Յովհաննէս Ամերիկեան
Ուիքիփետիայի՝ ազատ հանրագիտարանի կողմէն Ուշադրութի՛ւն, այս յօդուածը աղբիւրներու կարիք ունի։ |
Յովհաննէս Ամերիկեան (1 Մայիս 1843 - 5 Փետրուար 1879), կեղծանունը՝ Միհրդատ։ Ռուսահայ դերասան։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Ախալցխայի Ծինուբանի գիւղին մէջ 1843 Մայիս 1-ին։ Ներսէս Ե․ Կաթողիկոս պատահմամբ տեսնելով Ամերիկեանին, կը որդեգրէ եւ կ՛ընդունի՝ Ներսէսեան դպրոցի սան։ Այնտեղ նա կը ծանօթանայ գրականութեան ու գեղարուեստի հետ, սիրելով թատերական գործը կը միտդրէ՝ հայոց կեանքէն ներս, կանոնաւոր թատրոն հիմնել։ Մինչեւ այդ ժամանակները, շատ քիչ ներկայացումներ կը տրուէին եւ գործը տակաւին չէր կանոնաւորուած։ Ձգելով Ներսէսեան դպրոցը, ան առաջին անգամ Միհրդատ ողբերգութեան մէջ բեմ կը բարձրանայ՝ կատարելով Միհրդատի դերը ու այդ օրուընէ, անոր անունը Միհրդատ կը մնայ։
1860 թուականին խաղալով՝ «Դրաստամատ»ի ու «Արշակ Բ.»-ի դերերը, կը հռչակուի իբրեւ դերասան։ Այս յաջողութենէն ոգեւորուած, կը վճռէ ընդմիշտ նուիրուիլ բեմին։ Տփխիսի (Թիֆլիս) հասարակութեան՝ դէպի հայոց թատրոնն ունեցած անտարբերութիւնը, ստիպեց Ամերիկեանին հեռանալ Տփխիսէն, ուստի ան 1874-ին կ՛երթայ Փոթի, ուր հայերէն եւ վրացերէն լեզուներով կը ներկայացնէ ներկայացում մը եւ կ՛երթայ Կ․ Պոլիս։ Այնտեղ ալ կը սկսի խաղալ (Պէպօ, Արշակ Բ․ եւ այլն), սակայն յաջողութիւն չ՛ունենար ու թոքախտով հիւանդացած Տփխիս կը վերադառնայ։ Այստեղ, ան հիւանդ դրութեան մէջ կը շարունակէ իր սիրած գործը, սակայն չարքաշ հիւանդութիւնը մէկ կողմէն, նիւթականն վիճակը միւս կողմէն՝ կը խեղդեն նրան եւ Ամերիկեան, իբրեւ վերջին ապաւէն, դիմեց հայ խմբագրատուներուն, օգնութիւն խնդրեց ու ձեռնունայն ելլելով՝ 1879 թուականի Փետրուար 5-ին ատրճանակով ինքնասպան կ՛ըլլայ, Տփխիսի մէջ։
Ամերիկեան աշխատակցած է «Կռունկ»-ին եւ «Մշակ»ին, վերջինին շատ գեղեցիկ ու սրամիտ յօդուածներ տուած է «Զաքուճ» կեղծ ստորագրութեամբ։