Նուպար Ակիշեան
Նուպար Ակիշեան | |
---|---|
Ծնած է | 15 Ապրիլ 1934[1] |
Ծննդավայր | Գրըքխան, Իսկենտերուն |
Մահացած է | 19 Յունուար 1994[1] (59 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ |
Ազգութիւն | հայ |
Կրօնք | քրիստոնէութիւն |
Ուսումնավայր |
Քալիֆոնիոյ Համալսարան Պոսթընի համալսարան |
Մասնագիտութիւն | արձակագիր, հրապարակախօս |
Նուպար Ակիշեան, (15 Ապրիլ 1934[1], Կիլիկիա, Թուրքիա - 19 Յունուար 1994[1], Ֆրէզնօ, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), ծնած է Գրըք Խանի մէջ (Իսկէնտերուն): Յաճախած է Հալէպի «Մեսրոպեան» վարժարանը, որուն նախակրթարանային դասընթացքը չլրացուցած, նիւթական անձկութիւններու հետեւանքով հարկադրուած է նետուիլ շուկայ, աշխատանքի լծուելով Հալէպի հիւսուածեղէնի գործարաններուն մէջ։ Պատանի տարիքէն գիրի եւ կրթութեան ծարաւի՝ մխրճուած է ընթերցումի մէջ եւ 1949-ին յաջողած է մեկնիլ Կիպրոս, ուր հետեւած է Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վեցամեայ դասընթացքներուն։ Ուսանողական սեղաններու վրայ գրական իր նախափորձերով, գրաւած է ուշադրութիւնը իր ուսուցիչին՝ Ներսէս Թամամեանի, որուն քաջալերանքով իր պատմուածքներէն մէկ քանին հրատարակուած են Հաստատութեան «Այգ» պարբերաթերթին մէջ։ նոյն տարիներուն սկսած է աշխատակցիլ նաեւ Գահիրէի «Արեւ» օրաթերթին եւ Փարիզի «Հայ Միտք» գրական պարբերականին։
1955-ին, ընթացաւարտ՝ Մելգոնեանէն, օգնական խմբագրի պաշտօն ստանձնած է «Արեւ»ի մէջ, շարունակելով գրական իր աշխատանքները եւ աշխատակցելով նաեւ «Շիրակ» ամսագրին ու «Պայքար» տարեգիրքին՝ Շահան Շահէ գրչանունով: 1957-ին եկած է Միաց. Նահանգներ ու հետեւած է Գալիֆորնիոյ համալսարանի բնագիտութեան ճիւղին, ապա նաեւ Պոստընի Նորթիսթըրն համալսարանի կորիզային բնագիտութեան դասընթացքներուն, այս երկու հաստատութիւններէն ստանալով պսակաւոր արուեստից եւ մագիստրոս գիտութեան տիտղոսները: Ուսանողական իր աշխատանքներուն առընթեր՝ աշխատակցած է Գալիֆորնիոյ «Նոր Օր» ու Պոսթընի «Պայքար»-ին, շրջան մը վարելով նաեւ այս վերջին հաստատութեան վարիչի պաշտօնը[2]:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Library of Congress Authorities — Library of Congress.
- ↑ Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. հատոր (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։