Jump to content

Նշանի Լեզուն

Նշանի Լեզու, վատ լսողութիւն ունեցողներու կամ խուլ մարդոց ուրիշներու հետ կապ հաստատելու համար տեսողական նշաններ:

Երկար տարիներ հաշմանդամներու դէմ անմարդկային վերաբերմունք ունենալէ ետք, մարդկային ընկերութիւնը կը սկսի հասկնալ, որ անոնք եւս մէկ անդամն ու մասնիկն են ընկերութեան եւ հետեւաբար ունին իրենց իրաւունքներն ու կարիքները:

Անցեալին մարդ արարածը չէր ըմբռներ, որ կարելի է կրթել նաեւ խուլը, կոյրն ու համրը՝ իւրաքանչիւրը իր պէտքերուն եւ պայմաններուն համեմատ: Նման հաշմանդամութիւն ունեցող անձերը ընկերութեան մէջ ներգրաւելու ամէնէն առողջ եւ հիմնական ձեւը զանոնք կրթելն էր:

Մարդիկ կը կարծեն, թէ միայն համրերը կը գործածեն նշաններու լեզուն, սակայն մեծ է թիւը նաեւ խուլերուն, որովհետեւ ի ծնէ կոյր մը ինչպէս որ չի կրնար ծաղիկին ինչ ըլլալը ճշգրիտ ձեւով ուրուագծել իր մտապատկերին մէջ, նոյնպէս ալ խուլը չի կրնար ճանչնալ բառերը. կրնայ տեսնել բերնի շարժումը, սակայն չի կրնար լսել անոր հնչիւնը[1]:

Նշանի հարիւրաւոր լեզուներ կան: Հոն, ուր կան խուլերու համայնքներ`կարելի է նկատել, որ անոնք իրարու հետ կը հաղորդակցին իւրայատուկ բառապաշարով եւ քերականութեամբ: Նոյնիսկ մէկ երկիրի մէջ կարելի է հանդիպիլ տարածաշրջանային այլ տարբերակներու եւ բարբառներու, ինչպէս որեւէ խօսակցական լեզուի պարագային: Տարբեր տարածաշրջաններու մէջ անպայմանօրէն կան մարդիկ, որոնք տարբեր ձեւով կը հաղորդեն նոյն հասկացութիւնը:

«Կեանքը գեղեցիկ է, ուրախ եղէ՛ք եւ սիրեցէ՛ք զիրար», Չեխ քանդակագործ Սուսաննա Չիզքովայի գործը

Այն երկիրները, որոնք ունին նոյն խօսակցական լեզուն, պայման չէ, որ ունենան նոյն նշանի լեզուն: Ամերիկեան նշանի լեզուն (ASL) եւ բրիտանական նշանի լեզուն (BSL) զարգացած են իրարմէ անկախ, ուստի ամերիկացի խուլին համար շատ դժուար կամ նոյնիսկ անկարելի կը դառնայ անգլիացի խուլի հետ յարաբերիլը: Այնուամենայնիւ, ASL-ի նշաններուն մեծ մասը որդեգրուած է ֆրանսական նշանի լեզուէն (LSF): Այսպիսով, Ֆրանսայի մէջ ASL խօսողը կրնայ գրեթէ լիովին յարաբերիլ այնտեղի խուլերուն հետ, թէեւ երկիրներու խօսակցական լեզուները բոլորովին տարբեր են:

Խօսակցական լեզուներու միջեւ ուղղակի կապ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նշանի լեզուներու եւ խօսակցական լեզուներու միջեւ ուղղակի կապ չկայ. թէեւ կարելի է նշանի լեզուն թարգմանել խօսակցական լեզուի, ինչպիսին է անգլերէնը (եւ հակառակը), սակայն նման մեկնաբանութիւն բառացի թարգմանութիւն չի կրնար ըլլալ:

Նշաններու լեզուով խօսողներուն մեծ մասը լեզուն գիրքերէ եւ պատկերներէ սորվելու դժուարութիւն կը գտնէ: Անոնց համար որոշ հասկացութիւն մը ըսելու կամ յայտնելու ձեւը աւելի հասկնալի է`քան նշանը ինքնին: Նկարները չեն կրնար հիմնաւորել յստակ հաղորդակցութեան մէջ մտնելու այն նրբութիւնները, որոնք կը բնորոշեն նշանի լեզուն, եւ երբեմն դժուար կ'ըլլայ փոխանցել որոշ նշաններու պահանջուող շարժումները` առանց տեսերիզի կամ անհատական ցուցադրման:

Տարիներ առաջ գտնուած սպաներէն ձեռագիր գրութեան մը մէջ, Հայր Պօնէ անունով հոգեւորական մը կը բացատրէ, թէ ինչպէ՞ս կարելի է կրթել խուլերն ու համրերը եւ ընկերութիւնը զանոնք օտարելու տեղ կը սկսի սիրաշահելու ձեւեր որդեգրել:

Խուլերն ու համրերը դաստիարակելու առաջին փորձերը կը կատարուին ԺԷ. դարուն՝ Միշել անունով եկեղեցականի մը կողմէ, որ ժամանակ կը տրամադրէ ստեղծելու նշաններու այբբենարան մը, որմով հնարաւոր պիտի ըլլար նախադասութիւն կազմել եւ միտքերը հասկնցել. ԺԷ. դարուն կը սկսի զարգանալ, սակայն պատմական տուեալներ կը յայտնեն, թէ հազարամեակներ առաջ կոյրեր ունեցած են իրարու հետ հաղորդակցելու լեզու մը: Այս իրողութեան լաւագոյն փաստ կը ներկայանայ Փիլիսոփայ Սոկրատեսի հետեւեալ խօսքը.

Եթէ ձայն կամ լեզու չունենայինք եւ ուզէինք արտայայտուիլ, միթէ չէի՞նք փորձեր մեր ձեռքերը շարժելով նշաններ ընել, շարժել գլխու եւ մարմինի մնացած մասերը՝ ինչպէս հիմա կ'ընեն համր մարդիկ:


Վստահաբար Սոկրատեսի յիշած շարժումներու լեզուն եւ ներկայինը կը տարբերին իրարմէ, որովհետեւ մարդ արարած շատ ուշ կ'անդրադառնայ, որ կարելի է զարգացնել եւ օրինականացնել այդ լեզուն:

Նշանի լեզուի ծագումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ASL-ի մէջ օգտագործուող կարգ մը նշաններու ծագումը ֆրանսերէն նշանի լեզուէն կու գայ[2]:

1800-ականներու սկիզբը, Թոմաս Հոփքինս Կալոտէ անունով խուլերու միջնորդ մը Ամերիկայէն Եւրոպա կը մեկնի` սորվելու համար լեզուի ուսուցման թեքնիքը: Անգլիոյ մէջ ան կը հանդիպի Ռոք-Ամպրուազ Քուքուրոնին եւ Ապէ Սիքարտին` Փարիզի խուլերու դպրոցի մը տնօրէնին: Կալոտէ Ապէ Սիքարտէ կը սորվի ուսուցման մեթոտներ եւ քանի մը նշաններ, զորս պէտք է օգտագործել խուլերու եւ լսողութեան խնդիրներ ունեցողներուն հետ: Կալոտէ կը համոզէ Լորան Քլերքը (Սիքարտի աշակերտներէն մէկը), որ ան օգնութիւն ցուցաբերէ Ամերիկայի մէջ խուլերու յատուկ դպրոց հիմնելու:

Կալոտէ եւ Քլերք կը հիմնեն Խուլերու ամերիկեան դպրոցը «Էյ Էս Տի» (ASD) 1817-ին Հարթֆորտի մէջ, Քընեքթիքթ: Դպրոցը կը համակէ «Էլ Էս Էֆ»ի (LSF) նշանները Ամերիկայի մէջ խուլ համայնքներու կողմէ օգտագործուող ձեւերուն հետ` ստեղծելու համար օրինաչափական նոր լեզու մը: Ժամանակի ընթացքին այս լեզուն կը վերածուի «Էյ Էս Էլ»ի (ASL), որ ներկայիս կը նկատուի աշխարհի նշանի լեզուներու ամէնէն համապարփակներէն: Այսօր «Էյ Էս Տի» համալսարանը կ'ընդգրկէ միջնակարգ, կրտսեր աւագ եւ աւագ դպրոցներ:

Թոմաս Կալոտէի որդին` Էտուարտը, Ուաշինկթընի մէջ կը հիմնէ Կալոտէ համալսարանը: Կալոտէն խուլ եւ լսողութեան դժուարութիւն ունեցող ուսանողներու առաջին քոլէճն էր: Համալսարանը ունի տասնեակ մասնագիտութիւններու վկայականական ծրագիրներ աւելի քան 1500 ուսանողներու համար: Թէեւ ուսանողներու մեծ մասը խուլ կամ լսողութեան դժուարութիւն ունեցող մարդիկ են, բայց եւ այնպէս դասարաններու մինչեւ հինգ առ հարիւրը կրնայ բաղկացած ըլլալ լսողութեան հարցեր չունեցող ուսանողներէ: «Էյ Էս Էլ»ը համալսարանի պաշտօնական լեզուն է, հակառակ անոր որ խուլ համայնքներուն միջեւ հակասութիւններ կան համալսարանի անձնակազմի եւ դասախօսներու «Էյ Էս Էլ» լեզուի հմտութիւններու մակարդակին շուրջ:

«Էյ Էս Էլ»ի ուսանողները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Էյ Էս Էլ»ի (ASL) ուսանողները պէտք չունին թեքսթեր կարդալու կամ լսելու հմտութիւնները սորվելու` ատակ դառնալու համար: «Էյ Էս Էլ»ը (ASL) ունի իր քերականութիւնը, հնչիւնաբանութիւնը (խօսակցական լեզուներուն մէջ հնչիւնաբանութիւնը հնչիւններու ուսումնասիրութիւնն է, նշանի լեզուին մէջ` ձեռքի հիմնական ազդանշաններու եւ շարժումներու, որոնք կ'ապահովեն բոլոր նշաններու հիմքը), շարահիւսութիւնը եւ ձեւաբանութիւնը (morphology) (խօսակցական եւ գրաւոր լեզուներուն մէջ, ձեւաբանութիւնը կ'ուսումնասիրէ բառերու ձեւաւորումը հիմնական հնչիւններէն եւ բառերէն, իսկ նշանի լեզուին մէջ` հասկացութիւնները ձեռքի ազդանշաններով ու շարժումներով ներկայացնելու ձեւն է)[3]:

«Էյ Էս Էլ»ը (ASL) կարելի է մեկնաբանել որեւէ այլ լեզուով: Այդ սովորաբար չէ գրուած, հակառակ անոր որ կայ համակարգ մը, որ կը կոչուի SignWriting, որ նախատեսուած է «Էյ Էս Էլ» (ASL) լեզուով խօսողներուն թոյլ տալու գրաւոր ձեւաչափով փոխանցել նշանները եւ դէմքի արտայայտութիւնները` առանց իրենց միտքերը այլ լեզուի թարգմանելու: Անգլերէն կարդալ սորվիլը կրնայ դժուար ըլլալ որոշ խուլ մարդոց համար, որովհետեւ «Էյ Էս Էլ»ը (ASL) եւ անգլերէնը նոյն ձեւով չեն կառուցուած: Անգլերէնը կ'օգտագործէ բարդ կանոններ, որոնք կիրարկելի չեն «Էյ Էս Էլ»ի (ASL) պարագային: Լեզուն չլսելը նոյնպէս կրնայ մեծ դժուարութիւն հանդիսանալ կարդալ սորվիլ փափաքողներուն համար:

Նշանի լեզուի Այբուբենը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Էյ Էս Էլ»ի Այբուբենը

Ամերիկեան նշանի լեզուն տեսողական լեզու է: Ան կը ներառէ նշաններ, դէմքի արտայայտութիւններ, գլխու շարժումներ, մարմինի լեզու եւ նոյնիսկ խօսողին շուրջ գոյացած տարածութիւնը: Ձեռքի նշանները լեզուին հիմքը կը կազմեն: Շատ նշաններ խորհրդանշական են, այսինքն նշանին մէջ կ'օգտագործուի տեսողական պատկեր մը, որ կը ներկայացնէ ըսել ուզուածը: Օրինակ, «Էյ Էս Էլ»ի մէջ «եղնիկ» բառը նշելու համար ձեռքերը պէտք է բարձրացնել գլխու երկու կողմերը, մատները տարածել` եղջիւրները ներկայացնելու համար: Գործողութիւնները յաճախ կ'արտայայտուին ձեռքի ազդանշաններու միջոցով, որոնք կ'ընդօրինակեն հաղորդուող գործողութիւնը:

Այբուբենը նշաններու կարեւոր շարք է: Տառերու որոշ ձեռքի նշաններ նման են համապատասխան տառի գրաւոր ձեւին: Մատներով ուղղագրութիւնը օգտակար է անուններ փոխանցելու կամ մէկէ մը բան մը խնդրելու համար: «Էյ Էս Էլ»ը կ'օգտագործէ մէկ ձեռքով ազդանշաններ այբուբենի իւրաքանչիւր տառին համար (որոշ այլ նշանի լեզուներ կ'օգտագործեն երկու ձեռքերը որոշ տառերու համար): Շատերը մատով ուղղագրութիւնը կը նկատեն ամէնէն դժուար խոչընդոտը, երբ կը սորվին նշանի լեզուն, որովհետեւ հմուտ հաղորդողները շատ արագ կերպով իրենց մատները կը շարժեն:

Լեզուաբանություն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեզուաբանական տեսանկիւնէն, նշանի լեզուն այնքան հարուստ ու բարդ է, քան որեւէ խօսակցական լեզու, հակառակ այն թիւրըմբռնման, թէ անոնք «իրական լեզուներ» չեն։ Փորձառու լեզուաբանները սորված են քանի մը նշանի լեզու եւ բացայայտած են, որ անոնք ցոյց կու տան բոլոր լեզուներուն մէջ առկայ հիմնական յատկութիւններ[4]։

Այսօր, լեզուաբանները կ'ուսումնասիրեն նշաններու լեզուն, ինչպէս իրական լեզուներ՝ իբրեւ լեզուաբանութեան կարեւոր մաս։

Գրեթէ որեւէ նշան թեքումներով կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ: Յօնքերը պռստելը, գլուխը թեքելը, այտերը փչելը կամ մարմինը շարժելը` ասոնք բոլորն ալ քանի մը ձեւեր են, որոնք կրնան ըսուածին իմաստը փոխել: Որեւէ թեքում, որ չ'ընդգրկեր ձեռքերը, կը կոչուի ոչ ձեռային նշան: «Էյ Էս Էլ»ի հմուտ խօսող մը կրնայ շատ տեղեկութիւն փոխանցել միայն քանի մը շարժումի միջոցով՝ զուգորդուած ոչ ձեռային նշաններով:

Նշանները, յատկապէս գործողութեան նշանները փոփոխելու այլ միջոց են նշելու արագութիւնը կամ նշանը ուղղորդելը:

Նշանի լեզուի բառեր եւ քերականութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Էյ Էս Էլ» լեզուի պարագային նախադասութիւններու մէջ կ'օգտագործուի թեմայի մեկնաբանութեան կառուցուածքը (topic comment structure): «Էյ Էս Էլ» լեզուի նախադասութեան «թեմա»ն նման է անգլերէնի նախադասութեան «ենթակայ»ին: Նախադասութեան առարկան իբրեւ թեմա օգտագործելը կը կոչուի թեմականացում: Յաճախ «Էյ Էս Էլ» նախադասութեան «թեմա»ն դերանուն մըն է, օրինակ` ես, դուն, ինք կամ ան: «Էյ Էս Էլ» խօսողը կրնայ նշել ենթակայական դերանունը նախադասութեան սկիզբը, վերջաւորութեան կամ երկուքը միատեղ: Օրինակ, եթէ ըսել ուզէ «Ես պաշտօնեայ եմ» «Էյ Էս Էլ»ով, կրնայ նշել «Ես պաշտօնեայ», «Պաշտօնեայ ես» կամ «Ես պաշտօնեայ ես»: Երեքն ալ քերականականօրէն ճիշդ են «Էյ Էս Էլ»ի մէջ:

«Էյ Էս Էլ» նախադասութեան մեկնաբանութիւններու բաժինը նման է անգլերէն նախադասութեան ստորոգիչին. այն ինչ որ բան մը դիտել կու տայ թեմայի վերաբերեալ: Հոն կարելի է հանդիպիլ քերականական երրորդ տարրի մը, որ աւելցուած է «Էյ Էս Էլ» նախադասութեան կառուցուածքին` ցոյց տալու համար անոր ժամանակը: Կախուած անկէ, թէ ինչի՛ մասին կը փորձուի հաղորդակցիլ եւ ի՛նչ ոճով վարժ է ստացողը տեսնել, կարելի է փոխել նշաններու հերթականութիւնը` յստակ դարձնելու համար: «Էյ Էս Էլ»ի քերականութիւնը խիստ չէ, երբ խօսքը կը վերաբերի նախադասութեան ժամանակի, թեմայի եւ մեկնաբանութիւններու բաժիններու նշման: Նախադասութեան աւարտին նախադասութեան ժամանակը արտայայտելը կրնայ շփոթ յառաջացնել. խօսողներէն շատերը կը խուսափին անկէ:

Շարք մը իրադարձութիւններու մասին խօսելու համար «Էյ Էս Էլ» խօսողները կրնան օգտագործել տեղւոյն տարածութիւնը` նշելու համար նախադասութեան ժամանակը: Մարմինին մօտ գտնուող նշանները ցոյց կու տան իրադարձութիւններ, որոնք տեղի ունեցած են վերջերս կամ տեղի կ'ունենան շուտով, մինչդեռ աւելի հեռու գտնուող նշանները ցոյց կու տան իրադարձութիւններ, որոնք տեղի ունեցած են շատոնց`հեռու անցեալին կամ հետագային:

Որոշ «Էյ Էս Էլ» խօսողներ իրենց խօսքին մէջ կը ներառեն նշաններ, որոնք այլ նշանի լեզուներէ են: Այլ «Էյ Էս Էլ» խօսողներ կը փորձեն խուսափիլ նման նշաններ օգտագործելէ` կարծելով, թէ այդ մէկը կը թուլացնէ լեզուն: Դոկտոր Վիքըրս կը նկարագրէ «Էյ Էս Էլ»ի ուսուցման երկու մօտեցում` յանձնարարական եւ նկարագրական մօտեցում: Այն ուսուցիչը, որ կը թելադրէ իր ուսանողներուն չօգտագործել որոշակի նշան մը, ան յանձնարարական խումբին կը պատկանի. ան կը դասաւանդէ «Էյ Էս Էլ»` ըստ իր համոզմունքին, որ լեզուն պէտք է մաքուր մնայ առանց այլ լեզուներու ազդեցութեան: Այն ուսուցիչը, որ ցոյց կու տայ իր ուսանողներուն խուլերու համայնքներու մէջ ներկայիս օգտագործուող նշանները, անկախ անկէ` թէ անոնք մաքուր «Էյ Էս Էլ» բառապաշարի եւ քերականութեան մաս են, թէ ոչ, կ'օգտագործէ նկարագրական մօտեցումը[5]:

Մանկական նշանի լեզու

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թէեւ նշաններու լեզուն հիմնականին մէջ կ'օգտագործուի իբրեւ հաղորդակցութեան միջոց լսողութեան հարցեր ունեցող կամ խուլ մարդոց հետ եւ իրենց միջեւ, բայց եւ այնպէս կան նաեւ անոր այլ կիրարկումներ: Վերջերս ծնողներն ու ուսուցիչները կ'օգտագործեն նշանի լեզուն` իբրեւ միջոց` պզտիկ, տակաւին չխօսկան մանուկներու լեզուական հմտութիւններ սորվեցնելու համար: Որոշ ծնողներ նոյնիսկ կը սկսին սորվեցնել նշանի լեզուն, երբ իրենց զաւակները տակաւին երեխաներ են:

Ծնողները կրնան նաեւ նշաններ սորվեցնել իրենց երեխաներուն` հիմնուելով երեխան հետաքրքրող բաներու վրայ:

Որոշ մարդիկ կը մտահոգուին, որ նորածիններուն նշանի լեզու սորվեցնելը կը խանգարէ խօսիլ սորվելու անոնց ունակութիւնը: Փորձագէտներ, ինչպիսիք են Քալիֆորնիոյ պետական համալսարանի դոկտորներ Սիւզան Վ. Կուտուին եւ Լինտա Բ. Ագրետոլօ, լայնածաւալ ուսումնասիրութիւններ կատարած են`պարզելու նշանի լեզուի ուսուցման ազդեցութիւնը խօսքի զարգացման վրայ: Անոնք գտած են, որ այն երեխաները, որոնք սորված են նշանի լեզուն, զարգացուցած են աւելի յառաջացեալ լեզուական հմտութիւններ եւ ներգրաւուած են աւելի բարդ ընկերային փոխազդեցութիւններու մէջ, քան այն երեխաները, որոնք սորված են հաղորդակցիլ միայն խօսքի միջոցով: Մասնագէտները խորհուրդ կու տան ծնողներուն նշաններով խօսիլ իրենց երեխաներուն հետ, որպէսզի երեխան հասկնայ, որ ե՛ւ նշանը, ե՛ւ ըսուած բառերը կը ներկայացնեն նոյն հասկացութիւնը[6]:

Խուլերու եւ համրերու շարժումներով խօսելու տարբերակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Խուլերու եւ համրերու շարժումներով խօսիլը մէկ տարբերակ չունի. մարդիկ յաճախ կը կարծեն, թէ հայ շարժումներով խօսող մը դիւրութեամբ կրնայ հաղորդակցութեան մէջ մտնել օտար շարժումներով խօսող անհատի մը հետ, սակայն իրականութեան մէջ այնպէս ինչպէս լեզուները, նոյնպէս ալ նշաններու լեզուն ունի իր գոյնը եւ մինչեւ իսկ գոյութիւն ունի հայերէն նշաններու լեզու՝ որ յատուկ է հայերուն։ Տեղեկութիւններու համաձայն, աշխարհի վրայ այսօր գոյութիւն ունի աւելի քան 300 նշաններու լեզու:

1954-1956 թուականներուն Երեւանի Հայպետհրատ հրատարակչական ընկերութիւնը Ա. Պլուզեանի, Ա. Ղազարեանի եւ Ա. Սարդարեանի աշխատութեամբ, կը հրատարակէ կոյրերու յատուկ դասագիրք՝ առաջին դասարանէն մինչեւ 8-9-րդ դասարաններ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]