Jump to content

Պետրոս Զօպեան

Պետրոս Զօպեան ( 1923, Օրթագիւղ - 2004, Թորոնթօ), պոլսահայ Ճարտարապետ եւ գրող։

Պետրոս Զօպեան
Ծնած է 1923-ին
Ծննդավայր Օրթագիւղ, Իսթանպուլ
Մահացած է 2004-ին
Քաղաքացիութիւն Քանատա
Ազգութիւն Հայ
Կրօնք Հայ Առաքելական եկեղեցի
Մասնագիտութիւն ճարտարապետութիւն,
Աշխատավայր ճարտարապետ, «Նոր Մարմարա» օրաթերթի վարչութիւն

Պետրոս Զօպեան 1923-ին ծնած է Օրթագիւղ, ուր ալ ստացած է իր նախնական կրթութիւնը, թաղի Ս. Թարգմանչաց վարժարանին մէջ։ Ապա աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը։ Բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Իսթանպուլի թեքնիքական համալսարանի ճարտարապետութեան բաժնէն։ 1950-ին, երբ մահացած է իր աները՝ «Նոր Մարմարա» օրաթերթի արտօնատէր եւ խմբագրապետ Սուրէն Շամլեան, ստանձնած է թերթին վարչութիւնը։ Մինչեւ 1967-ին Քանատա գաղթը, շարունակած է այս պաշտօնը, միաժամանակ ի գործ դնելով իր բուն մասնագիտութինը՝ ճարտարապետութիւնը։

Մայիս 1964-ին Պոլիս ծանօթացած է Ուիլիըմ Սարոյեանին, որ Պիթլիսէն Ամերիկա գաղթած ընտանիքի մը զաւակն էր։ Սարոյեանին ուղեկցած է դէպի Պիթլիս իր ուղեւորութեան ընթացքին։ «Արաս» հրատարակած է Զօպեանի «Դէպի Պիթլիս Ուիլիըմ Սարոյեանի հետ» հատորը, ուր ան պատմած է այս ուղեւորութեան մասին[1]։

Եղած է 1958-ին ապասեփականացուած Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ փոքր մէկ տարածքին վրայ կառուցուած համանուն եկեղեցւոյ ճարտարապետը։ Քանատա բնակութեան տարիներուն շարունակած է աշխատակցիլ «Նոր Մարմարա»ին եւ սփիւռքահայ մամուլին[2]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Դէպի Պիթլիս Ուիլիըմ Սարոյեանի Հետ - Aras Yayıncılık»։ Դէպի Պիթլիս Ուիլիըմ Սարոյեանի Հետ - Aras Yayıncılık։ արտագրուած է՝ 2023-02-26 
  2. «Պետրոս Զօպեան - Aras Yayıncılık»։ Պետրոս Զօպեան - Aras Yayıncılık։ արտագրուած է՝ 2023-02-26