Նշան Հազարապետեան
Նշան Հազարապետեան |
---|
Նշան Հազարպետեան՝ հօրեղբորդին Մկրտիչ Հազարապետեանի (Ծնած Տարանտա 1875-ին): Պէյրութ հաստատուած է 1900-ին։ Եղած է կտաւեղէնի ծանօթ վաճառական։ Իր հօրեղբորորդիին հետ կը գործէր Օսմանեան կայսրութեան բոլոր գաւառներուն, ինչպէս նաեւ Անգլիոյ, Իտալիոյ եւ Ռուսիոյ հետ։ Մկրտիչ Հազարապետեանի նման ինք ալ երկար տարիներ զոհաբերութեամբ մասնակցած է պէյրութահայ ազգային գործերուն։ Եղած է Ս. Նշան վարժարանի հոգաբարձու։ Մահացած է Պէյրութ, 1934-ին։ Ունի 4 աղջիկ եւ մանչ մը, Մեթր Մելքոն Հազարապետեան՝ շրջանաւարտ է ֆրանսական Համալսարանի իրաւաբանական ճիւղէն։ Աղջիկ զաւակներն են՝ Թագուհի, Ովսաննա, Արաքսի եւ Սիրարփի:
Նշան Հազարապետեան մաս կազմած է Ազգային Վարչութեան. նշանակուած է Սահակ Բ. Կաթողիկոսի կողմէ:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մինաս Թէօլէօլեան, Դար մը գրականութիւն, հ. Ա. (Բ. հրատարակութիւն), Հալէպ։