները։ Հակառակ իր ֆիզիքական տկար վիճակին, ան չդադրեցաւ խրախուսելէ կանանց կազմակերպութիւնները ե՛ւ սփիւռքի, ե՛ւ հայրենիքի մէջ։ Այդ մասին կ'ակնարկէ մեզի ուղղուած 18 Փետրուար 1994- թուակիր իր նամակին մէջ ․-
«Մեր անկախ Հանրապետութեան այս փուլում, աւելի կարեւոր է կանանց ազգային գիտակցութեան մշակումը։ Հիմա մեր բոլոր ջանքերը պէտք է ուղղուած լինեն հայ նոր պետականութեան կայացմանը, եւ այստեղ մեծ է կանանց դերը»։
« Ես կարծում եմ,որ Սփիւռքի կանանց համախմբումը անհրաժեշտութիւն է։ Այս գործում առաջնային դերը վերապահուած է քեզ, դու նոր մտածողութիւն ունես, քաղաքական ճիշդ դիրքորոշում, լայնամիտ ես եւ գրիչ ունես եւ իտէալ»։ [1] - Շաքէ Վարսեան Երեւան, 4 Փետրուար, 1994
|
Սրտի խոր կսկիծով կը վերյիշեմ Շաքէ Վարսեանին հետ մեր վերջին հանդիպումը Երեւանի իր բնակարանին մէջ։ Հակառակ տիրող անցումային կեանքի դժուարութիւններուն, ան չէր կորսնցուցած հաւատքը ապագայի նկատմամբ։ Իր առողջական հիւանդ վիճակը մոռացութեան տուած այս կինը, կը տառապէր ու կը տագնապէր Արցախով ու Արցախի ազատամարտիկներով։
Որքան իրապաշտ էր ան ու հեռատես իր դատումներուն մէջ։ Շաքէ Վարսեան, ճշմարիտ խոստովանութեամբ կարեւոր աւանդ մը կտակեց իր ժողովուրդին, որ անկասկած վառ պիտի մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ։[1] |
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Կին Գրողներու Հետքերով . Շաքէ Վարսեան՝ Հայրենիքի Ձայնը[permanent dead link]
- Վարսյան (Վարսենիկ Պոյաճեան)
- ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆՆԵՐԻ ՀԱՄԱՀԱՎԱՔ ԳՐԱՑՈՒՑԱԿ = Union Catalog of Armenian Libraries