Յարութիւն Պէրպէրեան
Յարութիւն Պէրպէրեան | |
---|---|
Ծնած է | 1951 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Յարութիւն Պէրպէրեան (1951, Հալէպ, Սուրիա), հայ բանաստեղծ, գրաքննադատ ու մանկավարժ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Հալէպ: Ուսումը ստացած է Պէյրութ (երկրորդական՝ Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճ, յաճախած է Հայկազեան համալսարան՝ մասնագիտանալով գլխաւորաբար անգլերէն լեզուի ու գրականութեան մէջ: Այնուհետեւ Քանատայի Գոնգորտիա համալսարանին մէջ հետեւած է մանկավարժութեան եւ Մք-Կիլ համալսարանէն ստացած է մանկավարժութեան Մագիստրոսի տիտղոսը: [1]։ Տասնամեակ մը վարած է Համազգայինի Կեդր. վարչութեան գործադիր քարտուղարի պաշտօնը, 1978-էն 1987-ի աւարտը մաս կազմած է «Բագին» ամսագրի խմբագրութեան: 1988-ին հաստատուած է Մոնթրէալ, Քանատա, ուր երեսուն տարի վարած է հայերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչի պաշտօնը Սբ. Յակոբ ազգային վարժարանին մէջ:
Գրած է կանուխէն, բանաստեղծութիւններ եւ գրական-վերլուծական փորձեր՝ գրական մամուլի մէջ (յատկապէս՝ «Բագին»ի):
- Քերթուածներու առաջին ժողովածուները եղան՝ «Կորիզ» եւ «Ոսպնեակ» (1979 եւ 1984):
- Շարունակուող արտադրութիւն կ'ունենայ (նոր ժողովածու մը՝ «Անցման Եղանակ», 1993-ին): Աւելի ուշ լոյս կը տեսնեն «Սահմաններ» (2007) եւ «Առաձգական» (2021) հատորները Հայաստանի մէջ: Կարգ մը բանաստեղծութիւններ թարգմանուած են գերմաներէնի եւ անգլերէնի: Գրած է բազմաթիւ ուսումնասիրութիւններ, յօդուածներ եւ գրախօսականներ: Երեւանի մէջ կայացած «Գրողների համահայկական 4-րդ համագումարին պարգեւատրուած է Հայաստանի գրողներու միութեան ոսկեայ մետալին, իսկ 2015-ին՝ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանին: նաեւ կ'ունենայ աշխատակցութիւն գրական մամուլին հետ։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ. «ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԿՍԱՅՐԻ ՍՈՒՐ Է. ԱՍՈՐ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՕՐԻՆԱԿԸ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԵՐՆ ԷԻՆ»»։ www.jamanak.com։ արտագրուած է՝ 2022-02-27
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Հայ Կեանք եւ Գրականութիւն, Երկրորդական Բաժին (Բ. եւ Գ. տարիներ), Յարութիւն Քիւրքճեան, էջ 210: