Jump to content

Նոր Մալաթիա (թերթ)

Նոր Մալաթիա
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է 1939
Հիմնադիր Մալաթիայի Կրթասիրաց Ընկերութիւն

«Նոր Մալաթիա», տեղեկատու պարբերաթերթ։ Մալաթիոյ կրթասիրաց ընկերութեան հրատարակութիւն[1]։

Լոյս կը տեսնէ 1939 թուականէն՝ յաջորդաբար՝ Նիւ Եորքի, Ֆիլատելֆիոյ, Փութաքեթի, 1975 թուականէն՝ Ուստրի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Վարդանուշ Փապուճեան, Յակոբ Ուրլեան, Տոնապետ Տոնապետեան, Պետրոս Զօպեան, Ոսկան Յովհաննէսեան։

Կը լուսաբանէ ընկերութեան եւ անորմասնաճիւղերու աշխատանքները, կը տպագրէ մալաթիացիներու կենցաղին ու սովորոյթներուն վերաբերող նիւթեր։ Ունի անգլերէն բաժին (1978 թուականէն)։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Նոր Մալաթիա», ապրիլ 1943 թվական

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]