Մկրտիչ Հազարապետեան
Մկրտիչ Հազարապետեան | |
---|---|
Ծնած է | 1863 |
Ծննդավայր | Պէյրութ |
Մահացած է | 1919 Մարտ 9 |
Քաղաքացիութիւն | Լիբանանցի |
Ազգութիւն | Հայ |
Կրօնք | Քրիստոնեայ |
Մասնագիտութիւն | Գրագէտ |
Երեխաներ |
Գարեգին Հայկ Նուպար Սրբուհի Նազենիկ Քայանէ |
Մկրտիչ Հազարապետեան Բնիկ Տարանտացի, ծնած 1863-ին։ Փոքր տարիքէն ընկերացած իր հօր՝ Ճաֆէր Հազարապետեանի, Պէյրությ մէջ աոեւտրական զբաղելու։ 1893-ին վերջնականապէս հասաատոսած հոս։
Գրած է փայլուն քիրք մը մեծ ու ծանօթ վաճառականներու շարքին։ Եղած է հայ հասարակութեան ներկայացուցիչը Պէյրութի Մաքսային Տնօրէնութեան մօտ։ Ճշմարիտ ազգասէր մը, Մկրտիչ Հազարապետեան մօտէն հետաքրքրուած է պէյրութահայ ազգային կեանքով։ Կարգ մը այլ ազզայիններու հետ 1904-ին հիմ՚նած է Պէյրութի առաջին հայ նախակրթարանը Երուսաղէմի Սբ. Յակոբայ վանքին օժանդակութեամբ։ Որ֊պէս ազգային գործերը սիրայօժար գործադրող անհատ, պարաաճանաչօրէն աշխատած է իր ամէն կարէլի միջոցներով։ Փախստականնեւր, հայ քաղաքական հալածեալներ, բարձրաստիճան կղերակաեր եւ ազգայիններ միշտ բաց գտած են իր տան դուռը, օգտուելով անոր բարեացակամութենէն։ Այդ ժամանակ Պէյրութ Օսմ. Կայսրութեան հայերու համար ապահո֊վագոյն դուռը նկատուելով՝ բազմաթիւ հայեր Պէյրութի վրայով կր փախէիին արտասահման։ Ահա ասոնց գործը դիւրացնողներէն մին եղած է Մկրտիչ Հազարապետեան։ 1914-15-ին երբ Երուսաղէմի վանքին Պէյրութի տեսուչները աքսորուեցան եւ նոր վարդապետներ բերել տալ հնարաւոր չեղաւ, Մկրտիչ Հազարապետեան Ճէմալ Փաշայի հրահանգով նշանակուած է Առաքելական հայերու Ազգապետ, այս դժուարին ու փափուկ գործը ձեռնհասօրէն վարելով։ Մեռաւ Պէյրութ 1919 Մարտ 9-ին։ Զաւակներն են.- Գարեգին, Հայկ, Նուպար, Սրբուհի, Նազենիկ եւ Քայանէ։ Առաջին մանչ զաւակը առեւտրական, երկրորդը Օրոզտիպաքի մէջ գլխաւոր հաշուակալ, իսկ երրորդր մաթեմաթիքի ուսուցիչ ֆրանսական վարժարաններու մէջ[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։