Նոր ծնունդ
Նոր ծնունդ, Մի քանի անուններ միայն կը հեռանան 1900-ական բանաստեղծութեան աւանդին հետեւող այս գլխաւոր երակէն։ Բանաստեղծական լեզուի վրայ աշխատող, նոր ձեւեր ստեղծող այս գիծը կանուխէն՝ 30-ականներէն կը բացուի փարիզահայ Նիկողոս Սարաֆեանի կողմէ (իրն է խորագիրի «Նոր Ծնունդ» տարազը)։ 1950 թուականի շուրջ հազիւ պիտի գան նորի, որոնումի ճաշակ ունեցող այլ անուններ՝ Զ. Խրախունի, Զահրատ, Վ. Օշական, Պ. Սեւակ, տարբեր յատկանիշներով։
Այլազան պիտի ըլլան «նոր»ի որոնումի թեմաները եւս, նոյնիսկ եթէ բոլորը պիտի տարբերին աւանդապահերու մշակած մարզերէն եւ հասարակաց գիծեր ունենան իրարու միջեւ։ Իրենց բերած առօրեան եւ աշխարհը աւելի իրական են, իրենց աւելի մօտ։ Նոր աշխարհ մըն է անիկա, նկարուած՝ նոր գիծերով ու նոր, ճշգրիտ, նկարագեղ գոյներով։ Մարդկային ու ազգային իրենց կացութեան եւս՝ անոնք ունին մօտեցման նոր, սեփական ձեւեր, որոնց համար կը փնտռեն ուրոյն լեզու, արտայայտութեան եղանակ։
1960 թուականէն ետք, այս գիծը պիտի մշակուի առաւել թափով, թէ՛ նոյն անուններէն ոմանց, եւ թէ՛ նորերու կողմէ։
Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Յարութիւն Քիւրքճեան, երկրորդական բաժին Ա. տարի, էջ 234: