Jump to content

Թաժ Մահալ

Թաժ Մահալի դամբարանը։

Թաժ Մահալը (Հնդկերէն՝ ताज महल; պարսկերէն՝ تاج محل) դամբարան՝ Հնդկաստանի Աքրա քաղաքին,մէջ, որ կառուցուած է Շահ Ճահան կայսեր կողմէ նուիրուած իր կնոջ՝ Մումթազ Մահալի:

Կառուցման աշխատանքները սկսած են մօտաւորապէս 1632 թուականին եւ աւարտած են 1653 թուականին։

Շինարարութեան մասնակցած են աւելի քան 22,000 վարպետներ[1] կայսրութեան բոլոր կողմերէն, ինչպէս նաեւ վարպետներ Միջին Ասիայէն, Պարսկաստանէն ու Մերձաւոր Արեւելքէն։

Թաժ Մահալի բարձրութիւնը գմբէթին հետ միասին 74մ է։ Իսկ անոր չորս կողմերուն կառուցուած մինարեթներու բարձրութիւնը 42մ է։

Թաժ Մահալի ամբողջ դամբարանը կառուցուած է ձիւնասպիտակ մարմարէ։ Ողջ շինութիւնը զարդարուած է թանկարժէք քարերէ պատրաստուած ծաղիկներով, տերեւներով, ինչպէս նաեւ Ղուրանի որոշ սուրաներով։

Թաժ Մահալի դիմաց, Շահ Ճահանը կ'ուզէր ուրիշ դամբարան մը կառուցել, բայց այս մէկը իրեն համար, որ պէտք է ըլլար սեւ մարմարէ։ Իսկ երկու դամբարանները պէտք է միանային կամուրջով։ Սակայն անոր որդին՝ Ճահանկիրը, որուն արդէն այս բոլոր անտեղի հսկայական ծախսերը յոգնեցուցած էին, չի կատարեր իր հօր խնդրանքը, եւ Շահ Ճահանի մահէն ետք, զինք կը թաղէ նոյն դամբարանին մէջ՝ իր կնոջ կողքին։

Մումթազ Մահալի հօր՝ Իթիմատ-Ուտ-Տաուլահի (1622-1628) դամբարանը, որ նաեւ կը կոչուի Փոքր Թաժ (անգլ.՝ Baby Taj) կը գտնուի Ակրա քաղաքին մէջ։ Իթիմատ-Ուտ-Տաուլահի դամբարանը կը նմանի Թաժ Մահալին, բայց չափերով աւելի փոքր է։

Այսօր արգիլուած է ինքնաթիռով թռչիլ Թաժ Մահալին վրայ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]