Շահ Ճահան

Շահ Ճահան
պարս․՝ شهاب‌الدین مُحمَّد شاهجهان
Ծնած է 5 Յունուար 1592
Ծննդավայր Լահոր, (ներկայիս կը գտնուի Փաքիսթանի մէջ:)
Մահացած է 22 Յունուար, 1666 (74 տարեկան)
Մահուան վայր Ագրայի ամրոց, Ակրա, Մուղալական Կայսրութիւն
Մայրենի լեզու Պարսկերէն
Կրօնք Իսլամ
Մասնագիտութիւն միապետ
Վարած պաշտօններ Հնդկաստանի Մուղալ կայսրութեան կայսր
Ամուսին Մումթազ Մահալ
Ծնողներ Հայրը՝ Ճահանկիր, Մայրը՝ Թաժ Պիտի Պիլքիս Մաքանի
Երեխաներ Parhez Banu Begum?, Jahanara Begum?, Dara Shikoh?, Shah Shuja?, Roshanara Begum?, Աուրենգզեբ?, Murad Bakhsh? եւ Gauhar Ara Begum?

Շահ Ճահան (5 Յունուար, 1592, Լահոր - 22 Յունուար, 1666, Ակրայի ամրոց[1]), ան եղած է Հնդկաստանի 5-րդ կայսրը 1628-էն մինչեւ 1658: Շահ Ճահան, Ճահանկիր (31 Օգոստոս, 1569 - 7 Նոյեմբեր, 1627) կայսրին եւ Թաժ Պիտի Պիլքիս Մաքանիի (13 Մայիս, 1573 - 18 Ապրիլ, 1619) որդին էր:

Շահ Ճահան եւ իր կինը՝ Մումթազ Մահալ:
Թաժ Մահալը:

Շահ Ճահան Հնդկաստանի կայսրը կ'անուանուի իր հօր մահէն ետք 1627-ին: Անոր նպատակն էր, իր Ապքար մեծ հօր նման, ընդարձակել եւ տարածել իր անսահման կայսրութիւնը: 1658-ին Շահ Ճահան հիւանդութեան պատճառով կը հրաժարի գահակալութենէն եւ գահաժառանգն էր իր որդին՝ Աուրանկզեպ: Ճահան կը մահանայ 1666-ին:

Շահ Ճահան հիմնած եւ կառուցած է բազմաթիւ յուշարձաններ եւ շիրիմներ, անոնցմէ ամէնէն յատուկն է Թաժ Մահալը որ կառուցած է 1632-էն 1654 թուականներուն միջեւ, իր կնոջ՝ Մումթազ Մահալին (1 Սեպտեմբեր, 1593 -17 Յունիս, 1631) համար:

Երբ Մումթազ Մահալ կը մահանայ 37 տարեկանին, Շահ Ճահանը անոր յիշատակին համար կ'որոշէ կառուցել Թաժ Մահալ դամբարանը, ու ներկայիս թէ Մումթազին եւ թէ Շահին մարմինները կը գնտուին հոն: Շինարարութեան մասնակցած են աւելի քան 22,000 վարպետներ[2] կայսրութեան բոլոր կողմերէն, ինչպէս նաեւ վարպետներ Միջին Ասիայէն, Պարսկաստանէն ու Մերձաւոր Արեւելքէն։

Թաժ Մահալ եղած է Հնդկաստանի ամէնէն նշանաւոր վայրերէն մէկը եւ այդ դամբարանը կ'այցելեն բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ:

Շահ Ճահանի ճարտարապետութիւնները[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]