Jump to content

Յովհաննէս Հինդլեան

Յովհաննէս Հինդլեան
Ծնած է 1866[1]
Ծննդավայր Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 16 Մարտ 1955(1955-03-16)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
 Թուրքիա
Ազգութիւն Հայ[2]
Ուսումնավայր Պէրպէրեան Վարժարան
Մասնագիտութիւն հանրային գործիչ, ուսուցիչ

Յովհաննէս Հինդլեան (1866[1], Սկիւտար, Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 16 Մարտ 1955(1955-03-16), Պոլիս, Թուրքիա[3]), ՀՄԸՄ-ի հիմնադիր սերունդի այս ականաւոր գործիչը, մեծ աւանդ ունի քսաներորդ դարասկիզբին արեւմտահայութեան ապրած զարթօնքին մէջ, սերնդակերտումի եւ հայակերտումի իր առաքելութիւնը հունաւորելով ազատ մարդու եւ ազատագրեալ հայու մշակման տեսլականով։ Ծնածէ1866-ին, նախնական ուսումը ստացած է ներսէսեան վարժարանէն ապա Պէրէրեան վարժարանէն ։ Ըլլալով հմուտ դաստիարակ մը, կը դասաւանդէ զանազան վարժարաններու մէջ, որպէս մանկավարժ ։

Ինքն է որ Շաւարշ Քրիսեանի մարմնամարզ թերթին մէջ սկաուտութեան էութիւնը կը պարզէ եւ կ'ըլլայ անոր գաղափարախօսը։ 1913-ին դպրոցին մէջ կը կազմէ սկաուտական առաջին խումբը։ Հինդլեան արդարօրէն ուսուցչապետ հռչակուեցաւ իր ժամանակակիցներուն կողմէ եւ պատահական չէ որ ՀՄԸՄ-ի հիմնադրութեան գծով իր յառաջատար մասնակցութիւնը բերելով, Հինդլեանի ներդրումը մեծ եղաւ նորաստեղծ կազմակերպութիւնը <<Բարձրացիր Բարձրացուր>> նշանաբանով զինելու գործին մէջ։ Հ․Մ․Ը․Մ-ի հիմնադրութենէն ետք ան գլխաւոր զօրավիգը կը հանդիսանայ միութեան։ Նոր սերունդի հայակերտման հիմնադիր՝ Հինդլեան կը մահանայ16 Փետրուար 1950 թուականին։[4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]