Jump to content

Նաւարինոյի նաւամարտ

Նաւարինոյի նաւամարտ
Նաւամարտ Յունական յեղափոխութեան ընթացքին, 1827
Նաւարինոյի նաւամարտ
Թուական 20 Հոկտեմբեր 1827
Վայր Նաւարինօ (Բիլոս)
Հակառակորդներ
Դաշնակիցներ (Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա) Օսմանեան Կայսրութիւն եւ անոր դաշնակից Օսմանեան Եգիպտոս
Հրամանատարներ
Էտուարդ Քորդիկթոն

Անրի Տեռինյի Լուտվիկ Հայտըն

Իմրահիմ փաշա

Ամիր Թահիր փաշա Մոհարամ Պէյ Քաբիթան Պէկ

Կողմերու ուժեր
10 ռազմանաւ

10 երկյարկ մարտանաւ 4 մխոց 3 նաւակ

3 ռազմանաւ

17 երկյարկ մարտանաւ 30 միայարկ ռազմանաւ 28 մխոց 5 նաւակ 5/6 հրձիգներ

Կորուստներ
650 սպաննուա ծ կամ վիրաւոր 6 000 սպաննուած

60 նաւ

Նաւարինոյի նաւամարտ (յուն․՝ Ναυμαχία του Ναυαρίνου), ծովային ճակատամարտ. տեղի ունեցաւ 1827, Հոկտեմբեր 20-ին Յունական Ապստամբութեան (1821-1832) ընթացքին, Պելոպոնեսի արեւմտեան ափին, Նաւարինոյի ծոցին մէջ (Յոնեական ծով

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Նաւարինոյի ծոցին քարտէս․ նաւամարտին յատակագիծին ուրուագիծ

Լոնտոնի դաշինքով (1827), երեք մեծ ուժերը (Անգլիա, Ֆրանսա, Ռուսիա) Յունիսի վերջաւորութեան կը համաձայնին ստիպել Օսմանեան կայսրութեան յոյներուն ինքնավարութիւն շնորհել։ Անոնք, որպէսզի իրենց քաղաքականութիւնը ստիպեն, ինչպէս նաեւ բրիտանական առեւտուրին վնաս հասցնող ծովահէնութիւնը ընկճեն, Արեւելեան Միջերկրական նաւային ջոկատներ կը ղրկեն։

Էդուարդ Քոդրիկթոն (Sir Edward Codrington) յանձն կ՛առնէ Դաշնակիցներու նաւատորմի հրամանատարութիւնը․ ան 1826-ին բրիտանական նաւատորմի Միջերկրականի հրամանատար նշանակուած էր։ Անոր անմիջական օգնականներն են փոխ ծովակալներ Անրի Տեռինյի (Henri de Rigny) եւ Լուտվիկ վան Հէյտըն (Lodewijk van Heiden)։ Հրամանատարները, կը դատեն թէ չեն կրնար ձեռնունայն մնալ օսմանցիներուն բռնութիւններուն դիմաց։

Նաւամարտին ճակատագրական մէկ պահուն, ութ նաւերէ բաղկացած ռուսական նաւատորմին ծոց կը մտնէ։ Կէսօրէն ետք ժամը 5-ին, օսմանեան նաւատորմի նաւերը փճացած էին եւ կամ յանձնուած։ Օսմանցիներուն կորուստը 1 000 սպաննուած կամ վիրաւոր կը հաշուէ, իսկ դաշնակիցներունը՝ 654 (272 անգլիացի, 184 ֆրանսացի եւ 198 ռուս)։ Անրի Տեռինյի կը յայտնէ թէ «պատմութեան ընթացքին նաւատորմի նման մեծ կործանում չէ եղած»։ Օսմանցիները կ՛ընդունին իրենց պարտութիւնը եւ զինադադարը կը ստորագրուի Էդուարդ Քոդրիկթոնին դրօշանաւին վրայ։

Եւրոպայի հասարակութիւնը, որ տարիներ կը հետեւէր յոյներուն արիւնահեղութիւնն ու տուած պայքարը եւ մեծ պետութիւններու ղեկավարութեան անտարբերութիւնը, խանդավառութեամբ կը դիմաւորէ նաւամարտին արդիւնքը։

Իսկ Անգլիոյ (Մեծն Բրիտանիա) պահպանողական կառավարութիւնը (Ուելինկթոնի կառավարութիւն) կը միտի աջակցիլ օսմանցիներուն, որպէսզի կասեցնէ ռուսերուն հաւանական էջքը Միջերկրական։ Անգլիական թատրոնը կը հակազդէ պետութեան այդ կեցուածքը, ու թատերախաղերով կը պատուէ երեք դաշնակիցներուն յաղթանակը, Նոյեմբեր 1827-էն մինչեւ 1828-ի վերջերուն։

Նաւարինոյի նաւամարտ․ գործ Ճոն Թէոֆիլուս Լի (1787–1843)

Նաւարինոյի նաւամարտը պատմութեան վերջին կարեւոր նաւամարտն էր որ առագաստանաւերով եղաւ։ Ինչպէս նաեւ, պատերազմներու պատմութեան ընթացքին, երբեք չեն գտնուած այդքան մեծաքանակ թնդանօթակիր առագաստանաւեր հաւաքուած այդպիսի փոքր տարածութեան մէջ, ինչպէս Նաւարինոյի նաւամարտին ընթացքին։

Օսմանեան նաւատորմի քայքայումը կը փրկէ յունական ապստամբութիւնը։ Իսկ Ֆրանսա, Նափոլէոնի պարտութենէն ետք, կը վերահաստատէ իր դիրքը Եւրոպայի մեծ ուժերուն միջեւ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7] [8]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]