Jump to content

Յարութիւն Փաշապեզեան

Յարութիւն Փաշապեզեան
Ծնած է 1872
Ծննդավայր Սիս, Քոզանի գավառ, Ատանայի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 12 Սեպտեմբեր 1922(1922-09-12)
Մահուան վայր Իզմիր, Իզմիրի մարզ, Թուրքիա
Մահուան պատճառ Հայոց ցեղասպանութիւն
Կրթութիւն Պէյ­րու­թի Սեն Ժո­զեֆ Ֆրան­ս­ա­կան հա­մալ­սա­րա­ն
Մասնագիտութիւն բժիշկ
Ծնողներ Կարապետ (կամ` Թորոս) Փաշապեզեան

Յարութիւն Կարապետ Փաշապեզեան (կամ՝ Թորոսի, 1872, Սիս, Գոզանի գաւառ, Ատանայի նահանգ- 12 Սեպտեմբեր 1922, Զմիւռնիա), հայ բժիշկ։

Ծնած է 1872 թուականին Ատանայի նահանգի, ԳԿոզանի գաւառի՝ Սիս քաղաքին մէջ։ Աւագ եղբայրը՝ Սարգիսը, եղած է բժիշկ եւ երիտասարդ տարիքին մահացած՝ հիւանդութենէ, կրտսերը՝ Միսաքը, եղած է դեղագործ։ Աւարտած է Սիսի ազգային վարժարանը։ 1907 թուականին աւարտած է Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ Ֆրանսական համալսարանի բժշկական բաժինը։ Վերադարձած է Սիս եւ կարճ ժամանակ աշխատած ներքին հիւանդութիւններու բժիշկ եւ մանկաբարձ։ Սիսի մէջ, Կիրակոս Պարիտեանի կինը՝ ծննդաբերութեան ժամանակ մեռնելուն պատճառով, մի քանի տարի եղած է դատական քաշքշուքներու մէջ։ Այդ պատճառով տեղափոխուած է Զմիւռնիա եւ կարճ ժամանակ անց դարձած է քաղաքի ճանաչուած բժիշկներէն մէկը։

1914-1918 թուականներուն՝ Առաջին աշխարհամարտի ժամանակ, զօրակոչուած է Օսմանեան բանակ եւ ծառայած է, որպէս զինուորական բժիշկ։ 1918 թուականին՝ պատերազմէն ետք, վերադարձած է Զմիւռնիա եւ աշխատած է զբաղած է բժշկութեամբ, իսկ որոշ ժամանակ՝ Ազգային հիւանդանոցի բժիշկ։ 1922 թուականի Սեպտեմբերի սկիզբը՝ Զմիւռ­նի­ոյ աղէ­տի ժամանակ, բազմաթիւ հայերու հետ գերի ընկած է թուրքերու ձեռքը եւ Սեպտեմբեր 12-ին յոյներու բարեկամ ըլլալու մեղադրանքով սպանուած է Քորտելիօ թաղամասին մէջ։

Կինը եւ զաւակները՝ 1945 թուականին, բնակութիւն հաստատած են Աթէնքի մէջ։

  • Քէլէշեան Միսաք, Սիս Մատեան, Պէյրութ, 1949։
  • Տէրենց Յ. (Տէր-Յակոբեան), Իզմիրի աղէտը եւ մեծ հրդեհին մանրամասնութիւնները, «Ազգ», Ե., 8.12.2007։

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։